2018 Լուրերու Արխիւ
Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Դոկտ. Ռուպինա Փիրումեանի «Իմ Հայրս» Հատորի Ողջունահանդէսին
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Շրջ. Վարչութեան եւ «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան, եւ կազմակերպութեամբ «Սարդարապատ» գրախանութին, Հինգշաբթի, 1 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Գարամանուկեան երիտասարդական կեդրոն»ի «Իսահակ եւ Ժանէթ Գազանճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ծանօթ մտաւորական ու Հայ Դատի սպասարկու Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանի «Իմ հայրս՝ այր քաջութեան եւ աննկունութեան, վերապրող մը ստալինեան գուլակէն» գիրքի ողջունահանդէսը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. […]
Միջ-Դպրոցական Ասմունքի Ե. Մրցումը՝ Մշակութային Նուաճում
Արեւմտեան մեր Թեմին մէջ գործող հայկական վարժարաններէ աշակերտներ, դաստիարակներ եւ ծնողներ Շաբաթ, 24 Փետրուար 2018-ին իւրայատուկ ժամադրութիւն մը ունէին Հայ Աւետ. Շ. եւ Է. Մերտինեան վարժարանի սրահին մէջ, միջ-դպրոցական ասմունքի տարեկան հինգերորդ մրցումին առիթով, որ սոսկական մրցումէ մը աւելի՝ եղաւ մեր գրաւոր մշակոյթի գանձերով ապրելու պահ մը, նուիրուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. […]
Առաջնորդ Սրբազանը Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին Մէջ Կատարեց Որմնանկարներու եւ Գրադարան-Թանգարանի Օրհնութիւնը – ՀՕՄ-ի Ննջեցեալներուն, Սումկայիթի Զոհերու եւ Արցախի Նահատակներուն Յիշատակին Հոգեհանգիստ
Մեծ Պահոց Գ.՝ Անառակի Կիրակիին, 25 Փետրուար 2018-ին, Մոնթեպելլոյի ծխական համայնքը ապրեցաւ տօնական մթնոլորտ մը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ ուղղեց իր հոգեւոր պատգամը։ Ս. Պատարագի աւարտին, Մայր Տաճարի վերանորոգման առթիւ, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց գոհաբանական աղօթք, ինչպէս նաեւ Տաճարի աջակողմեան ու ձախակողմեան որմնանկարներու օծումն […]
Ազգ. Ֆերահեան, Մ. Գապայեան եւ Ա. Փիլաւճեան Վարժարաններու Տարեկան Ճաշկերոյթը
Շաբաթ, 24 Փետրուար 2018-ին, Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան երկրորդական վարժարանի, Մարի Գապայեան նախակրթարանի եւ ՀՕՄ-ի Աշխէն Փիլաւճեան մանկամսուրի տարեկան ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Vertigo ճաշասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Այս տարի, Ուսումնական Մարմինը պատիւի արժանացուց վարժարանի նախկին աշխատակիցներէն՝ Տիկնայք Այտա Պաղտայեանը եւ Յասմիկ Բրուտեանը, իրենց աւելի քան […]
«Հայ Եկեղեցին Երէկ եւ Այսօր» Դասախօսութիւն Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ
Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգ.buy citalopram online https://rxbuywithoutprescriptionrxonline.com/citalopram.html no prescription Առաջնորդարանի Մշակութային-Դաստիարակչական Յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 15 Մարտ 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ դասախօսական երեկոյ՝ «Հայ Եկեղեցին Երէկ եւ Այսօր» թեմայով։ Պիտի դասախօսէ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. […]
Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Մեծ Պահոց Աւանդական Ճաշկերոյթ
Չորեքշաբթի, 21 Փետրուար 2018-ին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը ունեցաւ Մեծ Պահքի աւանդական ճաշկերոյթը՝ Կլենտէյլի «Legacy» ճաշասրահին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը իր կողքին ունէր Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, Արժ. Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ Հապէշեան, Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան ու Տ. […]
Լուսանկարիչ եւ Մշակոյթի Սպասարկու Ցոլակ Յովսէփեանի Ծննդեան 100-ամեակի Տօնախմբութիւն
Նախաձեռնութեամբ «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան, Ուրբաթ, 16 Փետրուար 2018-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թերթին բազմամեայ լուսանկարիչ, մշակոյթի սպասարկու եւ հանրային գործիչ Ցոլակ Յովսէփեանի ծննդեան 100-րդ տարեդարձի տօնախմբութիւնը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան երէց անդամներէն Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան, Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Այցելութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ. Լոս Անճելըս Մասնաճիւղի Ներկայացուցիչներուն
Ուրբաթ, 16 Փետրուար 2018-ի յետ միջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, իր կողքին ունենալով Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ. Լոս Անճելոսի մասնաճիւղի ներկայացուցիչներուն, որոնք եկած էին պաշտօնապէս Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը ստանալու մասնաճիւղի հիմնադրութեան 50-ամեակի հանդիսութիւններուն։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին մասնաճիւղի ատենապետը՝ Տիար Օննիկ […]
Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օրուան 48-րդ Տարեկան Արարողութիւն
Ուրբաթ, 2 Մարտ 2018-ին, Փասատինայի Հայ Նազովրեցի եկեղեցւոյ մէջ (1500 E. Washington Blvd.), տեղի պիտի ունենայ Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օրուան 48րդ տարեկան հաւաքը։ Աղօթքի այս օրը կը նշուի աւելի քան 170 երկիրներու մէջ, ուր տարբեր յարանուանութեանց անդամներ միասնաբար կ’ունենան աղօթքի պահ մը։ Այս տարուան խորհրդածութեան թեման է «Աստուծոյ ամբողջ ստեղծագործութիւնը բարի է»։ Կը մասնակցին աւելի […]
Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին – Եկեղեցւոյ Նորոգութեան Առիթով Գոհաբանութեան Աղօթք եւ Սրբապատկերներու Օծում
– ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՀՕՄ-Ի ՆՆՋԵՑԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ Կիրակի, 25 Փետրուար 2018ը, Մեծ Պահոց երրորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Անառակի Կիրակի։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Ս. Պատարագի աւարտին, Մայր Տաճարի վերանորոգման առթիւ, Առաջնորդ Սրբազանը […]
Ազգ. Առաջնորդարանը կը Մասնակցի Լոս Անճելըսի Քաղաքապետութեան Բնակարանէ Զրկեալներու Աշխատանիստին
Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիի Հանրային Կապերու գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, հոգեւորականներուն եւ աշխարհականներուն համար եռօրեայ աշխատանքի նստաշրջան մը կազմակերպուեցաւ քաղաքապետութեան հովանիին տակ, նպատակ ունենալով փորձառութիւններ փոխանակել եւ միջոցներ որոնել՝ բնակարանէ զրկեալներու տագնապը լուծելու։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, աշխատանիստերուն մասնակցութիւն բերին Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, Բարեշնորհ Րաֆֆի Սրկ.buy cymbalta online gilbertroaddental.com/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/cymbalta.html no prescription Կարապետեան, ինչպէս […]
Տեառնընդառաջի եւ Առաջին Արեւագալի Արարողութիւններ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ
Չորեքշաբթի, 14 Փետրուար 2018-ը Տեառնընդառաջի տօնն էր, որ այս տարի կը զուգադիպէր Ս. Յարութեան տօնը կանխող՝ քառասնօրեայ ծոմապահութեան շրջանի առաջին Արեւագալին։ Մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան օրուան յատուկ Առաւօտեան ժամերգութիւն ու Արեւագալի արարողութիւն։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ըստ տարիներու բարի աւանդութեան, նախագահեց Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ արարողութեանց, որուն ներկայ էին […]
Տեառնընդառաջի Տօնը Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ – Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սկաուտներուն Հետ Աւանդական Ընթրիքի Երեկոյ
Երեքշաբթի, 13 Փետրուար 2018-ի երեկոյեան, Արեւմտեան մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Յիսուս Մանուկի քառասնօրեայ Տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակը, յատուկ արարողութիւններով ու խարոյկի հրավառումով։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, համաձայն տարիներու աւանդութեան, նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութեան եւ խարոյկի հրավառման, ապա նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներուն հետ ունեցաւ աւանդական ընթրիքի երեկոն։ Աղօթակից […]
Բարեկենդանը՝ Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ – Քողազերծում՝ Նուիրատուներու Յուշապատին
Մեծ Պահոց շրջանի նախօրեակին, Կիրակի, 11 Փետրուար 2018-ին, Բարեկենդանի տօնն էր։ Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եղաւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ ծխական համայնքի զաւակներուն հետ եւ ուղղեց իր հոգեւոր պատգամը։ Պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։ Աղօթակից էր Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան։ Ներկայ էին եկեղեցւոյ […]
Հանրաձին Գործիչ Ճորճ Մարտիկեանի Երախտագիտութեան Ձեռնարկ
Շաբաթ, 10 Փետրուար 2018-ի երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն մը, նուիրուած՝ հանրային գործիչ եւ բարերար Ճորճ Մարտիկեանի։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին, որ կազմակերպուած էր Հայ Տեղահանուածներու համայնքին եւ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ, իսկ երեկոյթին հասոյթը տրամադրուած էր վարժարանին։ Ներկայ […]