2019 Լուրերու Արխիւ
Հանրապետական Մաղթանք եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ
Կիրակի, 26 Մայիս 2019-ին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 101-ամեակին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Հանրապետական Մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն պիտի կատարուի։ Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան աղօթք պիտի բարձրացուի Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ այլ ճակատամարտներուն ինկած հերոսներուն հոգիներուն համար։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. […]
Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան Վարժարանի Աշակերտներուն Այցելութիւնը Ազգ. Առաջնորդարան
Օրէնճ Քաունթիի Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտները Հինգշաբթի, 23 Մայիսին առաւօտուն այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան։ Վարժարանի ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ աշակերտները Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին տակ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, որուն կողքին էր Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան։ «Ս. Տրդատ եւ Ս. […]
Փասատինայի Հանրային Վարժարաններէ Հայ Շրջանաւարտներու Գնահատանքի 30-րդ Տարեկան Հանդիսութիւն
Չորեքշաբթի, 22 Մայիսին, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան, Փասատինայի հանրային երկրորդական վարժարաններէ շրջանաւարտ հայ աշակերտներու 30րդ գնահատանքի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ ներկայ գտնուեցաւ Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Տիար Աւօ Քէշիշեան եւ ընթերցեց իր պատգամը։ Ձեռնարկին […]
Յարութ Պարսամեան Ուսանողական Կրթաթոշակի Դիմումնագիրներու Ընդունում 2019-2020 Տարեշրջանին Համար
Արեւմտեան Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Ազգային Վարչութիւնն ու «Պարսամեան» Կրթաթոշակի Յանձնախումբը այսու կը յայտարարեն, թէ ուսումնական 2019-2020 տարեշրջանին համար, դիմումնագիրներ պիտի ընդունին «Յարութ Պարսամեան Հայ Ուսանողներու Կրթաթոշակ»ին համար։ Հանգուցեալ Փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի կողմէ հաստատուած այս հիմնադրամը կը նպատակադրէ աջակցիլ հայ ուսանողներու, որոնք իրենց բարձրագոյն ուսումը կը շարունակեն գիտական մասնագիտութեամբ մը, Միացեալ […]
Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 47-րդ Նստաշրջանը Կեդրոնացաւ Վերակազմակերպման եւ Վերակենսաւորման Վրայ – Գնահատանք՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի եւ Կարպիս Գարամարտեանի
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 47-րդ նստաշրջանը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 17 եւ Շաբաթ, 18 Մայիս 2019-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ներկայ էին Թեմիս հոգեւորականաց դասը, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Տեարք Վահէ Եագուպեան եւ Կայծակ Զէթլեան, Կրօնական Ժողովի ու Ազգային […]
Լոս Անճելըս Գաւառո Ոստիկանապետութեան Մէջ-Կրոնական Ռամատանի Տօնախմբութիւն
Շաբաթ, 18 Մայիս 2019-ին, Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետութիւնը Ուիտիյըրի մէջ հիւրընկալեց տարեկան միջ-կրօնական Ռամատանի տօնախմբութիւնը, նախագահութեամբ Շերիֆ Ալեքս Վիյանուէւայի։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արժ.buy lamisil generic https://bloonlineandnew.com/lamisil.html over the counter Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին։
Ազգ. Առաջնորդարանի «Լուսաւորիչ» Երգչախումբը Մասնակցեցաւ «Ուղղափառ Փառաբանութեան Օր»ուան 12-րդ Տարեկան Հաւաքին
Շաբաթ, 18 Մայիս 2018-ին, Սանթա Մոնիքայի Ս. Պօղոս եւ Ս. Պետրոս Ղըպտի Ուղղափառ եկեղեցին հիւրընկալեց «Ուղղափառ Փառաբանութեան Օր»ուան 12-րդ տարեկան հաւաքը, մասնակցութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական, Ղըպտի, Ասորի, Սերպիոյ, Անտիոքի, Հնդիկ Մալաբար, Ռուս եւ Եթովպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցիներու անդամներուն։ Առաւօտուն մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, ապա տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշի, որուն ընթացքին մասնակիցները առիթ ունեցան իրարու ծանօթանալու։ Այնուհետեւ, իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ […]
Դաւթեան եւ Մարիամեան Կրթական Հաստատութեան 2018-2019 Աւարտական Հանդէս
Ուրբաթ, 17 Մայիս 2019-ին, Դաւթեան եւ Մարիամեան Կրթական Հաստատութեան 2018-2019 աւարտական հանդէսը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «R.D. White» վարժարանի սրահէն ներս։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան ներկայ եղաւ հանդէսին եւ աշակերտներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքը։
Առաջնորդ Սրբազանը Ցաւակցութիւն Յայտնեց Մարոնիթ Պատրիարք Կարտինալ Մար Նասրալլա Պութրոս Սֆէյրի Մահուան Առթիւ
Կիրակի, 12 Մայիս, 2019-ին, Մարոնիթ համայնքը աշխարհով մէկ սգաց կորուստը նախկին պատրիարք Կարտինալ Մար Նասրալլա Պութրոս Սֆէյրի, որ իր յաւիտենական հանգիստը գտաւ 98 տարեկանին։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի 16 Մայիսին, ներկայութեամբ Լիբանանի եւ տարբեր երկիրներէն ժամանած հոգեւոր եւ քաղաքական առաջնորդներու եւ հազարաւոր հաւատացեալներու։ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ներկայ գտնուեցաւ թաղման արարողութեան […]
Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 47-րդ Նստաշրջանի Հոգեւորականաց Համագումար
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 47-րդ նստաշրջանի նախօրեակին, Հինգշաբթի, 16 Մայիս 2019-ին, Ազգ. Առաջնորդարանին յարկին տակ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց տարեկան միօրեայ համագումարը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն։ «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ տեղի ունեցաւ գիշերային ժամերգութիւն, որուն յաջորդեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր հոգեւոր խորհրդածութիւնը։ Ան իր […]
Հոգեւոր Համերգ՝ Նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետին
Ուրբաթ, 31 Մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ յարկին տակ տեղի պիտի ունենայ հոգեւոր համերգ մը նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետին ծննդեան 150-ամեակին։ Համերգը տեղի կ’ունենայ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, եւ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան։ Ելոյթ պիտի ունենայ եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբը, խմբավարութեամբ դպրապետ Բարշ. […]
Ս. Պատարագ եւ Աւանդական Ճաշկերոյթ Համբարձման Տօնին Առիթով
Հինգշաբթի, 30 Մայիս 2019-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը պիտի նշուի Ս. Պատարագով եւ ճաշկերոյթով։ Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն։ Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան։ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակակ Մարմինին […]
Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 47րդ Նստաշրջան
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը իր 47-րդ նստաշրջանը գումարեց Ուրբաթ, 17 Մայիս 2019-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին։ Ժողովականներուն կողքին ներկայ էին հոգեւորականաց դասու, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան, Կրօնական Ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ, Հոգաբարձութեանց ատենապետներ կամ ներկայացուցիչներ, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ […]
Առաջնորդ Սրբազան Պիտի Հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին
Կիրակի, 19 Մայիս 2019-ը Յինանց հինգերորդ Կիրակին է, որ տօնն է Երեւման Ս. Խաչի։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։
Արարատ Տան 70-ամեակի Տօնախմբութիւն
Շաբաթ 11 Մայիս 2019-ին, Արարատ Տան հիմնադրութեան 70-ամեակի ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ կառոյցի «Տէօքմէճեան» հանդիսասրահէն ներս, «Յիշենք անցեալը, կառուցենք ապագան» խորագիրով։ Ձեռնարկին ընթացքին յայտարարուցաւ նոր շէնքի շինարարութեան ծրագիրը։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան մասնակից եղաւ ձեռնարկին եւ ներկայ հոգեւորականներուն հետ միասին կատարեց բացման աղօթքը։