2018 Լուրերու Արխիւ
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի Յանձնախումբի Տարեկան Ձեռնարկը
Հայ Դատի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի յանձնախումբին կազմակերպած տարեկան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 7 Հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Պեւըրլի Հիլզի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ, մասնակցութեամբ պետական ընտրեալ պաշտօնատարներու, հոգեւորական եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու, բարերարներու եւ զօրակիցներու։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ կատարեց բացման աղօթքը։ Ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ […]
Աղօթք՝ Շարլ Ազնաւուրի Յիշատակին
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան տնօրինութեամբ, Կիրակի, 7 Հոկտեմբեր 2018-ին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք բարձրացուեցաւ աշխարհահռչակ երգիչ, արուեստագէտ եւ Հայաստանի ազգային հերոս Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին։ Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, օրուան պատգամը փոխանցեց եւ իր յարգանքի խօսքը ուղղեց Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին։ Իր պատգամին մէջ, […]
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Մասնաճիւղերը Տօնեցին Միութեան 100-ամեակը
Շաբաթ, 6 Հոկտեմբեր 2018-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ շրջանի Սան Ֆրանսիսքոյի, Սանթա Քլարիթայի «Անի» եւ Ուոլնաթ Քրիքի «Կարս» մասնաճիւղերու վարչութեանց։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, ձեռնարկին ներկայ եղաւ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ […]
Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինին Կազմակերպած Ուսուցիչներու Վերապատրաստութեան Տարեկան Համագումարը
Շաբաթ, 6 Հոկտեմբեր 2018-ին, Թեմիս Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ կազմակերպած էր հայկական վարժարաններու ուսուցիչներու վերապատրաստութեան տարեկան համագումարը, որ աւանդաբար տեղի կ’ունենայ վերամուտէն ետք։ Այս տարուան համագումարին մասնակցութիւն բերին մօտ 400 ուսուցիչներ։ Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ համագումարի բացման, կատարեց բացման աղօթքը եւ ուղղեց իր պատգամը։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Առաջնորդական փոխանորդ […]
Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի Հանգանակային Քայլարշաւը
Շաբաթ, 6 Հոկտեմբեր 2018-ին, Կլենտէյլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի 13-րդ տարեկան հանգանակային քայլարշաւը, որուն նպատակն էր Հիմնարկի գործունէութիւնն ու առաքելութիւնը ծանօթացնել հանրութեան մօտ եւ զօրակցութիւն ապահովել։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան եւ կատարեց երթին բացման աղօթքը։ Ան փոխանեց Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւններն […]
Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց Նախատօնակ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
Շաբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2018-ին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին պիտի նշէ Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնը։ Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, այս առիթով, նախատօնակի արարողութիւն պիտի կատարուի Ուրբաթ, 12 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս Հոգեւորականաց դասուն։ Արարողութեան պիտի հանդիսապետէ եւ յաւուր պատշաճի […]
Ողջունահանդէս՝ Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի «Հոգեմատեան» հատորին
Հինգշաբթի, 11 Հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ մշակութային ձեռնարկ մը, նուիրուած՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երախտաշատ անդամներէն հոգելոյս Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի։ Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, եւ գործակցաբար Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան հետ, Ազգ. Առաջնորդարանի Մշակութային-Դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպած է հոգելոյս […]
Շարլ Ազնաւուրի Յիշատակին «Տէր Ողորմեա»ի Աղօթք Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ
Երկուշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2018-ին, Ազգային Առաջնորդարանը միացաւ աշխարհահռչակ երգիչ-արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուրի մահուան սուգին։ Ան տիտանեան երգիչ մըն էր, մարդասէր գործիչ ու Հայաստանի ազգային հերոս մը, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած ծնողներու ժառանգորդ։ Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ցաւակցական գիր մը յղեց Լոս Անճելըսի մէջ Ֆրանսայի հիւպատոս Քրիսթոֆ Լըմուանի։ Առաջնորդ Սրբազանը […]
Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի Առաքելութեան Մասին Դասախօսական Ճաշկերոյթ՝ Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ
Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը Հինգշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2018-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ կազմակերպեց դասախօսութիւն-ճաշկերոյթ մը, որ մաս կը կազմէր Մարմինին հանրօգուտ ձեռնարկներու շարքին։ Ձեռնարկը կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։ Ներկայ էին Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Արժ. […]
Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Մէջ Վարագայ Ս. Խաչի Տօնին Առիթով
Կիրակի, 30 Սեպտեմբեր 2018 թուականը՝ Վարագայ Ս. Խաչի տօնը յիշատակելի պիտի մնայ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն համար: Արդարեւ, ընդառաջելով հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան հրաւէրին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան եպիսկոպոսական Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ իր պատգամը փոխանցեց։ Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսաւոր թափօրով, «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ մուտք գործեց: Թափօրին մաս […]
Ազգային Առաջնորդարանի Վերահրատարակաց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Յիսուսաբոյր» Բանաստեղցութիւններու Հատորը
Ուրախ ենք յայտնելու մեր ժողովուրդին, որ Ազգային Առաջնորդարանը այս շաբաթ լոյս ընծայեց վաստակաշատ դաստիարակ, մտաւորական ու բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Յիսուսաբոյր» հատորը, որ սպառած էր։ Սա հատորին երրորդ հրատարակութիւնն է եւ իրագործուեցաւ բանաստեղծին հետ գործակցաբար՝ ժողովրդային պահանջին ընդառաջելով։ Հատորը կը բաղկանայ 168 էջերէ։ Այս հրատարակութիւնը նախկինին սոսկական վերարտադրութիւնը չէ, որովհետեւ հեղինակը զայն հարստացուցած է քանի […]
Կլենտէյլի Մէջ «Արցախ» Փողոցի Անուանում
Նախաձեռնութեամբ Կլենտէյլի քաղաքապետութեան, Երեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտուն, քաղաքի կեդրոնական շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային արարողութիւն մը, որուն ընթացքին, Մէրիլէնտ փողոցին մէկ հատուածը՝ Հարվըրտի եւ Ուիլսընի միջեւ, կոչուեցաւ Արցախ անունով։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, Արժ.buy vibramycin online www.parkviewortho.com/wp-content/languages/new/prescription/vibramycin.html no prescription Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան ներկայ եղաւ արարողութեան ու քաղաքապետ […]
Թագուհի Մարտիրոսաց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 65-ամեակի Տօնախմբութիւնը
Կիրակի, 30 Սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Հայ Կաթողիկէ համայնքը պաշտօնական ճաշկերոյթով մը տօնեց Թագուհի Մարտիրոսաց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 65-րդ տարեդարձը, որ նաեւ առիթ մը եղաւ պատուելու Հոգշ. Տ. Արմենակ Վրդ. Պետրոսեանը՝ քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 20-րդ տարեդարձին առիթով։ Տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի »Փալատիօ« ճաշասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Կաթողիկէ համայնքի Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ Գերպ. Տ. Միքայէլ Եպս. […]
Առաջնորդ Սրբազանին Այցելութիւնը ՀՕՄ-ի 13-րդ Փառատօնին
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 30 Սեպտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէին, այցելեց ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած 13-րդ փառատօնին վայրը՝ Կլենտէյլի Civic Auditorium-ին մէջ, եւ ծանօթացաւ տարուած աշխատանքին։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ.buy amitriptyline generic https://buywithoutprescriptiononlinerx.com/amitriptyline.html over the counter Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան։ Անոնք դիմաւորուեցան ՀՕՄ-ի Շրջ. […]
Քոլորատոյի Մէջ Մայրուղի մը Ձօնուեցաւ Սարդարապատի Յիշատակին
Շաբաթ, 29 Սեպտեմբեր 2018-ը յիշատակելի օր մը եղաւ Քոլորատօ նահանգին ու հայութեան համար։ Արդարեւ, նախաձեռնութեամբ նահանգի «Քոլորատոյի Հայեր» կազմակերպութեան ու Հայ Դատի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի յանձնախումբին, նահանգին մէջ մայրուղի մը ձօնուեցաւ Սարդարապատի հերոսամարտի յիշատակին եւ այսուհետեւ պիտի կրէ «Սարդարապատ» անունը։ Այս նախաձեռնութիւնը կ’իյնայ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-րդ տարեդարձի նշումի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ։ Յանուն Թեմիս […]