2019 Լուրերու Արխիւ

Ժամանակացոյց Աւագ Շաբթուան եւ Ս. Զատկուան Արարողութեանց

Երկուշաբթի, 15 Ապրիլը Աւագ Շաբթուան առաջին օրն է։ Շաբթուան իւրաքանչիւր օրը նուիրուած է Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջին օրերու յիշատակման: Աւագ Երեքշաբթի նուիրուած է 10 Կոյսերու առակին, որ կը պատգամէ միշտ պատրաստ ըլլալ Քրիստոսի երկրորդ գալուստին։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ արարողութեան, իսկ Առաջնորդական փոխանորդը՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութեան։ Արարողութիւնները պիտի սկսին […]

Առաջնորդ Սրբազան Ծաղկազարդին Պիտի Պատարագէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 14 Ապրիլ 2019-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին՝ Ծաղկազարդի տօնին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ մանուկներու թափօր։ Իսկ աւարտին, պիտի կատարուի Դռնբացէքի արարողութիւնը, որ կը խորհրդանշէ Յիսուսի երկրորդ գալուստը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ […]

Միջ-դպրոցական Ասմունքի Մրցանակաբաշխութեան Հանդիսութիւն՝ Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ

Հինգշաբթի, 11 Ապրիլ 2019-ի երեկոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-դպրոցական ասմունքի 6-րդ մրցումի մրցանակաբաշխութիւնը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ներկայ էին Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի ու դատական կազմի անդամներ, տնօրէններ, դաստիարակներ եւ ծնողներ։ Տէրունական աղօթքի հաւաքական արտասանութենէն ետք, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի ատենապետուհի Տիկին […]

CASPS-ը Գնահատանքի Արժանացուց Լոս Անճելըսի Հանրային Երկրորդական Վարժարաններու Յաջողակ Աշակերտներ

Հինգշաբթի, 11 Ապրիլ 2019-ին, Verdugo Hills High School-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող Հանրային Վարժարաններու Հայ Ուսանողներու Յանձնախումբի՝ CASPS-ի կազմակերպած 13-րդ տարեկան հանդիսութիւնը ի պատիւ Լոս Անճելըսի հիւսիս-արեւելեան եւ հիւսիս-արեւմտեան գօտիներու հանրային վարժարաններու 10-էն 12-րդ դասարաններու յաջողակ հայ աշակերտներու։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Նորթ Հոլիվուտի Հայց. […]

Ազգ. Լ. եւ Յ. Թաւլեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզի Աշակերտներու Տարեկան Ս. Զատկուան Այցելութիւնը Ազգ. Առաջնորդարան

Հինգշաբթի 11 Ապրիլ 2019-ին, Ս. Յարութեան տօնի նախօրեակին, Փասատինայի Ազգ. Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուրի աշակերտները այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան, ուր հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին կողմէ, կողքին ունենալով Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։ Աշակերտներուն կ՛ընկերանային վարժարանի վարիչուհին՝ Տիկ. […]

Առաջնորդ Սրբազանը Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ Նախագահեց Վերջին Արեւագալին եւ Մեծ Պահքի Ճաշկերոյթին – Հայ Մամուլի Տարուան Առթիւ Դասախօսեց Յարութ Սասունեան

Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2019-ին, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ Պահոց շրջանի Արեւագալի վերջին արարողութիւնը: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Արեւագալի արարողութեան եւ փոխանցեց օրուան պատգամը։ Հաւատացեալներուն կողքին ներկայ էին Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի տնօրէնուհին՝ Տիկին Սօսի Շանլեան, ուսուցիչներ եւ 10էն-12րդ կարգի աշակերտներ։ Առաջնորդ Սրբազանը իր հոգեւոր […]

Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական Խորհուրդի Անդամ Փօլ Գրիգորեան Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան

Երեքշաբթի, 9 Ապրիլ 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի։ Յարգելի հիւրին կ՛ընկերանար անոր գրասենեակի նոր վարիչ Տիար Կարօ Թորոսեան։ Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ խորհրդակցելու Լոս Անճելըսն ու մեր գաղութը յուզող զանազան հարցերու շուրջ, ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչում եւ միասնական ձեռնարկներ, ու քաղաքապետութեան կողմէ […]

Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան Վարժարանի Աշակերտները Վերանորոգեցին Պահանջատիրութեան Ուխտը Ազգ. Առաջնորդրանի Ս. Նահատակաց Յուշակոթողին Առջեւ

Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի աշակերտները Երեքշաբթի, 9 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն, Ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով խումբ-խումբ քայլարշաւով Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին եւ Ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ վերանորոգեցին մեր պահանջատիրութեան ուխտը: Արդարութեան Քայլարշաւի խորհրդանիշը կրող շապիկներ հագած, աշակերտները քալելով հասան Ազգ. Առաջնորդարան, ուր դիմաւորուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին կողմէ, կողքին ունենալով Արժ. Տ. Նարեկ […]

Հայաստանի Հանրապետութան Գլխաւոր Հիւպատոսութեան 25-Ամեակի Տօնախմբութիւն

Հովանաւորութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի, Կիրակի 7 Ապրիլ 2019-ին, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոսութեան հիմնադրութեան 25-ամեակը։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ եւ փոխանցեց իր շնորհաւորանքները։ Ձեռնարկին պատուոյ հիւրն էր Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ վսեմաշուք Նիկոլ Փաշինեանի տիկինը՝ Աննա Յակոբեան։ Յատուկ գնահատանքի եւ […]

«Ապրիլեան Հերոսներ» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն Ֆորէսթ Լոնի Մէջ

Կիրակի, 7 Ապրիլ 2019-ին, Հոլիվուտ Հիլզի Ֆորէսթ Լոն գերեզմանատան «Լիպըրթի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ապրիլեան Հերոսներ» ժապաւէնի առաջին ցուցադրութիւնը Ա.Մ. Նահանգներու մէջ։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին։ Ներկաներուն առիթ տրուեցաւ հարցումներ ուղղելու ֆիլմարտադրիչ Ցվետանա Փասքալեւայի։ Տեղի […]

Տօն Անուանակոչութեան Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Շաբաթ, 6 Ապրիլ 2019-ը տօնն էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապ մուտքին, որ անուանակոչութեան տօնն է Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ 7 Ապրիլին, Մեծ Պահոց վեցերորդ՝ Գալստեան Կիրակիին, ինչպէս նաեւ Ս. Աստուածածնայ աւետման տօնին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր.buy strattera online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/strattera.html no prescription Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. […]

ՀՕՄ-ի Շաբաթօրեայ Վարժարաններու Աշակերտական Հաւաք՝ Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձանին Առջեւ

Շաբաթ, 6 Ապրիլ 2019-ին, ՀՕՄ-ի Շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտներ համախմբուեցան Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանին շուրջ, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մեր սրբադասեալ նահատակներուն յիշատակին։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան ներկայ եղաւ հաւաքին, կատարեց բացման աղօթքը եւ աշակերտներուն խօսեցաւ Ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբադասման մասին, […]

Տոքթ. Ալպէր Գարամանուկեան Պարգեւատրուեցաւ «Կիլիկեան Ասպետ»ի Շքանշանով

Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Նախագահէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղցեւոյ Վերջին Արեւագալին եւ Մեծ Պահքի Ճաշկերոյթին

Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլին, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ Մեծ Պահքի շրջանի Արեւագալի վերջին արարողութիւնը: Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Արեւագալի արարողութեան եւ իր հոգեւոր պատգամը պիտի ուղղէ։ Արարողութենէն ետք, «Տիգրանեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Տիկնանց Միութեան կազմակերպած Մեծ Պահոց աւանդական ճաշկերոյթը: «Հայ Մամուլի Տարուան» առիթով […]

Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Շաբաթ, 6 Ապրիլ 2019ը տօնն է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապ մուտքին, որ անուանակոչութեան տօնն է Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, իսկ 7 Ապրիլը Մեծ Պահոց վեցերորդ՝ Գալստեան Կիրակին է, ինչպէս նաեւ Աւետման Ս. Աստուածածնի տօնը։ Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Կիրակի, 7 Ապրիլին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022