2015 Լուրերու Արխիւ
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հայրենի Դիւանագէտ Վալերի Մկրտումեանի Այցելութիւնը
Հինգշաբթի, 5 Մարտ 2015ի առաւօտուն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգային Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը հայրենի դիւանագէտ Տիար Վալերի Մկրտումեանի, որ նոր պաշտօնի կոչուած է Լոս Անճելըսի հայկական հիւպատոսարանի յարկին տակ: Ան նշանակուած է Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Լիազօր Նախարար (Minister Plenipotentiary): Յիշեցնենք, որ հիւր դիւանագէտը 2001էն 2003 տարիներուն վարած է Լոս […]
Մեծ Պահքի Առիթով Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Եղբայրակցութեան Կեդրոնը
Ուրբաթ, 27 Փետրուար 2015ի երեկոյեան, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուեշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հսկումի արարողութեան: Աւարտին, ընկերակցութեամբ Հոգշ.buy levaquin online gilbertroaddental.com/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/levaquin.html no prescription Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեանի ու Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեանի, Առաջնորդ Սրբազանը ուղղուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան Կլենտէյլի կեդրոնը: Եղբայրակցութեան վարչութեան ատենապետ Աւօ Եղբ. Գապաքչուզեան ողջունեց […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանի Այցելութիւնը
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 3 Մարտ 2015ի կէսօրին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը հայրենի պատմաբան եւ մտաւորական Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանի եւ ազնիւ տիկնոջ՝ Լուսինէի, որոնց կ’ընկերանային ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան համա-ատենապետուհիներէն Տիկին Մարալ Մաթոսեան եւ Ջաւախքի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ: Նշենք, որ հայրենի պատմաբանը, որ ջաւախքցի է, Լոս Անճելըս հրաւիրուած էր ՀՕՄի Շրջ. […]
LA2DC Նախաձեռնութեան Ներկայացուցիչները Այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան
Ուրբաթ, 27 Փետրուար 2015ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը LA2DC նախաձեռնութեան կազմակերպիչներուն՝ Օհան Պաղտասարեանի, Կրէկ Աղամանուկեանի եւ Վահէ Պապայեանի, որոնք եկած էին լուսաբանութիւն տալու Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակման իրենց իւրայատուկ ծրագիրին մասին: Յարգելի հիւրերը բացատրեցին, որ 100ամեակին առիթով, կազմակերպած են Լոս Անճելըսէն դէպի Ուաշինկթըն հեծելարշաւ մը, որուն նպատակն […]
Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Ներկայացուցիչները Կþայցելեն Ազգ. Առաջնորդարան
Ուրբաթ, 27 Փետրուար 2015ին, Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի ներկայացուցիչներու, Համալսարանի մուտքի ընդունման պատասխանատու Արինա Զոհրապեանի եւ Օգլընտի մէջ տեղակալ Մաթօ Սենեքերիմեանի, որոնք Առաջնորդարան եկած էին ներկայացնելու համալսարանին Սփիւռքի աշակերտներու տրամադրած ուսումնական զանազան կարելիութիւնները, որոնց շարքին է նաեւ ամառնային ծրագիրներ, հեռակայ ուսանելու կարելիութիւնները եւ այլ դիւրամատչելի ձեւեր։ […]
Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմնի Տարեկան Մեծ Պահքի Ճաշկերոյթ
Չորեքշաբթի, 25 Փետրուար 2015ի առաւօտեան, Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Մեծ Պահոց երկրորդ Արեւագալի ժամերգութեան: Արարողութեան մասնակից էին Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանն ու եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ՝ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան, Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեան եւ Արժ. Տ. […]
Առաջնորդ Սրբազանը Դասախօսեց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն Սրբադասութեան Մասին
Կիրակի, 22 Փետրուար 2015ը Մեծ պահքի երկրորդ՝ Արտաքսման Կիրակին էր. անիկա եղաւ յիշարժան օր մը, Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն համար: Արդարեւ, ընդառաջելով եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան հրաւէրին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Ս. եւ Անմահ Պատարագին, աւուր պատշաճի քարոզեց եւ նախագահեց Հայ Օգնութեան Միութեան ննջեցեալ ծառայողներուն […]
Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի 40-Ամեակ
Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանը Շաբաթ, 21 Փետրուար 2015ի երեկոյեան, Հոլիվուտի “Տաղլեան” սրահին մէջ, պաշտօնական ճաշկերոյթով մը տօնեց իր հիմնադրութեան 40-ամեակը, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի: Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամ Տիար Մհեր Տէր Յովաննէսեան, պետական ու ազգային անձնաւորութիւններ: Տօնախմբութեան մասնակից էին շուրջ 500 հայորդիներ, որոնց շարքին՝ վարժարանի նախկին ու […]
Առաջնորդ Սրբազան Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ Նախագահեց Արեւագալի Առաջին Արարողութեան
Չորեքշաբթի, 18 Փետրուար 2015ին, տեղի ունեցաւ Մեծ Պահոց առաջին Արեւագալի արարողութիւնը։ Տարիներու սովորութեան համաձայն, այս տարի եւս, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Մեծ Պահքի առաջին Արեւագալի արարողութեան, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեանի։ Արարողութեան ներկայ եղան նաեւ Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի երկրորդական բաժնի դասարաններու աշակերտները։ […]
Շաբաթական Լուրեր – 20 Փետրուար 2015
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՔՐԵՍԵՆԹԱ ՀՈՎԻՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ ԵՒ ՊԻՏԻ ԴԱՍԱԽՕՍԷ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՍՐԲԱԴԱՍՄԱՆ ՄԱՍԻՆ – ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՀՕՄ-Ի ՆՆՋԵՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ Տարիներու սովորութեան համաձայն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, եւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան խնդրանքով, Կիրակի, 22 Փետրուար 2015ին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի ՀՕՄ-ի հին […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան Ներկայացուցիչները
Երեքշաբթի, 17 Փետրուար 2015ի երեկոյեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանի “Սիւլահեան” դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներուն, գլխաւորութեամբ համա-ատենապետուհիներ Տիկնայք Ռեբեքա Պէրպէրեանի եւ Մարալ Մաթոսեանի: Ներկայացուցիչներուն կ’ընկերանար ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Վիքի Մարաշլեան: Հանդիպումին ներկայ եղան Ազգային Վարչութեան ատենապետ եւ փոխ ատենապետ Տեարք Վահէ […]
Տեառնընդառաջի Տօնակատարութիւն Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման հրաշափառ տօնը այս տարի եւս հաւատացեալները համախմբեց Տիրոջ ներկայութեան կենալու եւ իրենց անձերը ընծայելու որպէս մանուկներ: Ուրբաթ, 13 Փետրուար 2015-ի երեկոյեան, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Մանուկ Յիսուսի քառասնօրեայ տաճար ընծայման տօնը եւ կատարուեցաւ աւանդական հրավառութիւն: Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին […]
Շաբաթական Լուրեր – 13 Փետրուար 2015
ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 15 Փետրուար 2015ը Բուն Բարեկենդան է, որ մեր եկեղեցական ու ժողովրդական զուարթ տօներէն մէկն է։ Աւանդաբար, Բարեկենդանը կը տօնախմբուի իբրեւ առատ կերուխումի, խնճոյքի եւ զուարթութեան օր, առ ի պատրաստութիւն պահեցողութեան երկար ժամանակաշրջանին։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Բուն Բարեկենդանին […]
Ս. Վարդանանց Տօնին Առիթով Ժամերգութիւն եւ Ս. Պատարագ
Հինգշաբթի, 12 Փետրուար, 2015ին, Արեւմտեան մեր Թեմին մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Ս. Վարդանանց Զօրավարաց տօնը։ Առաւօտեան, Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գիշերային եւ առաւօտեան ժամերգութիւն, մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն։ Ժամերգութեանց ընթացքին աղօթքներով ու շարականներով յիշատակուեցան հաւատքի ու հայրենիքի պաշտպան նահատակ սուրբերը։ Յաւարտ ժամերգութեան, Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան իր սրտի […]
Սրբոց Ղեւոնդեանց Տօնին Առթիւ Հոգեւորականաց Համագումար եւ Երեկոյեան Ժամերգութիւն
Ս. Ղեւոնդեանց տօնը, հայ հոգեւորականութեան տօնն ըլլալով, ամէն տարի առիթ կ’ընծայէ հոգեւոր խորհրդածութեանց եւ յատուկ արարողութեանց, ինչպէս նաեւ հոգեւորականաց համագումարի կազմակերպութեան։ Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի, Երեքշաբթի, 10 Փետրուար 2015ին, տեղի ունեցաւ տարեկան Ս. Ղեւոնդեանց համագումարը, հիւրընկալութեամբ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ։ Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. […]