2015 Լուրերու Արխիւ

Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Ազգ. Գրուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Վարժարան

Սան Ֆրանսիսքօ իր այցելութեան առիթով, Թեմիս բաերեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2015ի առաւօտուն այցելութիւն մը տուաւ Ազգ. Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանը եւ մտերմիկ պահ մը բոլորեց դաստիարակներուն եւ աշակերտներուն հետ: Առաջնորդ Սրբազանին կþընկերանային Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեան եւ Բարեշն. Սեւակ Սրկ. Պատոյեան: Վարժարանի մուտքին, […]

Առաջնորդ Սրբազանը Մասնակցեցաւ Ճերըլտ եւ Մարք Խաչատուրեաններու Յիշատակի Ընթրիքին

Երկուշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2015ին, Սան Ֆրանսիսքոյի մօտակայ Սան Մաթէօ քաղաքի «Peninsula Golf and Country Club»ին մէջ, տեղի ունեցաւ կոլֆի տարեկան 15րդ մրցումը, որ կը վայելէր հովանաւորութիւնը ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Հէնք եւ Ռիթա Խաչատուրեանի, ի յիշատակ իրենց զաւակներուն՝ Ճերըլտի եւ Մարքի: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընդառաջելով բարերարին հրաւէրին, այս տարի […]

Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Լաս Վեկասի Ծխական Համայնքին

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 11 Հոկտեմբեր 2015ին եղաւ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ ծխական համայնքին հետ. Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ մատուցեց, պատգամը ուղղեց եւ ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարեց, այսպէսով Լաս Վեկասի մեր հաւատացեալները եւս հաղորդակից դարձնելով անցեալ Յուլիսին, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ձեռամբ կատարուած միւռոնօրհնէքի խորհուրդին: Առաջնորդ Սրբազանը […]

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Նախատօնակի Արարողութիւն

Ս. Թարգմանչաց տօնին առիթով, Ուրբաթ, 9 Հոկտեմբեր 2015ի երեկոյեան, նախատօնակի արարողութիւն տեղի ունեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն: Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւորականները նոր վերադարձած էին Արեւելեան Թեմէն, ուր շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած էր Ամերիկայի երեք Թեմերու հոգեւորականաց միացեալ համագումարը նուիրուած՝ Թարգմանիչ Հայրերուն […]

Ս. Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Ամերիկայի Երեք Թեմերու Հոգեւորականաց Համագումար Նիւ Ճըրզիի Մէջ

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Քանատայի Թեմերու Առաջնորդներուն նախագահութեամբ, Հոգեւորականաց միացեալ համագումարը այս տարի տեղի ունեցաւ 5էն 8 Հոկտեմբեր 2015-ին: Մինչ նախորդ տարիներուն Հոգեւորականաց Համագումարը կը կազմակերպուէր Ս. Ղեւոնդեանց տօնին առիթով, այս տարուան համագումարը Թարգմանչաց տօնին շաբաթը տեղի ունեցաւ` կարենալ ապահովելու համար առաւելագոյն թիւով հոգեւորականներու մասնակցութիւնը: Հիւսիսային Ամերիկայի Առաջնորդները` Բարձր. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան (Արեւելեան […]

Շաբաթական Լուրեր – 9 Հոկտեմբեր 2015

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԵՒ ՆՈՐ ՕՐՀՆՈՒԱԾ ՄԻՒՌՈՆՈՎ ՋՐՕՐՀՆԷՔ ԼԱՍ ՎԵԿԱՍԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Այս շաբաթավերջին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան պիտի այցելէ Լաս Վեկասի ծխակայն համայնքին։ Այս առիթով, Կիրակի, 11 Հոկտեմբեր 2015ին, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ եւ պիտի փոխանցէ […]

Ս. Սարգիս Եկեղեցին Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով եւ Ճաշկերոյթով Տօնախմբեց Հիմնադրութեան 30րդ եւ Օծման 10րդ Տարեդարձները

Հոկտեմբերի առաջին շաբաթավերջը պատմական հանգրուան մը կերտեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ եւ Արեւմտեան մեր Թեմի տարեգրութեան մէջ, երբ 3 եւ 4 Հոկտեմբեր 2015ին, պաշտօնական ճաշկերոյթով մը եւ Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով տօնախմբուեցան ծխական համայնքի հիմնադրութեան 30րդ ու Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ օծման 10րդ տարեդարձները: Կիրակի, 4 Հոկտեմբերին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսաւոր Ս. […]

Շաբաթական Լուրեր – 2 Հոկտեմբեր 2015

ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 30ՐԴ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 10ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐՈՒՆ ԱՌԹԻՒ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցին այս շաբաթավերջին պիտի տօնէ ծխական համայնքի հիմնադրութեան 30րդ, եւ եկեղեցւոյ օծման 10րդ տարեդարձերը: Կրկնակիօրէն տօնական այս հանգրուանին, Առաջնորդ Սրբազանը Կիրակի, 4 Հոկտեմբերին Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը: Նախօրեակին, Շաբաթ, 3 Հոկտեմբերի […]

Առաջնորդ Սրբազանը Մասնակցեցաւ Ս. Էջմիածինի Միւռոնօրհնէքին եւ Յարակից Արարողութիւններու

Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի յանձնարարութեամբ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան 26էն 29 Սեպտեմբերին Ս. Էջմիածինի մէջ մասնակից եղաւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան, ինչպէս նաեւ նոյն օրերուն նախատեսուած շարք մը արարողութեանց ու պաշտօնական հանդիպումներու: Առաջնորդ Սրբազանը եւ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան ներկայ էին իբրեւ ներկայացուցիչները Մեծի […]

Առաջնորդ Սրբազանը Երեւանի Մէջ Կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-Ի Հայկ Յովսէփեան Անուան Բանակավայրի Բացումը

Հայրենիք իր այցելութեան օրերուն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Գերշ.Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հետ, Երեքշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2015ին կատարեց հողօրհնէքը Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի նոր բանակավայրի երրորդ հանգրուանին: Բանակավայրը նուիրուած է հանգուցեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ական Հայկ Յովսէփեանի յիշատակին եւ կը կրէ անոր անունը: Բանակավայրի կառուցման աշխատանքները ընթացք առած են 2010-ին: Երեքշաբթիի հանդիսութեամբ սկիզբ դրուեցաւ շինարարական աշխատանքներու վերջին […]

Շաբաթական Լուրեր – 25 Սեպտեմբեր 2015

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՄԵԿՆԻ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՒ Ս. ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ Այս շաբաթասկիզբին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Հայաստան մեկնեցաւ, Կիրակի, 27 Սեպտեմբեր 2015ին Ս. Էջմիածնի մէջ կատարուելիք Սրբալոյս Միւռոնի Օրհնութեան արարողութեան մասնակցելու: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ՝ Ն.buy viagra plus generic https://viagra4pleasurerx.com/viagra_plus.html over the counter Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսի […]

Առաջնորդ Սրբազանը Երածտագիրութիւն կը Յայտնէ Զուիցերիացի Ժողովուրդին Մարդասիրական Օգնութեանց Համար

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, իր շքախումբին հետ, այս օրերուն կը գտնուի Զուիցերիա, Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի առթիւ կազմակերպուած յատուկ հանդիսութեանց մասնակից դառնալու համար: 20-28 Սեպտեմբեր 2015ին, Վեհափառ Հայրապետը տարբեր քաղաքներու մէջ պիտի նախագահէ ցեղասպանութիւնը յիշատակող զանազան արարողութեանց եւ պիտի փոխանցէ իր Հայրապետական պատգամն ու երախտագիտութիւնը Զուիցերիոյ ժողովուրդին՝ ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր հայորդիներուն […]

J. Paul Getty Museum and the Western Prelacy of the Armenian Apostolic Church of America Announce Agreement in Armenian Art Restitution Case

This post is only available in English

Եպիսկոպոսական Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ եւ Ջրօրհնէք՝ Նոր Օրհնուած Սրբալոյս Միւռոնով Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 20 Սեպտեմբեր, 2015ը, պատմական թուական մը պիտի մնայ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ տարեգրութեան մէջ, ու անմոռանալի օր մը հաւատացեալներու յիշողութեան մէջ, որոնք Եկեղեցւոյ տասնամեայ յոբելեանի տօնակատարութեան նախօրեակին, ներկայ գտնուեցան Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագին, ուր ընդառաջելով եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան հրաւէրին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր.buy temovate online gilbertroaddental.com/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/temovate.html no prescription Տ. Մուշեղ Ս. […]

Առաջնորդ Սրբազանը Վերամուտի Առիթով Կ’այցելէ Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարան

Հինգշաբթի, 17 Սեպտեմբեր, 2015ի առաւօտեան, Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարան տուած իր այցելութենէն ետք, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան այցելեց Մոնթեպելլոյի Մեսրոպեան Ազգ. Վարժարան, ուր ան դիմաւորուեցաւ դպրոցի տնօրէն՝ Տիար Դաւիթ Ղուկասեանի, եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի, հովիւ՝ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեանի, հոգաբարձութեան անդամներու, «Դրօ» Կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, ուսուցչական […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022