2018 Լուրերու Արխիւ
Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ Աղօթք Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկին Համար
Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի խնդրանքով եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, Կիրակի, 27 Մայիս 2018-ին, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի հիմնարկին հոգածութիւնը վայելող հիւանդներուն առողջութեան համար։ Հիմնարկի ներկայացուցիչները ներկայ պիտի ըլլան Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս.buy zithromax online herbalshifa.co.uk/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/zithromax.html no prescription Պատարագին, տեղեկութիւններ պիտի տան Հիմնարկի աշխատանքներուն մասին եւ պիտի գրանցեն նոր նուիրատուներ։ Կը […]
Հոգեգալստեան Տօնին Առիթով Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Կիրակի, 20 Մայիս 2018-ին, Հոգեգալստեան տօնին առիթով, Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ իր անդրանիկ Ս. Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան ու սարկաւագաց դասը։ Ս. Պատարագին ներկայ […]
Մասնակցութիւն Լոս Անճելըս Գաւառի Ոստիկանապետութեան Հրաւիրած՝ Հոգեւոր Ծառայողներու Ժողովին
Ընդառաջելով Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետութեան նախաձեռնած՝ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցողներու ժողովի հրաւէրին, յանուն Ազգային Առաջնորդարանին՝ բարեշնորհ Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեան Երեքշաբթի, 22 Մայիս 2018-ին ներկայ եղաւ Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի «Թուին Թաուըրզ» արգելարանին մէջ կազմակերպուած հանդիպումին։ Ներկաները խորհրդակցութիւն ունեցան բանտարկեալներուն հոգեւոր մատակարարութեան վերաբերող հարցերու շուրջ։ Րաֆֆի Սարկաւագ, յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, շնորհակալութիւն յայտնեց […]
CASPS-ը Գնահատանքի Արժանացուց Լոս Անճելըսի Երկու Շրջաններու Հանրային Վարժարաններէ Հայ Աշակերտներ
Հանրային Վարժարաններու Հայ Աշակերտներու Յանձնախումբը՝ CASPS, Երկուշաբթի, 21 Մայիս 2018-ի երեկոյեան, Վերտուկօ Հիլզի երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ կազմակերպուած հանդիսութեամբ, գնահատանքի արժանացուց Լոս Անճելըսի հիւսիս-արեւելեան եւ հիւսիս-արեւմտեան գօտիներու հանրային վարժարաններու 10-էն 12-րդ դասարաններու հայ աշակերտներ, որոնք բարձր նիշեր ապահոված են աւարտող տարեշրջանին։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. […]
Ազգ. Առաջնորդարանի «Լուսաւորիչ» Երգչախումբը Մասնակցեցաւ «Ուղղափառ Փառաբանութեան Օր»ուան Հաւաքին
Շաբաթ, 19 Մայիս 2018-ին, Սանթա Մոնիքայի Ս. Պօղոս եւ Ս. Պետրոս Ղըպտի Ուղղափառ եկեղեցին հիւրընկալեց «Ուղղափառ Փառաբանութեան Օր»ուան 11-րդ տարեկան հաւաքը։ Հիւրընկալ համայնքին կողքին, ներկայ էին Հայ, Մալաբար, Եթովպիոյ, Յոյն, Ուքրանիոյ եւ Սերպիոյ ուղղափառ եկեղեցիներէն ներկայացուցիչներ, որոնք ունեցան աղօթքի եւ միացեալ արարողութիւններու պահ մը։ Առաւօտուն մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որմէ ետք, տեղի ունեցաւ ճաշի հիւրասիրութիւն. մասնակիցները […]
Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Հայկական Ճաշերու Փառատօն»ը
Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի նախաձեռնութեամբ, Շաբաթ, 19 Մայիս 2018-ին, տեղի ունեցաւ տարեկան «Հայկական Ճաշերու Փառատօն»ը, որ հայկականութեան մթնոլորտ մը ստեղծեց տաճարի շրջափակին մէջ. ներկաները վայելեցին հայկական ճաշեր, երաժշտութիւն եւ մշակութային արտայայտութիւններ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին, այցելեց կրպակները, գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը եւ ուղղեց իր պատգամը։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին […]
Ողջունահանդէս Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Հայ Բժիշկներու, Ատամնաբուժներու եւ Դեղագործներու Ոդիսականը Ցեղասպանութեան ընթացքին» Հատորին
Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, «Արարատ» Տան «Էսկիճեան» թանգարանի տնօրէնութիւնը Հինգշաբթի, 17 Մայիս 2018-ի երեկոյեան, հաստատութեան մատրան մէջ կազմակերպած էր այժմ Քանատա հաստատուած ծանօթ բժիշկ եւ ազգային գործիչ Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի նորագոյն գիրքին՝ «Հայ Բժիշկներու, Ատամնաբուժներու եւ Դեղագործներու Ոդիսականը Ցեղասպանութեան ընթացքին» հատորին ողջունահանդէսը։ Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ եզրափակիչ խօսքով, […]
Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Կազմակերպութեամբ՝ Փասատինայի Հանրային Վարժարաններէ Հայ Շրջանաւարտներու Գնահատանքի Երեկոյ
Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին ու հոգաբարձութեան կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 16 Մայիս 2018-ի երեկոյեան, շրջանի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքի հանրային երկրորդական վարժարաններէ շրջանաւարտ հայ աշակերտներուն գնահատանքի աւանդական հանդիսութիւնը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիկ. Էլօ Պոյաճեան, շրջանի պետական ներկայացուցիչներ, հանրային վարժարաններու վարչական […]
Հոգեգալստեան Տօնին Առիթով Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Կիրակի, 20 Մայիս 2018-ին, Հոգեգալստեան տօնին առթիւ, Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Օրէնճ Քաունթիի Ս.buy neurontin online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/neurontin.html no prescription Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։ Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան։ Ս. Պատարագին պիտի հանդիսապետէ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։ Ս. Պատարագէն ետք, Յարութ Պարսամեան Հայ Կեդրոնի «Ղազարեան» […]
Նորընտիր Կրօնական Ժողովի ու Ազգ. Վարչութեան Դիւաններու Ընտրութիւն
Թեմիս Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 46-րդ նստաշրջանին ընտրուած Կրօնական Ժողովի ու Ազգային Վարչութեան կազմերը Երեքշաբթի, 15 Մայիս 2018-ին գումարեցին իրենց առաջին նիստերը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ ընտրեցին իրենց դիւանները։ […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» Յանձնախումբի Տարեկան Ձեռնարկին
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 11 Մայիս 2018-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Legacy Ballroom» սրահին մէջ ներկայ եղաւ ՀՕՄ-Ի «Ջաւախք» յանձնախումբի տարեկան հանգանակային ձեռնարկին եւ ուղղեց իր պատգամը։ Ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի Ախալցխայի երիտասարդական կեդրոնի վերակառուցման։ Ձեռնարկին, ՀՕՄ-ի Շրջ. Վարչութիւնը պատուեց ՀՕՄ-ի վաստակաշատ ու նուիրեալ անդամներէն Տիկին Հայկուշ Գեղինեան-Քոհլըրը՝ բարձր գնահատելով անոր կեանքի […]
Համբարձման Տօնը Արեւմտեան Մեր Թեմին Մէջ
Քրիստոսի Համբարձման տօնը Հինգշաբթի, 10 Մայիս 2018-ին, Արեւմտեան մեր Թեմին մէջ տօնախմբուեցաւ Ս. Պատարագի արարողութեամբ ու աւանդական ճաշկերոյթով, վերջինը կազմակերպուած՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինին կողմէ։ Ս. Պատարագը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի. պատարագիչն էր Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան, որ քարոզեց վեր առնելով […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ցաւակցութիւն կը Յայտնէ Քալիֆորնիոյ Նախկին Նահանգապետ Ճորճ Տէօքմէճեանի Մահուան Առիթով
Ի լուր Քալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ Ճորճ Տէօքմէճեանի մահուան գոյժին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, յանուն Արեւմտեան մեր Թեմի մեծ ընտանիքին, ցաւակցագիր մը յղեց հանգուցեալի այրիին՝ Կլորիայի, զաւակներուն՝ Լեսլիի, Ճորճի եւ Անտրէայի, թոռներուն ու ընտանեկան հարազատներուն, աղօթք բարձրացնելով, որ Երկնաւոր Հայրը այս դժուար օրերուն անոնց պարգեւէ հոգեկան զօրութիւն եւ խաղաղութիւն։ «Ճորճ Տէօքմէճեան անունը […]
Մասնակցութիւն Համայնքային Ձեռնարկներու
Անցնող շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցան շարք մը համայնքային ձեռնակներ։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ներկայ եղան Թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամներ։ Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին եւ գործակցութեամբ Նորթրիճի Նահանգային Համալսարանի հայագիտական բաժանմունքին, Շաբաթ, 5 եւ Կիրակի 6 Մայիսին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած գիտաժողով մը տեղի ունեցաւ «Հայկական Պետականութեան Վերականգնում՝ Իրագործումներ եւ Մտածումներ» խորագիրով։ Արժ. […]
Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը Ընտրեց Թեմիս Կրօնական Ժողովի ու Ազգ. Վարչութեան Նոր Կազմերը – Զօրակցութիւն՝ Հայաստանի Ժողովրդային Բարեկարգչական Շարժումին
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը իր 46-րդ նստաշրջանը գումարեց Ուրբաթ 4 եւ Շաբաթ 5 Մայիս 2018-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, սպառիչ կերպով քննարկեց օրակարգի հարցերը, մշակեց յառաջիկայ աշխատանքի տարուան ծրագիրները, յատուկ կարեւորութեամբ կանգ առաւ Հայաստանի վերջին շաբաթներու իրադարձութեանց առջեւ […]