2017 Լուրերու Արխիւ
Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Ազգ. Լ. եւ Յ. Թաւլեան Մանկամսուրի Վերամուտի Արարողութեան
Փասատինայի Ազգային Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկապարտէզն ու մանկամսուրը իրենց վերամուտի պաշտօնական արարողութիւնը ունեցան Ուրբաթ, 25 Օգոստոսի առաւօտուն, նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ներկայ էին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան, Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի ատենապետուհի Տիկին Լիզա Կապուտեան, Ուսումնական մարմինի, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, […]
Թեմիս Ազգային Վարժարաններու Վերամուտի Առիթով – «Հայ Դպրոցը՝ Հայ Պատանին ու Երիտասարդը Հայօրէն Դարբնելու Վայր է» – Շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը
Ուսումնակրթական 2017-2018 տարեշրջանի վերամուտի ազդը հնչեց արդէն եւ մեր Թեմի Ազգային Վարժարանները վերաբացին իրենց դուռները, լոյսի, գիտութեան եւ կրթութեան կողքին՝ քրիստոնէական ու հայեցի կրթութիւն ջամբելու համար հայ մանուկին ու պատանիին։ Ազգ. Վարժարաններուն մեծ մասը վերամուտի իր հանդիսութիւնը ունեցաւ Երկուշաբթի, 21 Օգոստոս 2017ի առաւօտուն։ Հանդիսութիւնները սկիզբ առին աղօթքով, քայլերգներու երգեցողութեամբ եւ աշակերտական ուխտի արտասանութեամբ։ Խօսք առին […]
Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ եճ Խաղողօրհնէք Արարատ Տան Մէջ
Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ու հոգեւորականաց դասու անդամներ Երեքշաբթի, 15 Օգոստոս 2017-ին այցելեցին «Արարատ Տան» Միշըն Հիլզի համալիրը եւ յատուկ արարողութիւններով տօնին խորհուրդը փոխանցեցին անձնակազմի անդամներուն եւ հաստատութեան բնակիչներուն։ Արարողութիւնը սկսաւ հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինին մէջ. տեղի ունեցան Ս. Աստուածածնի տօնին յատուկ արարողութիւն […]
Առաջնորդ Սրբազան Ներկայ Եղաւ Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան Վարժարանի Նոր Խաղավայրին, Յիշատակի Պարտէզին եւ Դասարանի Մը Բացումին
Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի տնօրէնութիւնն ու պատասխանատու մարմինները ամրան եղանակը օգտագործեցին՝ որոշ բարեփոխումներու ենթարկելու համար վարժարանին կարգ մը բաժինները, առ ի պատրաստութիւն ուսումնական 2017-18 տարեշրջանին։ Երկուշաբթի, 14 Օգոստոսի 2017-ի երեկոյեան, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, տեղի ունեցաւ նոր խաղավայրին, նոր դասարանի մը եւ յիշատակի պարտէզին բացման արարողութիւնը։ […]
Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առիթով Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Խաղողօրհնէք Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
Կիրակի, 13 Օգոստոս 2017-ին, Արեւմտեան մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի երկրէն երկինք փոխադրուելուն՝ Վերափոխման տօնը, մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ եւ կատարուեցաւ աւանդական խաղողօրհնէքի արարողութիւն, հաւատացեալներուն հոգիները համակելով օրուան խորհուրդով ու տօնական ցնծութեամբ: Այս տօնը նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ: Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ […]
Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեան Լոս Անճելըսի Ոստիկանապետին Կողմէ Գնահատանքի Արժանացաւ
Շաբաթ, 12 Օգոստոս 2017-ին, Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետութիւնը (Sheriff’s Department) կազմակերպած էր հոգեւոր ծառայութիւն մատուցողներու եւ կամաւոր աշխատանք տանողներու գնահատման տարեկան հանդիպումը, Ուիթիըրի կեդրոնին մէջ։ Այս հանդիպումը կը կազմակերպուի պարգեւատրելու համար այն ծառայողները, որոնք ունին աւելի քան 20 տարիներու վաստակ։ Գնահատանքի արժանացողներուն կարգին էր Բարշ. Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեան, որ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ […]
Շաբաթական Լուրեր – 11 Օգոստոս 2017
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳԷ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Կիրակի, 13 Օգոստոս 2017-ին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին պիտի տօնէ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը, որ մեր Թեմին մէջ անուանակոչութեան տօնն է Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ։ Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի պատարագէ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, պիտի ուղղէ […]
Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առիթով Խաղողօրհնէք Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» Հիւանդանոցին Մէջ
Յաջորդաբար 25-րդ տարին ըլլալով, Չորեքշաբթի, 9 Օգոստոս 2017-ին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, խաղողօրհնէք կատարուեցաւ Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցին մէջ։ Արարողութիւնը կատարեց Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, մասնակցութեամբ Ս.buy female viagra online blackmenheal.org/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/female-viagra.html no prescription Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն։ Ներկայ էին հիւանդանոցի անձնակազմի անդամներ, բժիշկներ եւ ամերիկեան ու հայկական լսատեսողական մամուլէն ներկայացուցիչներ։ Հիւանդանոցի […]
Հոգեհանգիստ՝ Հոգելոյս Նորայր Սրբազանի եւ Լիզպոնի Հինգ Հերոսներուն Յիշատակին
Կիրակի, 30 Յուլիս 2017-ին, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն՝ նորոգ հանգուցեալ Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեանի, ինչպէս նաեւ հայութեան արդար իրաւունքներուն համար 34 տարի առաջ իրենց կեանքը զոհաբերած Լիզպոնի հինգ հերոսներուն՝ Սիմոն Եահնէեանի, Վաչէ Տաղլեանի, Սարգիս Աբրահամեանի, Արա Գըրճըլեանի եւ Սեդրակ Աճէմեանի յիշատակին։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ […]
Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ամառնային Ս. Գրային Դպրոցը
Ամրան արձակուրդը մանուկներու եւ պատանիներու համար օգտակար ծրագիրներով արժեւորելը հիմնական մտասեւեռում է ծնողներու եւ դաստիարակներու, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդին ծառայութեան լծուած միաւորներու համար։ Այս մօտեցումով, Արեւմտեան մեր Թեմի կարգ մը եկեղեցիներուն հոգաբարձութիւնները վերջին տարիներուն կը կազմակերպեն ամառնային Ս. Գրային դպրոցներ, որոնք մանուկներուն օգտակար դաստիարակութիւն կը ջամբեն` հաճելի մթնոլորտի մէջ։ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցին մէկն է […]
Ծխական Աշխատանքներու Վերակենսաւորման Նպատակով Խորհրդակցական Ժողով՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Յարկին Տակ
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ու Ազգ. Վարչութեան հրաւէրով, Երեքշաբթի, 25 Յուլիս 2017-ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց հետ խորհրդակցական հանդիպում մը, որ յատկացուած էր մեր եկեղեցիներուն ծառայող հոգեւոր հայրերուն ու գործադիր մարմիններուն՝ հոգաբարձութեանց ընթացիկ աշխատանքներուն վերակենսաւորման միջոցներուն։ Ըստ էութեան, հանդիպումին առանցքը […]
Քահանայական Ձեռնադրութիւն եւ Օծում Ս. Սստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ – Բարշ. Խաչիկ Սրկ. Շաննագեան Կոչուեցաւ Տ. Մովսէս Քահանայ
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան մեր Թեմի հոգեւորականաց դասուն միացաւ նուիրեալ նոր զինուոր մը։ Կիրակի 23 Յուլիս 2017-ին, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Այլակերպութեան տօնին առիթով, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագի ընթացքին, քահանայ ձեռնադրեց եւ օծեց Խաչիկ Սրկ. Շաննագեանը, զայն վերանուանելով Տ. Մովսէս Քահանայ։ Նորընծայ քահանային […]
Առաջնորդ Սրբազան Ներկայ Եղաւ Խորհրդարանական Կէպըրտի Հետ Հայ Դատի Ներկայայցուցիչներու Հանդիպումին
Նախաձեռնութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին, Ուրբաթ, 21 Յուլիս 2017-ին, Հայ Դատի յանձնախումբի Կլենտէյլի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական Տան մէջ Հաուաիի ներկայացուցիչներէն Թալսի Կէպըրտի հետ։ Ընդառաջելով Հայ Դատի հրաւէրին, հանդիպումին ներկայ եղաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։ Ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի, Հայ Դատի […]
Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ Հոգեհանգիստ՝ Լիզպոնի Հինգ Հերոսներուն Նահատակութեան 34-րդ Տարելիցին
Ցեղասպանին դէմ հայութեան արդար պահանջատիրութեան պայքարի ճամբուն վրայ, 34 տարի առաջ, Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ արձանագրուեցաւ սխրալի գործողութիւն մը. հինգ հայ երիտասարդներ՝ Սիմոն Եահնէեան, Վաչէ Տաղլեան, Սարգիս Աբրահամեան, Արա Գրճըլեան եւ Սեդրակ Աճէմեան, հետեւելով Հայ Ֆետայիներուն եւ հերոսամարտեր կերտած հերոսներուն ուղիին, իրենց կեանքը զոհաբերեցին «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» պատգամին ընդառաջելով, եւ աշխարհին յիշեցուցին, որ հայութիւնը […]
Հոգեհանգիստ՝ Հոգելոյս Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեանի Հոգւոյ Խաղաղութեան Համար
Ինչպէս հաղորդած էինք, Ուրբաթ, 21 Յուլիս 2017-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը ցաւով գուժեց վախճանումը իր երէց անդամներէն Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեանի։ Երկուշաբթի, 24 Յուլիսին, շրջապատուած միաբան հայրերով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, վերջին օծումը կատարեց հոգելոյս Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեանի։ Իր դամբանական […]