2017 Լուրերու Արխիւ
Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Ուսուցչական Կազմերու Միօրեայ Համագումար
Շաբաթ, 28 Հոկտեմբեր 2017-ին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Թեմիս Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վերահսկող Մարմինին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Թարգմանչաց տօնին եւ Հայ Մշակոյթի Ամսուան նուիրուած՝ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու ուսուցչական կազմերու միօրեայ սեմինարը։ Հոգեւորականաց դասու անդամներու կողքին, ներկայ էին Կիրակնօրեայ Դպրոցներու […]
Ուսուցիչներու Վերաորակաւորման Տարեկան Համագումար
Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Թեմիս Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը այս տարի եւս կազմակերպեց ուսուցիչներու վերաորակաւորման համագումար մը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 28 Հոկտեմբերին, Նորթրիճի համալսարանին մէջ, հիւրընկալութեամբ համալսարանի հայագիտական բաժանմունքին։ Օրուան վրայ երկարող համագումարին մասնակից եղան հայկական վարժարաններէ աւելի քան 400 ուսուցիչ։ Գլխաւոր բանախօսն էր Լոս Անճելըսի հանրային վարժարաններու համակարգի պատասխանատուներէն Վիվիան Էքճեան, իբրեւ դասախօս […]
Առաջնորդ Սրբազան Կը Մասնակցի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հովուապետական Այցելութեան Ս. Պատարագին եւ Պաշտօնական Արարողութեանց
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս հովուապետական այցելութեամբ կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը։ Ընդառաջելով Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հրաւէրին, այս շաբաթավերջին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, հոգեւորականներու ընկերակցութեամբ, մասնակցութիւն կը բերէ հայրապետական Ս. Պատարագին եւ պաշտօնական ճաշկերոյթին։ Հինգշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2017-ի կէսօրին, Նորին Սրբութիւնը նախագահեց «Արարատ […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» Կոմիտէութեան 60-Ամեակի Հանդիսութեան
Շաբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» կոմիտէութիւնը տօնեց իր հիմնադրութան 60-րդ տարեդարձը։ Կազմակերպուած էր պաշտօնական ընթրիքի երեկոյ մը, որուն ներկայ եղաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանի։ Ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու քաղաքական ներկայացուցիչ՝ Տիար Աւետիք Իզմիրլեան եւ անդամներ, […]
Որմազդի (Poster) մրցում
Հայախօսութիւնը խրախուսելու նպատակով, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Հայերէնի Վերաշխուժացման Մարմինը (ՀՎՄ), ընդարձակ քննարկումներէ եւ ուսումնասիրութիւններէ ետք, կազմած է մասնագիտական համապարփակ ծրագիր մը, որ ունի կարճ եւ երկար ժամկէտերով թիրախներ: Ծրագիրներուն շարքին, Մարմինը որոշած է կազմակերպել որմազդի (poster) մրցում մը, նպատակ ունենալով նոր սերունդը քաջալերել հայերէն խօսելու։ Մրցումին կրնան մասնակցիլ երկրորդական վարժարանի աշակերտներ եւ համալսարանի […]
Բացում Թիւֆէնքեան Գեղարուեստի Նոր Ցուցասրահին
Ուրբաթ, 20 Հոկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի մէջ տեղի ունեցաւ «Թիւֆէնքեան» գեղարուեստի ցուցասրահի նոր կեդրոնին բացման արարողութիւնը։ Ցուցասրահը կը գործէր աւելի քան 10 տարիէ ի վեր, այժմ ունի նոր կեդրոն մը եւս։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանի, ներկայ եղաւ բացման արարողութեան։ Ողջոյնի խօսք ուղղեց ցուցասրահին սեփականատէրը՝ […]
Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առիթով Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան Դասախօսութիւն-Ճաշկերոյթ
Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին ստեղծած բարի աաւանդութիւններէն մէկն ալ այն է, որ պարբերական ճաշկերոյթի հանդիպումները կը լիցքաւորուին նաեւ հոգեկան ու մշակութային սնունդով. ճաշի սեղաններու շուրջ բոլորուած՝ հիւր եւ հիւրընկալ կը վայելեն օգտակար դասախօսութիւններ ու մշակութային գեղեցիկ յայտագիրներով կ’ապրին վայելքի պահեր։ Այս ճշմարտութեան նորագոյն վկայութիւնը արձանագրուեցաւ Հինգշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2017-ին, երբ հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Պոլսահայ Երգչուհի Սիպիլի Այցելութիւնը
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2017-ի կէսօրին ընդունեց այցելութիւնը պոլսահայ ծանօթ երգչուհի Սիպիլի, ընկերակցութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան անդամներ Տիկնայք Լիւսի Չուխաճեանի եւ Վանիա Պապիկեանի. վերջինը նաեւ անդամ է Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին։ Նշենք, որ անուանի արուեստագիտուհին Լոս Անճելըս հրաւիրուած է «Համազգային»ի եւ Պոլսահայ Միութեան կողմէ, […]
Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեզւոյ 51-ամեակ եւ Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց Տօն
Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքը անցեալ Շաբաթ, 14 Հոկտեմբեր 2017-ին, հանդիսաւոր շուքով տօնախմբեց եկեղեցւոյ օծման 51-րդ տարեդարձը։ Այս առթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան ժամանեց Սան Ֆրանսիսքօ, հովանաւորելու համար տօնախմբութիւնը եւ Կիրակի, 15 Հոկտեմբերին Ս. Պատարագ մատուցելու եկեղեցւոյ մէջ։ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ Շաբաթ, 14 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ […]
Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց Տօնին Առիթով Երեկոյեան Ժամերգութիւն եւ Նախատօնակ
Տարիներու գեղեցիկ ու իմաստալից աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս Թարգմանչաց վարդապետաց տօնը յիշատակուեցաւ արժանավայել կերպով։ Նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներուն, Ուրբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակի արարողութիւն տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Թարգմանիչ Սուրբերուն նուիրուած շարականներու երգեցողութեամբ, ժողովուրդը հոգեպարար պահ մը ապրեցաւ: […]
Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ կը Ցուցադրուին Ամերիկահայ Արուեստագէտ Արթիւր Փինաճեանի Նկարչական Գործերը
Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ «Stephanie՚s Art Gallery»ի, Հինգշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2017-ին երեկոյեան ժամը 7-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ամերիկահայ անուանի արուեստագէտ Արթիւր Փինաճեանի իւղանկարներու, ջրաներկ գործերու եւ գեղանկարներուն ցուցահանդէս-վաճառքի բացումը։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին հանդիսութեան ներկայ էին հոգեւորականաց դասու անդամները, […]
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Օծման 51-ամեակին Առիթով Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Այցելէ Սան Ֆրանսիսքոյի Ծխական Համայնքին
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ Սան Ֆրանսիսքոյի ծխական համայնքին, հանդիսապետելու համար Ս.buy wellbutrin online https://blackmenheal.org/wp-content/languages/new/wellbutrin.html no prescription Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ օծման 51-ամեակի հանդիսութեան։ Կիրակի, 15 Հոկտեմբեր 2017-ին, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը՝ վեր առնելով Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց […]
«Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու» Կազմակերպութեան 2017-ի Համաժողով
«Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու» կազմակերպութիւնը իր ջատագովական առաքելութեամբ կը պաշտպանէ քրիստոնեաներուն մարդկային իրաւունքները եւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան պահպանման սատար կը հանդիսանայ։ Այս իմաստով, կազմակերպութիւնը 24-26 Հոկտեմբերին, Ուաշիկթընի մէջ համաժողով մը պիտի ունենայ՝ «Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւնը եւ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու ապագան» թեմայով, որուն ներկայ պիտի ըլլան քրիստոնեայ առաջնորդներ եւ աշխարհական պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ […]
Լոս Անճելըս Գաւառի Վերակացու Քէթրին Պարկըրի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2017-ին, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըս գաւառի վերակացու Քէթըրին Պարկըրի գլխաւոր ներկայացուցիչ Աննա Մուրատեանի ու աւագ տեղակալ Ճէրըտ Տէկօնիայի։ Հանդիպման ընթացքին, հիւր ներկայացուցիչները նկատել տուին, որ վերակացու Պարկըրի շրջանին մէջ հայկական համայնքը նկատառելի եւ կարեւոր մաս կը կազմէ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին հնարաւորինս […]
Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան Դասախօսութիւն-Ճաշկերոյթ
Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին, Հինգշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2017-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11։30-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ճաշկերոյթ-դասախօսութիւն մը՝ «Առաջին Երգարանս» իբրեւ Հայ երգի յարատեւման միջոցներէն մին թեմայով։ Պիտի դասախօսէ «UCLA»-ի «Herb Alpert» երաժշտական դպրոցի անդամ […]