2019 Լուրերու Արխիւ

Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ամառնային Ս. Գրային Դպրոցը

Չորեքշաբթի, 24 Յուլիս 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ամառնային Ս. Գրային դպրոց եւ իր օրհնութիւններն ու պատգամը փոխանցեց մանուկներուն։ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ ներկայացուց ամառնային Ս. Գրային դպրոցէն ներս կատարուած աշխատանքները։ Ապա, փոքրիկները իրենց սորված շարականները, […]

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ներկայացուցիչը՝ Օրէնճ Քաունթիի «Christ Cathedral»ի Վերաօծման Արարողութեան

Չորեքշաբթի, 17 Յուլիս 2019-ին, Օրէնճ Քաունթիի «Christ Cathedral»ը, որ նախապէս «Crystal Cathedral» կը կոչուէր, վերաբացուեցաւ եւ վերաօծուեցաւ յետ եօթնամեայ վերանորոգութեան։ Միացեալ Նահանգներու մէջ պապական նուիրակ Քրիսթոֆ Արք. Փիեռ նախագահեց արարողութեան, որուն ընթացքին օրհնուած ջրով եւ միւռոնով օծեց Ս. Խորանն ու պատերը։ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Օրէնճ շրջանի Առաջնորդ Քեւըն Եպս. Վանի եւ հովիւ Քրիսթըֆըր Սմիթի հրաւէրով, յանուն […]

Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Ուաշինկթընի Հայ Դատի Գրասենեակը

Երեքշաբթի, 16 Յուլիս 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Տրդատ Մանկիկեան Ուաշինկթընի մէջ այցելեցին Հայ Դատի գրասենեակը, ուր դիմաւորուեցան գործադիր տնօրէն Տիար Արամ Համբարեանի եւ պաշտօնէութեան կողմէ։ Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան Հայ Դատի կատարած հայօգուտ ջանքերն ու համայնքային խնդիրները։ Կողմերը նաեւ անդրադարձ կատարեցին մէկ օր առաջ տեղի […]

Ուաշինկթընի մէջ՝ Պատմական Միջ-Եկեղեցական Արարողութիւն Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Զօրակցութեան Համար

Երկուշաբթի, 15 Յուլիս 2019-ին, նախաձեռնութեամբ «Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու» կազմակերպութեան, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ պատմական միջ-եկեղեցական արարողութիւն մը, ի զօրակցութիւն Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, որոնք շարունակ հալածանքներու ու նեղութեանց կ’ենթարկուին Միջին Արեւելքի մէջ։ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Միացեալ Նահանագներու մէջ պապական նուիրակ Քրիսթոֆ […]

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Այցելութիւնը ՀՀ Դեսպանատուն

Երկուշաբթի, 15 Յուլիս 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան Ուաշինկթընի մէջ այցելութիւն մը տուին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, հանդիպելու Ազգային Ժողովի նախագահ Տիար Արարատ Միրզոյեանի հետ որ պաշտօնական այցելութեամբ Ուաշինկթըն կը գտնուէր։ Հանդիպումին ներկայ էին դեսպան Վարուժան Ներսէսեան եւ Ազգային Ժողովի անդամ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ուաշինկթընի Մէջ Պիտի Մասնակցի Միջ-Եկեղեցական Արարողութեան

Երկուշաբթի, 15 Յուլիս 2019-ին, նախաձեռնութեամբ «Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու» կազմակերպութեան եւ մասնակցութեամբ Միջին Արեւելքի եւ Ամերիկեան քրիստոնեայ եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներու, Ուաշինկթընի մէջ տեղի պիտի ունենայ միջ-եկեղեցական հաւաքական աղօթք մը, ի զօրակցութիւն Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, որոնք շարունակական հալածանքի ու նեղութեան կ’ենթարկուին Միջին Արեւելքի վերիվայրումներուն հետեւանքով։ Արարողութեան թեման է «Քրիստոնէական նախադարեան եկեղեցին. միջ-եկեղեցական աղօթք Միջին Արեւելեան լեզուներով»։ Յայտագիրին […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ ՀՕՄ-ի Պատգամաւորական 97րդ Ժողովի Բացման Արարողութեան

Ուրբաթ, 12 Յուլիս 2019-ի առաւօտուն, ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Շրջանի Պատգամաւորական 97-րդ ժողովի բացումը կատարուեցաւ Հայ Քոյրերու վարժարանի սրահին մէջ, Մոնթրոզ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի, կատարեց բացման աղօթքը եւ փոխանցեց իր պատգամը։ Բացման խօսքը արտասանեց ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Սիլվա Փօլատեան, որուն հետեւեցան դրօշակի արարողութիւնն […]

Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին

Կիրակի, 7 Յուլիս 2019-ին Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց։ Օրուան պատարագիչն էր Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։ Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ հակիրճ կերպով ներկայացուց նախորդ օր նշուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի «Գիւտ Նշխարաց» տօնը եւ վեր առաւ մեր հաւատքի […]

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 44-րդ «Նաւասարդեան»ի Փակման Հանդիսութիւն

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 44-րդ «Նաւասարդեան» խաղերու փակման հանդիսութիւնն ու տողանցքը բազմահազար հայորդիներու ներկայութեան տեղի ունեցան Շաբաթ, 6 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան, Վէն Նայսի «Պըրմինկհէմ» վարժարանի մարզաւանին մէջ, պատուոյ նախագահութեամբ՝ Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Սօսի Էշկիեան ամոլին։ Ներկայ էին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, նախկին Առաջնորդներէն Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան, Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. […]

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 44-րդ Նաւասարդեանի Յաղթանակի Պարահանդէս

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 44-րդ մարզախաղերու յաղթանակի պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 30 Յունիս 2019-ի երեկոյեան, «Beverly Hilton» պանդոկի սրահին մէջ, պատուոյ նախագահութեամբ՝ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ՝ Տէր եւ Տիկ. Կարօ եւ Սօսի Էշկիեան ամոլին։ Ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս՝ Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան եւ տիկինը։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան կատարեց բացման աղօթքը եւ փոխանցեց իր […]

Հայրապետական Մաղթանք Մեր Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Գահակալութեան 24-րդ Տարեդարձին Առիթով

Կիրակի, 30 Յունիս 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր բոլոր Թեմերով, յընթացս Ս. Պատարագին Հայրապետական Մաղթանքով նշեց Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 24-րդ տարեդարձը: Նշենք, որ Վեհափառ Հայրապետը 28 Յունիս 1995-ին Կաթողիկոս ընտրուած է, իսկ օծուած է՝ 1 Յուլիս 1995-ին։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց […]

Հայրապետական Մաղթանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան եւ Օծման 24-րդ Տարեդարձին Առիթով

Կիրակի, 30 Յունիս 2019-ին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Հայրապետական Մաղթանք պիտի կատարուի Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան ու օծման 24-րդ տարեդարձին առիթով։ Նշենք, որ Նորին Սրբութեան ընտրութիւնը տեղի ունեցած է 28 Յունիս 1995-ին, իսկ օծումը՝ 1 Յուլիս 1995-ին։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ […]

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 44-րդ «Նաւասարդեան» Մարզախաղեր ու Փառատօն

3էն 6 Յուլիսին, Վէն Նայսի «Պըրմինկհէմ» վարժարանի մարզահամալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Նաւասարդեան» 44-րդ փառատօնը։ Այս տարուան պատուոյ նախագահն է Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Կարօ եւ Սօսի Էշկիեան ամոլը, իսկ «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.-ական»ը՝ Տիար Վարդգէս Շխրտըմեան։ Մարզախաղերու փակման հանդիսութիւնն ու տողանցքը տեղի պիտի ունենան Շաբաթ, 6 Յուլիս երեկոյեան, որու ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան պիտի ուղղէ իր պատգամը։ […]

«Մելքոն եւ Անժէլ Մելքոնեան Հայ Կեդրոն»ի Անուանակոչութեան Արարողութիւն

Կիրակի, 23 Յունիս 2019-ին, Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հայ Կեդրոնը վերանուանուեցաւ «Մելքոն եւ Անժէլ Մելքոնեան Հայ Կեդրոն»։ Ազգային բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլը մեծ գումար նուիրաբերած էին սոյն կեդրոնին։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց բացման արարողութեան, ընկերակցութեամբ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի եւ Արժ. Տ. […]

Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Փոխ Ատենապետ՝ Տիար Կարպիս Գարամարտեան Գնահատանքի Յուշատախտակ կը Ստանայ

Չորեքշաբթի, 19 Յունիս 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան փոխ ատենապետ՝ Տիար Կարպիս Գարամարտեանը։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանը։ Ինչպէս ծանօթ է, 17 Մայիսին, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 47-րդ նիստի ընթացքին ի բացակայութեան Տիար Գարամարտեան յուշատախտակով […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022