2015 Լուրերու Արխիւ

Առաջնորդ Սրբազանը Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգ. Վարժարանի Աշակերտներուն Հետ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2015ի առաւօտուն, 2015-2016 տարեշրջանի վերամուտին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելեց Օրէնճ Քաունթիի «Արի Կիրակոս Մինասեան» Ազգային Վարժարան։ Առաջնորդ Սրբազանը դիմաւորուեցաւ Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի, վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկ. Գոհար Զահերի եւ անձնակազմի կողմէ։ Դպրոցի մուտքին տեղի ունեցաւ աւանդական աղ ու հացի […]

Շաբաթական Լուրեր – 18 Սեպտեմբեր 2015

ՋՐՕՐՀՆԷՔ ՔՐԵՍԵՆԹԱ ՀՈՎԻՏԻ ԾԽԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ Կիրակի, 20 Սեպտեմբեր 2015-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը նոր օրհնուած Ս. Միւռոնով ջրօրհնէք պիտի կատարէ։ Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակցելու արարողութեան եւ հաղորդակից դառնալու օրուան […]

Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք Խաչվերացի Տօնին եւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Անուանակոչութեան Օրուան Առթիւ

Խաչվերացի տօնին եւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի անուանակոչութեան տօներուն առիթով, Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2015-ին, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Տաճարիս մէջ, «Անդաստան» կատարուեցաւ ապա տեղի ունեցաւ մատաղի եւ ռեհանի օրհնութիւն: Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագը մատոյց եւ իր հոգեւոր պատգամը փոխանցեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան: Ս. Խորանին կը սպասարկէին եկեղեցւոյ […]

Շաբաթական Լուրեր – 11 Սեպտեմբեր 2015

ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ Ս. ԽԱՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին այս Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2015-ին, Վերացման Ս. Խաչի տաղաւար տօնը պիտի նշէ, որ միաժամանակ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի անուանակոչութեան օրն է։ Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր […]

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-ամեակին Առիթով Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ Ֆրեզնոյի Մէջ

Հայկական Ցեղասպանութեան աղէտալի դէպքերուն զուգահեռ, 1915 թուականին մեր հերոսամարտերը յուսադրիչ եւ մխիթարիչ լոյս եղան մեր ժողովուրդի փրկութեան ու վերապրումին իմաստով: Մեր յաղթական հերոսամատերուն շարքին է Մուսա Լերան ինքնապաշտպանական ճակատամարտը, որուն յիշատակը ամէն տարի կը նշուի Սեպտեմբերին, ամէն տեղ, ուր հերոսամարտի կտրիճներու ժառանգորդները եւ անոնց յաղթանակով հպարտացող հայորդիները կը համախմբուին սխրանքին յիշատակը ոգեկոչելու նպատակով: Մուսա Լերան […]

Ուաշինկթընի Մէջ Առաջնորդ Սրբազանը կը Մասնակցի Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Յանձնախումբի Ժողովին ու Գնահատանքի Ձեռնարկին

Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ուաշինկթընեան արարողութիւններն ու ձեռնարկները կազմակերպող գործադիր մարմինը Հինգշաբթի, 3 Սեպտեմբեր 2015ին, դաշնակցային մայրաքաղաքին մէջ գումարեց ժողով մը, գնահատականը կատարելու համար անցեալ Մայիսին տեղի ունեցած ձեռնարկներուն ու արձանագրած արդիւնքներուն: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, որ անդամ է կեդրոնական յանձնախումբին, Ուաշինկթըն մեկնած էր, մասնակցելու համար այս ժողովին: Նոյն երեկոյեան, յանձնախումբը ընթրիքի […]

Շաբաթական Լուրեր – 4 Սեպտեմբեր 2015

ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 100ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՄԷՋ 100 տարի առաջ, Թուրքիոյ պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան օրերուն, Մուսա Լերան զաւակները ինքնապաշտպանութեան հերոսական ճակատամարտ մղեցին ջարդարարին դէմ եւ իրենց հայրենի լեռներու բարձունքներուն ապաւիներով, 53 օր անհաւասար կռիւով ապահովեցին իրենց փրկութիւնն ու վերապրումը: 21 Յուլիսէն մինչեւ 12 Սեպտեմբեր տեւած հերոսամարտին շնորհիւ, շրջանի վեց գիւղերու բնակիչներէն […]

Առաջնորդ Սրբազան Նոր Միւռոնով Ջրօրհնէք Կատարեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 30 Օգոստոս 2015ին, հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, ուղղեց օրուան յատուկ իր պատգամը եւ նոր Միւռոնով ջրօրհնէք կատարեց, ծխական այս շրջանի հաւատացեալ ժողովուրդը եւս մասնակից դարձնելով Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, 18 Յուլիսին, Պիքֆայայի Նահատակաց յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցած միւռոնօրհնէքով մարմնաւորուած խորհուրդին եւ անկէ բխող պատգամին: […]

Ազգային Առաջնորդարանի «Յարութ Պարսամեան» Հիմնադրամը Կրթանպաստ կը Տրամադրէ Երեք Ուսանողներու

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի մօտ հաստատուած «Յարութ Պարսամեան» Հիմնադրամի Յանձնախումբը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, սերտելէ ետք կրթանպաստի 2015-2016 տարեշրջանի համար դիմում ներկայացուցած մեծաթիւ ուսանողներու դիմումնագրերը, որոշեց ուսումնական ընթացիկ տարեշրջանին համար կրթանպաստ տրամադրել երեք ուսանողներու, նկատի ունենալով անոնց ձեռք բերած փայլուն արդիւնքները, գաղութային ծառայութիւններն ու ընտանեկան պայմանները։ Սրբազան Հօր […]

Շաբաթական Լուրեր – 28 Օգոստոս 2015

ՋՐՕՐՀՆԷՔ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Կիրակի, 30 Օգոստոս 2015ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս.buy cialis professional online pavg.net/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/cialis-professional.html no prescription Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը նոր օրհնուած Ս. Միւռոնով ջրօրհնէք պիտի կատարէ։ Կոչ կþընենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ […]

Սիսի Կաթողիկոսարանէն Հնչեց Պահանջատիրական Ձայնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

«Հայու քրտինքով ու արիւնով թրծուած կիլիկեան հողին ու յատկապէս Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի միւռոնաբոյր հողին վրայ կանգնած՝ մեր դարաւոր Կաթողիկոսարանին վերադարձը կը պահանջենք եւ մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը կը վերահաստատենք, հաւատարիմ նահատակներու սրբազան կտակին»: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին խոր հաւատքին, ամուր կամքին ու զօրեղ յանձնառութեան արտայայտութիւնը եղող այս բառերը հնչեցին Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանէն՝ հայ ժողովուրդին ուղղուած Հայրապետական […]

Առաջնորդ Սրբազանը Պատարագեց եւ Ջրօրհնէք Կատարեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ծխական համայնքը 22-23 Օգոստոս 2015ի շաբաթավերջը բոլորեց կրկնակիօրէն տօնական մթնոլորտի մը մէջ. Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի առաւօտուն Ս. Պատարագ մատուցեց եկեղեցւոյ մէջ եւ նոր օրհնուած միւռոնով ջրօրհնէք կատարեց, իսկ Շաբաթ երեկոյ, հոգաբարձութիւնը կազմակերպած էր տարեկան իր ձեռնարկը, որուն ընթացքին յարգանք մատուցեց գաղութին երեք վաստակաշատ […]

Վերամուտ Ազգ. Թաւլեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզի

Փասատինայի Ազգ. Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուր-մանկապարտէզը Ուրբաթ, 21 Օգոստոս 2015ին ունեցաւ վերամուտի իր պաշտօնական հանդիսութիւնը: Վարժարանը իր դռները բացած էր շաբաթասկիզբին: Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելեց վարժարան, ներկայ եղաւ վերամուտի արարողութեան եւ իր օրհնութիւնները բաշխեց դեռատի մանուկներուն, դաստիարակներուն եւ ծնողներուն: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ […]

Շաբաթական Լուրեր – 21 Օգոստոս 2015

ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ ԵՒ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՈՒ ՋՐՕՐՀՆԷՔ Այս շաբաթավերջին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի ըլլայ Սան Ֆրանսիսքոյի մեր ծխական համայնքին հետ։ Սան Ֆրանսիսքօ պիտի ըլլան նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ: Շաբաթ, 22 Օգոստոս 2015-ի երեկոյեան, «Խաչատուրեան» Հայ Կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. […]

Առաջնորդ Սրբազանը Վերամուտի Առիթով Այցելեց Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Վարժարան

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022