2019 Լուրերու Արխիւ

Քրիստոնէական Դաստիարաութեան Միջ-Թեմական Երկօրեայ Խորհրդաժողով Անթիլիասի Մէջ

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, Ուրբաթ, 1 Մարտ 2019-ին ընթացք առաւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Միջ-թեմական Յանձնաժողովին երկօրեայ խորհրդաժողովը։ Յանձնաժողովին նպատակն է ծրագրել քրիստոնէական դաստիարակութիւնը ժողովուրդին նոր մեթոտներով փոխանցելու միջոցներ՝ պատշաճեցնելով տուեալ երկիրի միջավայրին եւ քննել ժամանակակից ընկերաբարոյական հարցերը։ Յանձնաժողովին ատենապետն է Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան, իսկ […]

Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի 49-րդ Տարեկան Հաւաքը

Ուրբաթ, 1 Մարտ 2019-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օրուան 49-րդ տարեկան հաւաքը, մասնակցութեամբ Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ, Աւետարանական, Նազովրեցի եւ Եղբայրութեան եկեղեցիները ներկայացնող տիկիններու։ Այս տարուան խորհրդածութեան թեման էր «Եկէ՛ք, ամէն ինչ պատրաստ է արդէն» պատգամը, քաղուած Յիսուսի մեծ խնճոյքին առակէն (Ղուկաս 14:15-24)։ Յայտագիրը կազմուած էր աղօթքներով, սաղմոսներու եւ Աւետարանէն […]

Ս. Վարդանանց Տօնակատարութիւն

Ս. Վարդանանց Զօրավարաց տօնին առթիւ, Հինգշաբթի, 28 Փետրուար 2019-ի երեկոյեան, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ Ս.buy cialis online myhst.com/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/cialis.html no prescription Պատարագ մատուցուեցաւ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն։ Պատարագեց եւ քարոզեց Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան։ Քարոզէն առաջ, երգուեցաւ տօնին […]

Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Մեծ Պահքի Ճաշկերոյթը

Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, Չորեքշաբթի, 13 Մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 11:‎‎30-ին, տեղի պիտի ունենայ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի աւանդական Մեծ Պահքի ճաշկերոյթը, Կլենտէյլի Legacy ճաշասրահին մէջ (6410 San Fernando Rd.)։ Նախքան ճաշկերոյթը, առաւօտեան ժամը 10:‎‎00-ին, Արեւագալի ժամերգութիւն պիտի կատարուի մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Մուտքի նուէրն է $45։ Տոմսերու համար […]

Մեծ Պահոց Շրջանի Արեւագալի եւ Հսկումի Արարողութիւնները

Մեծ Պահքի շրջանին, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ, ամէն Չորեքշաբթի առաւօտ, տեղի կ’ունենայ Արեւագալի ժամերգութիւն, իսկ Ուրբաթ երեկոյ՝ Հսկումի արարողութիւն: Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Չորեքշաբթի, 6 Մարտին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ առաջին Արեւագալի ժամերգութեան եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Արարողութենէն ետք, տարիներու աւանդութեան համաձայն, «Տիգրանեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀՕՄ-ի «Անահիտ» […]

Բուն Բարեկենդանին Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

Կիրակի, 3 Մարտ 2019ը Բուն Բարեկենդան է, իսկ Երկուշաբթի, 4 Մարտին կը սկսի Մեծ Պահոց քառասնօրեայ շրջանը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։

Ս. Պատարագ եւ Հոգեւորականաց Համագումար Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնին Աոիթով

Երեքշաբթի, 26 Փետրուար 2019-ին, մեր Եկեղեցին նշեց Ս. Ղեւոնդեանց տօնը, որ նաեւ հայ հոգեւորականաց տօնն է։ Այս առիթով, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն։ Պատարագեց եւ քարոզեց Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։ […]

Հայաստանի Ազգ. Ժողովի Անդամ Մխիթար Հայրապետեան Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան

Երկուշաբթի, 25 Փետրուար 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային Ժողովի անդամ եւ գիտութեանց, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Մխիթար Հայրապետեանի, որ պաշտօնական այցելութեամբ Լոս Անճելըս կը գտնուի։ Հայրենի հիւրին կ’ենկերանային Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Պայպուրթեան, խորհրդական Տիար […]

Հ.Յ.Դ. Օրուան Տօնակատարութիւն

Կիրակի, 24 Փետրուարի երեկոյեան, Կլենտէյլի Հանրային երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 128-ամեակի տօնակատարութիւնը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ գտնուեցաւ տօնակատարութեան։ Ներկայ էին նաեւ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, հոգեւորականաց դասու, Ազգ. Կեդր. վարչութեան ու Թեմիս Ազգ. Վարչութեան անդամներ։ Հանդիսութիւնը սկսաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու դրօշակի արարողութեամբ եւ […]

Սրբանկարի Օծում եւ ՀՕՄ-ի Ննջեցեալներու Յիշատակին Հոգեհանգիստ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 24 Փետրուար 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք.Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, կատարեց Ս. Գէորգի սրբանկարի օծումը, եւ ուղղեց իր պատգամը։ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան խնդրանքով եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, նոյն օրը, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ՀՕՄ-ի ննջեցեալ ծառայողներու եւ բարերարներու հոգիներու […]

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան

Շաբաթ, 23 Փետրուար 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, որ Լոս Անճելըս ժամանած էր իբրեւ բանախօս Հ.Յ.Դ. օրուան տօնակատարութեան։ Յարգելի հիւրին կ’ընկերանային Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Դոկտ. Վիգէն Եագուպեան եւ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի քաղաքական ներկայացուցիչ Տիար […]

Գնահատանքի Երեկոյ՝ Ի Պատիւ Կլենտէյլի Շտապօգնութեան Ծառայողներուն

Կազմակերպութեամբ Հայ Դատի յանձնախումբի Կլենտէյլի մասնաճիւղին եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, Չորեքշաբթի, 20 Փետրուարի երեկոյեան, «Ֆենիսիա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ գնահատանքի երեկոյ մը՝ ի պատիւ Կլենտէյլի ոստիկանութեան, հրշէջներու բաժանմունքի եւ շտապօգնութեան ծառայողներուն, անոնց մատուցած անսակարկ ծառայութիւններուն համար։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներներէն՝ Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ […]

Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օր

Ուրբաթ, 1 Մարտին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օրուան 49-րդ տարեկան հաւաքը, մասնակցութեամբ Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ, Աւետարանական, Նազովրեցի եւ Եղբայրակցութեան եկեղեցիները ներկայացնող տիկիններու։ Համաշխարհային Աղօթքի Օրը կը նշուի աւելի քան 170 երկիրներու մէջ։ Այս տարուան խորհրդածութեան թեման է «Եկէ՛ք, ամէն ինչ պատրաստ է արդէն» պատգամը, քաղուած Յիսուսի մեծ խնճոյքին […]

Ս. Պատարագ եւ Հոգեւորականաց Համագումար Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից եւ Ս. Վարդանանց Զօրավարաց Տօներուն Առիթով

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին 26 եւ 28 Փետրուար 2019-ին յաջորդաբար պիտի նշէ մեր եկեղեցական ու ազգային պատմութեան ամէնէն նուիրական ու յիշատակելի տօներէն՝ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից եւ Ս. Վարդանանց Զօրավարաց տօները։ Ս. Ղեւոնդեանց տօնին առիթով, Երեքշաբթի, 26 Փետրուարին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. […]

ՀՕՄ-ի Ննջեցեալներու Յիշատակին Հոգեհանգիստ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինութեամբ եւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան խնդրանքով, Կիրակի, 24 Փետրուար 2019-ին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի ՀՕՄ-ի հին ու նոր ննջեցեալ ծառայողներու եւ բարերարներու հոգիներու խաղաղութեան համար։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, պիտի կատարէ Ս. Գէորգի […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022