2018 Լուրերու Արխիւ

Բացուն Ֆրեզնոյի «Քալիֆորնիոյ Հայկական Տուն» Ծերանոցի Նոր Բաժանմունքին

Ֆրեզնոյի «Քալիֆորնիոյ Հայկական Տուն» ծերանոցը օժտուած է նոր բաժանմունքով մը, որուն բացումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 10 Փետրուար 2018-ին։ Հաստատութիունը 2016-ի Յունիսին ձեռնարկած էր իր շէնքերու ընդարձակման աշխատանքին ու տեղի ունեցած էր հիմնարկէքի արարողութիւնը, ձեռամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազանին, նոր բաժանմունիքն բացման արարողութեան մասնակցեցաւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ […]

Ազգ. «Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան» Մանկամսուր-Մանկապարտէզի 25-ամեակի Հանդիսութիւն

Փասատինայի «Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան» Ազգային Մանկամսուր-Մանկապարտէզը Ուրբաթ, 9 Փետրուար 2018-ին, նշեց հիմնադրութեան 25-ամեակը, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Վերթիկօ» սրահին մէջ։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան ներկայ գտնուեցաւ հանդիսութեան եւ ընթերցեց Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրը։ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. […]

Որմազդի Մրցումի Ժամկէտը Կ’երկարաձգուի Մինչեւ 25 Մարտ 2018

Հայախօսութիւնը խրախուսելու նպատակով, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Հայերէնի Վերաշխուժացման Մարմինը (ՀՎՄ), ընդարձակ քննարկումներէ եւ ուսումնասիրութիւններէ ետք, կազմած է մասնագիտական համապարփակ ծրագիր մը, որ ունի կարճ եւ երկար ժամկէտերով թիրախներ: Ծրագիրներուն շարքին, Մարմինը որոշած է կազմակերպել որմազդի (poster) մրցում մը, նպատակ ունենալով նոր սերունդը քաջալերել հայերէն խօսելու։ Մրցումին կրնան մասնակցիլ երկրորդական վարժարանի աշակերտներ եւ համալսարանի […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ ՀՕՄ-ի Շրջ. Վարչութեան Տարեկան Ձեռնարկին

Ուրբաթ, 9 Փետրուար 2018-ի երեկոյեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան տարեկան ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ Հոլիվուտի «Տաղլեան» սրահին մէջ։ Ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, հայկական կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչներ ու բարեսիրական միութեան բարեկամներ եւ բարերարներ։ Հայկական ու ամերիկեան քայլերգներու կատարումէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը, Արեւմտեան […]

Ս. Վարդանանց Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Նորթ Հոլիվուտի Մէջ

Քրիստոնէական հաւատքի պաշտպանութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանման համար, մեր պատմութեան ճակատագրական պատերազմին՝ Աւարայրի դաշտին վրայ Ս. Վարդանանց զօրավարաց մղած ճակատամարտին յիշատակը Հինգշաբթի, 8 Փետրուար 2018-ին նշուեցաւ իբրեւ ազգային եւ եկեղեցական տօն: Այս առիթով, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանին եւ մասնակցութեամբ Թեմիս […]

Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնին Թեմիս Հոգեւորականաց Համագումար եւ Ս. Պատարագ Ս. Խաչ Մայր Տաճարին Մէջ

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին այս տարի 6 եւ 8 Փետրուար 2018-ին կը նշէ մեր եկեղեցական ու ազգային պատմութեան ամէնէն նուիրական ու յիշատակելի տօներէն՝ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից եւ Ս. Վարդանանց Զօրավարաց տօները։ Երեքշաբթի, 6 Փետրուար 2018ին, նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի, եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորական հայրերուն, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի յարկին […]

Դեսպան Ճոնի Իպրահիմ Հրաժեշտի Այցելութիւն մը Տուաւ Առաջնորդ Սրբազանին

Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմ, որ իր կառավարութեան տնօրինումով ստացած է դեսպանի կոչում եւ աստիճան, Չորեքշաբթի, 7 Փետրուար 2018-ի կէսօրին այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Հիւր դիւանագէտը Արժանթինի մէջ Լիբանանի դեսպան նշանակուած է ու ի մօտոյ պիտի մեկնի իր նոր պաշտօնավայրը, հետեւաբար, այցելութիւնը […]

Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Մեծ Պահքի Աւանդական Ճաշկերոյթ

Չորեքշաբթի, 21 Փետրուարին, առաւօտեան ժամը 11:30ին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, տեղի պիտի ունենայ Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Մեծ Պահքի աւանդական ճաշկերոյթը, Կլենտէյլի «Legacy» ճաշասրահին մէջ (6410 San Fernando Rd.), որուն սկիզբը պիտի կատարուի Արեւագալի արարողութիւն։ Տոմսերու համար դիմել Ազգ. Առաջնորդարանի գրասենեակը, հեռաձայնելով 818-248-7737 թիւին:

Մեծ Պահոց Արեւագալի եւ Հսկումի Արարողութիւններ

Երկուշաբթի, 12 Փետրուարին կը սկսի Մեծ Պահոց քառասնօրեայ շրջանը։ Մեծ Պահքի շրջանին, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ, ամէն Չորեքշաբթի առաւօտ, տեղի կ’ունենայ Արեւագալի ժամերգութիւն, իսկ Ուրբաթ երեկոյ՝ Հսկումի արարողութիւն: Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Չորեքշաբթի, 14 Փետրուարին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ պիտի գտնուի Էնսինոյի Ս.buy temovate online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/temovate.html no prescription Նահատակաց եկեղեցւոյ […]

Տեառնընդառաջի Նախատօնակի Արարողութիւն եւ Աւանդական Խարոյկ

Չորեքշաբթի, 14 Փետրուարը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի տօնն է։ Երեքշաբթի, 13 Փետրուարի երեկոյեան, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ պիտի կատարուի։ Արարողութեան աւարտին, ծնողներ իրենց նորածին մանուկներն ու փոքր երեխաները Յիսուս Մանուկի օրինակով տաճար պիտի ընծայեն, ուր քահանայ հայրերը զանոնք պիտի օրհնեն Ս. Խորանին առջեւ։ Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Թեմիս […]

Բուն Բարեկենդանին Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

Կիրակի, 11 Փետրուար 2018ը Բուն Բարեկենդան է։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի կատարէ եկեղեցւոյ «Եղիա Սարաֆեան» դահլիճի մուտքին գտնուող նուիրատուներու պատուոյ պատի բացումը։

Առաջնորդ Սրբազան Հիւրընկալեց Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի 8-րդ Դասարանի Աշակերտները

Ուրբաթ, 2 Փետրուար 2018-ին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի երկորդական բաժնի 8-րդ դասարանի աշակերտները եւ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, հրամցուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը եւ լսեցին Առաջնորդ Սրբազանին պատգամը։ Այցելութիւնը նորագոյն օղակն էր Ազգ. վարժարաններու աշակերտներու կողմէ Ազգ. Առաջնորդարան աշակերտական ուխտագնացութիւններու շարքին։ 42 աշակերտները, առաջնորդութեամբ վարժարանի տնօրէնուհի Տիկին […]

Լոս Անճելըսի Մէջ Հայ-Մեքսիքական Մշակութային Շաբաթ

Լոս Անճեըսի մէջ Հայաստանի եւ Մեքսիքայի գլխաւոր հիւպատոսութեանց նախաձեռնութեամբ ու գործակցութեամբ, Փետրուար 2էն 9 Շաբաթը հռչակուած է հայ-մեքսիքական մշակոյթի շաբաթ։ Այս առիթով, երկու ժողովուրդներու մշակոյթն ու աւանդութիւնները ծանօթացնող շարք մը միացեալ ձեռնարկներ կազմակերպուած են ու պիտի մարմնաւորուին վարժարաններու մէջ համախմբումներով, արուեստի ցուցահանդէսներով, ժապաւէններու ցուցադրութեամբ եւ այլ ձեռնարկներով։ Մշակոյթի շաբթուան բացումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 2 Փետրուարին, […]

Դեսպան Ճոնի Իպրահիմի Հրաժեշտի Ձեռնարկ

Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմի պաշտօնավարութեան աւարտին առիթով, ու հրաւէրովը հիւպատոսարանի խորհրդատու մարմինին ու լիբանանեան-ամերիկեան համայնքի ներկայացուցիչներուն, Հինգշաբթի, 1 Փետրուար 2018-ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի «Քալիֆորնիա Քլապ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը, իբրեւ հրաժեշտի ու յարգանքի արտայայտութիւն Իպրահիմի։ Յիշեցնենք, որ ան լիբանանեան կառավարութեան կողմէ պաշտօնի բարձրացում ունեցած է եւ ունի դեսպանի […]

Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից եւ Ս. Վարդանանց Զօրավարաց Տօնակատարութիւններ

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին 6 եւ 8 Փետրուար 2018ին պիտի նշէ մեր եկեղեցական ու ազգային պատմութեան ամէնէն նուիրական ու յիշատակելի տօներէն՝ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից եւ Ս. Վարդանանց Զօրավարաց տօները։ Ս. Ղեւոնդեանց քահանաներն ու Ս. Վարդանանց 1036 վկաները խորհրդանիշ են բազմաթիւ արժանաւորներու, որոնք իրենց կեանքը զոհած են յանուն քրիստոնէութեան եւ ազգութեան։ Անոնք անձնուրաց հայորդիներ են, որոնք […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022