2019 Լուրերու Արխիւ
Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան եւ Օծման 56-ամեակին Աոիթով
Կիրակի, 3 Նոյեմբեր 2019-ին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին ու օծման 56-րդ տարեդարձին առթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց, իր պատգամը ուղղեց եւ արարողութեան աւարտին կատարեց մատաղի օրհնութիւնը։ Ս. Սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։ Նշենք, որ Առաջնորդ Սրբազանը նոր վերադարձած էր Անթիլիասի […]
Առաջնորդ Սրբազանը Անթիլիասի Մէջ Մասնակցեցաւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Նիստերուն
Երեքշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան լիակատար նիստերը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան մասնակցեցաւ Կրօնական եւ Խառն Ժողովի նիստերուն, իսկ մեր Թեմէն Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի անդամ Տիար Վահէ Եագուպեան մասնակցեցաւ Քաղաքական եւ Խառն Ժողովի նիստերուն։ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ Կրօնական Ժողովի նիստը տեղի […]
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Ընդունեց Հայոց Ցեպասպանութիւնը Որդեգրող Թիւ 296 Բանաձեւը
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը, կ՛ողջունեն Երեքշաբթի 29 Հոկտեմբեր 2019-ին, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունող թիւ 296 բանաձեւի որդեգրումը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ։ Այս առթիւ, Արեւմտեան Թեմը կը շնորհաւորէ համայն հայութիւնը, որ 1915-էն ի վեր անմար կամքով հաւատաց ու կը հաւատայ իր արդար իրաւունքներու վերատիրացման երազին, որուն […]
Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Օծման 56-ամեակին Առիթով
Շաբաթ, 2 Նոյեմբեր 2019-ին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին պիտի նշէ Ամենայն Սրբոց տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան օրն է Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ։ Այս առիթով, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ օծման 56-րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 3 Նոյեմբերին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ, իր պատգամը պիտի ուղղէ եւ մատաղի օրհնութիւն պիտի կատարէ Ս. […]
Ազգային Թաղում՝ Վաստակաւոր Ազգային Գործիչ Յակոբ Մանճիկեանի
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց դասը, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը, խոր ցաւով կը գուժեն վաստակաշատ ազգային գործիչ Յակոբ Մանճիկեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 18 Հոկտեմբեր 2019-ին։ Պիտի կատարուի Ազգային թաղում։ Յակոբ Մանճիկեան ծառայական հարուստ վաստակ կերտած է մասնաւորաբար ազգային կուսակցական ասպարէզին մէջ։ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած գաղափարապաշտ ընտանիքի իբրեւ անդրանիկ […]
«Հայ Մամուլի Տարուան» Առիթով՝ Գեղարուեստական Երեկոյ Նուիրուած «Ասպարէզ» Օրաթերթին
«Հայ Մամուլի Տարուան» առիթով, Կիրակի, 27 Հոկտեմբեր 2019-ին, Էնսինոյի Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի «Աւետիսեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ գեղարուեստական երեկոյ մը նուիրուած «Ասպարէզ» օրաթերթին։ «Նոր Տաղանդներ» խորագիրով ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՀՕՄ-ի «Անահիտ» եւ «Լոռի» եւ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» եւ «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղերու կողմէ։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. […]
Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Նիստեր Անթիլիասի Մէջ
Հոկտեմբեր 29էն 31, 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան լիակատար նիստերը պիտի գումարուին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Լիբանան մեկնեցաւ մասնակցելու Ազգ.buy benzac generic https://blobuyinfo.com/benzac.html over the counter Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Խառն Ժողովներու նիստերուն։ Մեր Թեմէն Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի անդամ […]
Հայ Դատի Յանձնախումբի Տարեկան Ճաշկերոյթը
Կիրակի, 20 Հոկտեմբեր 2019-ին, «Beverly Hilton» պանդոկէն ներս տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի տարեկան ճաշկերոյթը, ներկայութեամբ պետական անձնաւորութիւններու, հայկական կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչներու, բարերարներու եւ բարեկամներու: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ճաշկերոյթին եւ կատարեց բացման աղօթքը։ Ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ Ազգային Վարչութեան […]
Սարկաւագաց Ձեռնադրութիւն Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
Կիրակի, 20 Հոկտեմբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին սարկաւագաց ձեռնադրութիւն կատարեց, սարկաւագութեան կարգ շնորհելով եկեղեցւոյ երկար տարիներու սպասարկողներ՝ Յարութիւն Օհաննէսեանին, Մելվին Արզումանեանին, Գօգօ Գազանճեանին եւ Վահիկ Եղիայեանին։ Ս. Պատարագը մատուցանեց Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննաքեան, իսկ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ՝ […]
Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի Կազմակերպած Ուսուցչական Վերապատրաստման Տարեկան Համագումար
Շաբաթ, 19 Հոկտեմբեր 2019-ին, Էնսինոյի Ազգ. Ֆերահեան վարժարանէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի կազմակերպած «Ուսուցիչներու Վերապատրաստման Տարեկան Համագումար»ը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ համագումարի բացման եւ փոխանցեց իր օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքը։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ […]
Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի «Գաբրիէլ եւ Ռոզ Ինճէճիկեան» Մարզական Դաշտի Բացման Արարողութիւն
Ուրբաթ, 18 Հոկտեմբեր 2019-ին, Էնսինոյի Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի «Գաբրիէլ եւ Ռոզ Ինճէճիկեան» մարզական դաշտի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ներկայ էին Վարժարանի տնօրէնուհի Տիկին Սօսի Շանլեան, Մարի Գապայեան նախակրթարանի տնօրէն Տիար Ժան Գոսաքեան, Ուսումնական Մարմինի անդամներ, «Ռոստոմ» եւ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեանց ներկայացուցիչներ, շրջանաւարտներ, Ռոզ Ինճէճիկեան եւ հարազատներ։ […]
Սարկաւագաց Ձեռնադրութիւն Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
Կիրակի, 20 Հոկտեմբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին սարկաւագաց ձեռնադրութիւն պիտի կատարէ, սարկաւագութեան կարգ շնորհելով եկեղեցւոյ 4 նուիրեալ ծառայողներու։ Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին նուիրուած ճաշկերոյթին, որ տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին […]
Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան եւ Հոգշ. Տ. Աշոր Աբղ. Խաչատուրեան Իրենց Անդրանիկ Ս. Պատարագը Պիտի Մատուցանեն Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Ֆրեզնոյի Մէջ
Ինչպէս տեղեկացուցած էինք, 7 Հոկտեմբեր 2019-ին, երկու երիտասարդ միաբաններ՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան եւ Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեան ժամանեցին մեր Թեմ՝ հոգեւոր հովութեան առաքելութեամբ իրենց ծառայութիւնը բերելու Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիներէն ներս։ Նորանշանակ միաբան հայրերը իրենց անդրանիկ Ս. Պատարագը պիտի մատուցանեն Կիրակի, 20 Հոկտեմբերին։ Չորեքշաբթի, 16 Հոկտեմբերին […]
Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Գերպ. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան
Չորեքշաբթի, 16 Հոկտեմբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ եւ Մխիթարեան Միաբանութեան մօտ պապական նուիրակ Գերապայծառ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի։ Հիւր հոգեւորականին կ’ընկերանար Տիար Արամ Պօղոսեան։ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան եւ Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեան մասնակցեցան հանդիպումին։ Հանդիպումը անցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ եւ […]
Լոս Անճելըսի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 37-րդ Տարեկան Իրաւական Մարմիններու Ձօնուած Ս. Պատարագը
Երեքշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2019-ին, Լոս Անճելըսի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ «Our Lady of the Angels» տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ 37-րդ տարեկան Ս. Պատարագը, որ նուիրուած էր դատաւորներու, իրաւաբաններու, օրէնսդիրներու եւ այլ իրաւաբանական փորձագէտներու։ Այս Ս.buy aciphex online https://blackmenheal.org/wp-content/languages/new/aciphex.html no prescription Պատարագը Հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին կը մատուցուի դատական տարուան բացման եւ մասնաւորապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն Դատարանի գործունէութեան […]