2012 Լուրերու Արխիւ

ՍՈՒՐԻՈՅ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ »ՏԷՐ ՈՂՈՐՄԵԱ«Ի ՅԱՏՈՒԿ ԱՂՕԹՔ, ՄԵՐ ԹԵՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինութեամբ, այս Կիրակի, 12 Օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով Ս. Պատարագի ընթացքին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ »Տէր Ողորմեա«ի յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի Սուրիոյ խաղաղութեան ու գաղութի հայութեան ապահովութեան համար։ Ինչպէս ծանօթ է, Սուրիոյ իրադարձութիւնները ու յատկապէս Դամասկոսի ու Հալէպի վիճակը դէպի վատթարացում ընթացան վերջին շաբաթներուն, […]

Շաբաթական Լուրեր – 10 Օգոստոս 2012

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳԷ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Կիրակի, 12 Օգոստոսը, Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնն է, մեր եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկը։ Աստուածածնայ տօնը նաեւ տօնն է Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան։ Այս տօնին առիթով, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի, ապա նաեւ տեղի պիտի ունենայ խաղողօրհնէքի աւանդական […]

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնն ու Կիրակնօրեայ դպրոցի տեսչութիւնը այս տարի գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էին կազմակերպելու ամառնային դպրոց մը, որպէսզի շրջանի մանուկներն ու պատանիները եկեցւոյ հովանիին տակ հայեցի մթնոլորտի մէջ բոլորեն արձակուրդի շրջանը, հաճելի ու դաստիարակչական ծրագիրներով հեռու չմնան հոգեւոր ու մտային աճումի մթնոլորտէն։ Ամառնային դպրոցի ծրագիրը իր աւարտին հասաւ Ուրբաթ, 10 Օգոստոսին, մտերմիկ հանդիսութեամբ […]

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ »ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ« ՄԷՋ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Հինգշաբթի, Օգոստոս 9-ին, կ.ա. ժամը 10։00-ին, Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առթիւ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ մասնակցութեամբ հոգեւոր հովիւներուն, խաղողօրհնէքի արարողութիւն տեղի ունեցաւ Mission Hills-ի »Արարատ Տան« հիւանդանոցի բաժինին մէջ, որպէսզի ֆիզիքապէս տկարներ, առիթը ունենային մասնակցելու Խաղողօրհնէքի արարողութեան ապա ստանային Ս. Հաղորդութիւն։ Արարողութեան աւարտին Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ հաստատութեան մատրան մէջ։ Ս. […]

ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՒԷՐ՝ՕԳՏՈՒԵԼՈՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԼՈՒՍԱՏՈՒ ՋԱՀԷՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Տեսուչը Բարձր. Տ. Նարեկ Ս. Արք. Ալեէմէզեանի հիւրաբար մեր Թեմը գտնուելուն առիթէն օգտուելով, ու Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Նարեկ Սրբազանը Կիրակի, 5 Օգոստոս 2012-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ »Արմենակ Տէր Պետրոսեան« սրահին մէջ դասախօսութիւն մը տուաւ Դպրեվանքին մասին։ Դասախօսութեան ներկայ էին […]

Ս. ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ – Ս. ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՊԱՏԿԵՐԻ ՕԾՈՒՄԸ

Կիրակի, 5 Օգոստոս 2012-ին, Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագին հանդիսապետեց, Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի պատկերին օծումը կատարեց եւ իր պատգամը տուաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։ Պատարագիչն էր եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը՝ Արժ. Տ. Հրանդ Աւ. Քհն. Երէցեան։ Քարոզէն առաջ, Տէր Հայրը ներկայ հաւատացեալներուն յայտնեց թէ Առաջնորդ Սրբազանը ծխական […]

Շաբաթական Լուրեր – 3 Օգոստոս 2012

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՕՐԷՆՃ ՔԱՈՒՆԹԻԻ Ս. ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 5 Օգոստոսին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանականց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ պիտի կատարէ Ս. Յակոբի սրբապատկերի օծումը։ *** ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ՝ ԹԵՄԻՍ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՄԱՐՄԻՆԻ ՆՈՐ […]

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 1 Օգոստոսի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Վասպուրականի Հայրենակցական Միութեան Լոս Անճելըսի վարչութեան ներկայացուցիչներուն։ Յարգելի հիւրերը Ազգ. Առաջնորդարան եկած էին Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելու վերընտրութեան առիթով։ Հիւր վարչականները ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկութիւններ տուին միութեան աշխատանքներուն ու յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին։ Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց այցելուները, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ազնիւ զգացումներուն համար, […]

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ Տ. ՍՄԲԱՏ ԱՐՔ. ԼԱՓԱՃԵԱՆԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ Բ. ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 29 Յուլիսին հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին ու աւարտին՝ հոգեհանգստեան արարողութեան, որուն ընթացքին յատուկ յիշատակութեան արժանացան հոգելոյս Սմբատ Արք. Լափաճեանն ու Լիզպոնի Հինգ Նահատակները։ Երկու տարի առաջ էր, երբ մեր Թեմը վերջին հրաժեշտը տուաւ Սմբատ Արքեպիսկոպոսին, իսկ Լիզպոնի Հինգին՝ Սարգիս Աբրահամեանի, Սեդրակ Աճէմեանի, […]

Շաբաթական Լուրեր – 27 Յուլիս 2012

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ Ս. ԽԱՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ – ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՍՄԲԱՏ ԱՐՔ. ԼԱՓԱՃԵԱՆԻ ԵՒ ԼԻԶՊՈՆԻ ՀԻՆԳ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ Կիրակի, 29 Յուլիսին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ հոգեհանգստեան արարողութեան պիտի նախագահէ եւ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը պիտի փոխանցէ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։ Ս. Պատարագի […]

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ԳԵՐՇ. Տ. ՍՈՒՐԷՆ ԱՐՔ. ԳԱԹԱՐՈՅԵԱՆԻ ԾԱՌԱՅԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ 50ԱՄԵԱԿԸ

Հովանաւորութեամբ Քանատայի Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Խաժակ Արք. Յակոբեանի, Մոնթրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու հոգաբարձութիւնը այս շաբաթավերջին՝ Շաբաթ 21 եւ Կիրակի, 22 Յուլիսին, պիտի տօնակատարեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան երէց անդամներէն Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի կուսակրօն քահանայ ձեռնադրութեան եւ օծման 50րդ տարեդարձը։ Սուրէն Սրբազանը աւելի քան 50 տարիներու ծառայութիւն ունի մեր եկեղեցւոյ […]

ՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԳԻՐ ՄԸ ՅՂԵՑ ՕՐՈՐԱՅԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ

Հինգշաբթի, 19էն Ուրբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին, Քոլորատօ նահանգի Օրորա քաղաքը բեմ դարձաւ ահաւոր ողբերգութեան մը, զինեալ երիտասարդի մը ոճրային արարքին հետեւանքով։ Ինկան զոհեր եւ վիրաւորներ։ Ցնցիչ դէպքին լուրը իմանալով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան վշտակցութեան գիր մը յղեց քաղաքապետ Սթիւ Հոկընի, յանուն հայ համայնքին ցաւակցութիւն յայտնելով անոր ու զոհերուն ընտանիքներուն՝ այս անիմաստ […]

Շաբաթական Լուրեր – 20 Յուլիս 2012

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 22 Յուլիսին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ *** ԼԱՍ ՎԵԿԱՍԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ԿԸ ՍԿՍԻՆ ՇՈՒՏՈՎ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այս շաբաթ […]

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՃԱՄԲԱՐԸ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան շաբաթասկիզբին այցելութիւն մը տուաւ Ֆրեզնօ, ուր հանդիպում ունեցաւ Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ Հովիւին, հոգաբարձութեան ու ազգային երեսփոխաններու հետ։ Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին այցելեց եկեղեցւոյ պատանեկան խմբակի ամառնային ճամբարը, որ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Կիրակի, 8 Յուլիսէն մինչեւ Հինգշաբթի, 12 Յուլիս։ Մասնակիցները […]

ԼԱՍ ՎԵԿԱՍԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ԿԸ ՍԿՍԻՆ ՇՈՒՏՈՎ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այս շաբաթ Լաս Վեկաս այցելեց, իր գնահատանքն ու շնորհաւորութիւնները փոխանցելու համար Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Աւ. Քհնյ. Թորոսեանի, ծխական յանձնախումբի ատենապետ Տիար Ատրուշան Արմէնեանի եւ կազմին ու եկեղեցւոյ շիրարարական յանձնախումբի անդամներուն, եկեղեցւոյ շինութեան արտօնագիրներուն ձեռք բերման առիթով։ Առաջնորդ Սրբազանին կþընկերանար Ազգային Վարչութեան անդամներէն՝ […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022