2018 Լուրերու Արխիւ
Լոս Անճելըսի Վերահսկիչներու Խորհուրդը Կը Պատուէ Ազգ. Վարչութեան Անդամներէն Ալեք Պաղտասարեանը
Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քէթրին Պարկըրի նախաձեռնութեամբ, վերահսկիչներու խորհուրդը՝ Board of Supervisors, Ապրիլ ամիսը նկատած է Հայոց պատմութեան նուիրուած ամիս եւ այս առիթով, իր նիստերուն ընթացքին պատիւի արժանացուց հայորդիներ, որոնք մեծ նպաստ բերած են հայութեան ու ամերիկեան հաւաքականութեան։ Պատիւի արժանացողներուն շարքին էր Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիար Ալեք Պաղտասարեան, որուն անունը առաջարկուած էր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ […]
Ցեղասպանութեան 103-րդ Ամեակը Արեւմտեան Մեր Թեմին Մէջ
Անցեալ շաբաթավերջէն սկսեալ, Արեւմտեան մեր Թեմի հայութիւնը իր ձայնն ու գործը միացուց համայն հայութեան բողոքի ու պահանջատիրութեան ձայնին, Ցեղասպանութեան 103-րդ ամեակին առիթով խոնարհելով մեր սրբադասեալ նահատակներուն յիշատակին առջեւ եւ վերահաստատելով մեր արդար իրաւունքները աննահանջ շարունակելու կամքը։ Այս առիթով, տեղի ունեցան արարողութիւններ, քաղաքական եւ ցուցական հաւաքներ ու մշակութային արտայայտութիւններ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. […]
Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանը Յիշատակեց Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ Ամեակը
Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի կողքին գործող հայկական խմբակին նախաձեռնութեամբ, Երկուշաբթի, 23 Ապրիլ 2018-ին, նահանգային խորհրդարանը Սաքրամենթոյի մէջ գումարեց յատուկ նիստ մը, ոգեկոչելու համար յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան՝ պատմական ոճիրին 103-րդ ամեակին առիթով։ Նիստին ներկայ եղան հայ հոգեւորականներ ու հայկական կազմակերպութեան ու միաւորներու ներկայացուցիչներ։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր […]
Եպիսկոպոսական Անդրանիկ Ս. Պատարագ՝ Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի
Առաջնորդական փոխանորդ Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Անթիլիասի մայրավանքէն Լոս Անճելըս վերադարձին, յառաջիկայ Կիրակի, 29 Ապրիլ 2018-ն, եպիսկոպոսական իր անդրանիկ Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Յանուն Թեմիս Կրօնական Ժողովին ու Ազգ. Վարչութեան, անգամ մը եւս կը շնորհաւորենք նորաօծ Սրբազանը, Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ եպիսկոպոսական […]
Կոչ
ԿՈՉ Սիրելի՛ հաւատացեալներ, Աւելի քան 10 օրէ ի վեր, Հայաստան կ’ապրի եռեւեփումի արտասովոր վիճակ մը: Օր աւուր կը հետեւինք դէպքերու հոլովոյթին ու կացութիւնը բարեշրջման տանելու ճիգերուն, որոնք ցարդ չեն հասած շօշափելի արդիւնքի: Գոհունակութեան միակ աղբիւրը այն է, որ հակադիր կողմերը ցոյց տուած են վայրագութենէ եւ անհարկի ընդհարումներէ ետ կենալու կամք, որպէսզի երկրին ու ժողովուրդին խնայուի […]
Գէորգ Պետիկեանի «Սա մեր բոլորին Հալէպն է» Հատորին Ողջունահանդէսը՝ Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ
Ծանօթ հրապարակագիր եւ դաստիարակ Գէորգ Պետիկեանի «Սա մեր բոլորին Հալէպն է» նորատիպ հատորին ողջունահանդէսը, Հինգշաբթի, 19 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, առիթ մը եղաւ լուսարձակի տակ բերելու Հալէպի հայկական գաղութին պատմական դերը, վերջին տարիներու տագնապալի վիճակն ու մասնաւորաբար Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տեղն ու դերը սերունդներու դաստիարակութեան գործին […]
Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան Վարժարանի Աշակերտները Վերանորոգեցին Պահանջատիրութեան Ուխտը Ազգ. Առաջնորդարանի Ս. Նահատակաց Յուշակոթողին Առջեւ
Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի աշակերտները Ուրբաթ, 20 Ապրիլ 2018-ի առաւօտուն, Ցեղասպանութեան 103-ամեակին առիթով խումբ-խումբ քայլարշաւով Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին եւ Ցեղասպանութեան սրբադասեալ նահատակներուն յուշակոթողին առջեւ վերանորոգեցին մեր պահանջատիրութեան ուխտը: Աշակերտները վարժարանի շրջափակին մէջ կատարած էին ծառատնկում եւ մոմավառութիւն՝ նուիրուած Արեւմտեան Հայաստանի Շատախ շրջանին. ծառին հովանաւորն էր վարժարանի ծնողներէն՝ Արա եւ Ժագլին Թովմասեան ամոլը։ Այնուհետեւ, […]
Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Վարժարանի 11-րդ Կարգի Աշակերտները Ապրիլեան Ուխտը Վերանորոգեցին Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ
Հայաստան իրենց ուղեւորութեան նախօրեակին, Ազգ. Ռոզ Եւ Ալեք Փիլիպոս երկրորդական վարժարանի 11-րդ կարգի աշակերտները Հինգշաբթի, 19 Ապրիլ 2018-ի կէսօրին Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին եւ վերանորոգեցին մեր հաւատքին ու ազգային արժէքներուն հաւատարմութեան ուխտը։ Ընկերակցութեամբ իրենց հայերէնի դաստիարակներուն, աշակերտները առաջնորդուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահ, ուր ընդունուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Առաջնորդ […]
Ազգ. Ռ. Թիւֆէնքեան Մանկամսուրի Աշակերտները Այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան
Ապրիլ 24ի նախօրեակին, Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան մանկամսուրի աշակերտները Հինգշաբթի, 19 Ապրիլ 2018-ի առաւօտուն Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին իրենց դաստիարակներուն հետ, ծաղիկներ դրին Ցեղասպանութեան Ս. նահատակներու յուշակոթողին դիմաց, ստացան օրհնութիւնը Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, որ նախորդ գիշեր վերադարձած էր Լիբանանէն։ Մանուկները հայրենասիրական երգերով ուխտեցին կառչած մնալ Ս.buy antabuse online https://www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/antabuse.html no prescription նահատակաց […]
Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւն եւ Օծում՝ Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ
Շաբաթ 14 եւ Կիրակի 15 Ապրիլ 2018-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան չորս միաբան հայրեր՝ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեան (Առաջնորդ Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմին), Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեան (Առաջնորդ Սպահանի հայոց թեմին), Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան (Կաթողիկոսական Փոխանորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմին) եւ Գերպ. Տ. […]
Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական Խորհուրդը Յիշատակեց Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակը
Նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի, Չորեքշաբթի, 18 Ապրիլ 2018-ի առաւօտուն, քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակի յիշատակման պաշտօնական հանդիպում մը, մասնակցութեամբ հայկական կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչներու։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, հանդիպումին ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։ Այս առիթով, քաղաքապետական խորհուրդը պատուեց կրթական կեանքի […]
Ցեղասպանութեան 103-ամեակի Նշումը Լոս Անճելըսի Մէջ
Թուրքիոյ պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած Հայկական Ցեղասպանութեան 103-րդ տարեդարձին առիթով, այս տարի եւս, 24 Ապրիլին, մեր Թեմի զաւակները պիտի միանան աշխարհասփիւռ հայութեան, անգամ մը եւս վերահաստատելու մեր պահանջատիրութիւնը մեր իրաւունքներուն նկատմամբ ու ոգեկոչելու յիշատակը սրբադասեալ մեր նահատակներուն։ Կիրակի, 22 Ապրիլին, ժամը 2-ին, Մոնթեպելլոյի Ցեղասպանութեան Յուշարձանին առջեւ (Bicknell Park, 901 Via San Clemente) տեղի պիտի […]
Լոս Անճելըս Գաւառի Վերահսկիչներու Խորհուրդը Ոգեկոչեց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը
Պահպանելով տարիներու իր աւանդութիւնը, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը Երեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2018-ի առաւօտուն, իր շաբաթական նիստին ընթացքին յատուկ արարողութեամբ մը ոգեկոչեց յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր սրբադասեալ նահատակներուն։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ներկայ եղաւ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանի եւ […]
Քրեսենթա Հովիտի Հայ Կեդրոնը Վերանուանուեցաւ «Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան Երիտասարդական Կեդրոն»
Կիրակի, 8 Ապրիլ 2018-ի յետմիջօրէին, ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, տեղի ունեցաւ Քրեսենթա Հովիտի Հայ Կեդրոնի անուանակոչութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը. կառոյցը կոչուեցաւ «Տէր եւ Տիկին Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան Երիտասարդական Կեդրոն», շնորհիւ ամոլին ազնիւ բարերարութեան։ Ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեան, քաղաքական […]
Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ «Գայլ Վահան» ու «Ս. Վարդան» Սկաուտական Շքանշաններու Տուչութիւն Նորթ Հոլիվուտի Եկեղեցւոյ Մէջ
Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող Կիրակին կը կոչուի Նոր Կիրակի կամ Կրկնազատիկ։ Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 8 Ապրիլին, եւ համաձայն տարիներու աւանդութեան, Ս. Պատարագ մատուցեց Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ եւ ներկայ հաւատացեալներուն ուղղեց իր պատգամը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան […]