2015 Լուրերու Արխիւ
Շաբաթական Լուրեր – 15 Մայիս 2015
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 17 Մայիս 2015ը Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող եօթներորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Երկրորդ Ծաղկազարդ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։ Ս. Պատարագը պիտի մատուցէ եւ պիտի քարոզէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ […]
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ուաշինկթընէն Սկսաւ Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Հովուապետական Այցելութեան
Կիրակի, 10 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին հովուապետական իր այցելութեան սկսաւ եւ այցելեց Ուաշինկթընի Ս. Խաչ եկեղեցին, ուր հանդիսապետեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ Հայրապետական պատգամը փոխանցեց ներկայ ժողովուրդին: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Մարտիրոսեան մաս կը կազմէր Վեհափառ Հայրապետին ընկերացող շքախումբին: Ծանօթ է, որ Առաջնորդ Սրբազանը գլխաւորած […]
Հայրապետական Պատարագ եւ Ճաշկերոյթ Ուաշինկթընի Մէջ
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկներու շրջագիծէն ներս, Շաբաթ, 9 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ “Անարատ Յղութիւն” Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Ս. Պատարագը մատուցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Առընթերականերն էին, Հայ Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան երկու թեմերու առաջնորդները՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Գերշ. […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ուաշինկթընի Մէջ կը Մասնակցի Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Ոգեկոչման
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Մարտիրոսեան շաբաթասկիզբին Ուաշինկթըն մեկնեցաւ, ուր երկու Վեհափառ Հայրապետները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսները, 7էն 10 Մայիսին պիտի նախագահեն Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչական արարողութեանց ու հանդիսութեանց, մասնկացութեամբ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ պաշտօնական անձնաւորութեանց։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանայ Ազգային Վարչութեան անդամներէ, բարերարներէ եւ թեմիս ազգայիններէն […]
Շաբաթական Լուրեր – 8 Մայիս 2015
ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ Հինգշաբթի, 14 Մայիսը, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնն է։ Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Համբարձման տօնին առիթով պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ եւ տեղի պիտի ունենայ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմնի կազմակերպած աւանդական ճաշկերոյթը։ Առաւօտեան ժամը 10-ին, հանդիսապետութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Ս.buy prelone online […]
Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը Բարձր Գնահատեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ժողովականութեան Միամեայ Գործունէութիւնը
– ԺՈՂՈՎԸ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԷՄ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ԴԱՏԻՆ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ – ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԿԱՅԾԱԿ ԵՒ ԱՆԱՀԻՏ ՕՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՆ «Ս. ՏՐԴԱՏ» ԵՒ «Ս. ԱՇԽԷՆ» ՇՔԱՆՇԱՆՆԵՐՈՎ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 43րդ նստաշրջանը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 1 եւ Շաբաթ, 2 Մայիսին, Ազգային Առաջնորդարանի “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահին մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս […]
Prelate Presides over Divine Liturgy and Blessing of Genocide Centennial Monument at Holy Martyrs Church in Encino
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 3 Մայիս 2015ին հանդիսապետեց Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, որուն ընթացքին ուղղեց պատգամը, ապա, արարողութենէն ետք, նախագահեց եկեղեցւոյ կողքին կանգնած՝ Ցեղասպանութեան նահատակներու նոր յուշակոթողի քողազերծման եւ օրհնութեան արարողութեան: Արարողութեան մասնակցեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան: Ներկայ էին Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Խաժակ […]
Շաբաթական Լուրեր – 1 Մայիս 2015
ԱԶԳ. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ 43ՐԴ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ Ուրբաթ, 1 Մայիս 2015ի յէտմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 43րդ նստաշրջանի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահին մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի, եւ հիւրընկալութեամբ Քրեսենթա Հովիտի Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան։ Երկօրեայ ժողովին կը մասնակցին Թեմիս հոգեւոր հովիւները, Ազգ. […]
Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոսի 11րդ Կարգի Աշակերտները Ազգ. Առաջնորդարան Այցելեցին
“Թող ձեր Հայաստան այցելութիւնը առիթը ըլլայ մեր նահատակներուն, եկեղեցւոյ ու հայութեան ուխտը վերանորոգելու. հաղորդուեցէք Ս. Էջմիածինի, Սարդարապատի, Ծիծեռնակաբերդի եւ Օշականի պատգամներուն հետ եւ թող հայրենի ձեր եղբայրներն ու քոյրերը, մեր ժողովուրդը եւս հպարտ զգայ ձեզմով”, յայտարարեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ հիւրընկալելով Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Երկրդ. Վարժարանի […]
«Մեր Սուրբ Նահատակները Այսուհետեւ Բարեխօս են Հայ Հաւատացեալին Համար» – Յայտարարեց Առաջնորդ Սրբազանը Ապրիլ 24էն ետք Առաջին Ս. Պատարագին
23 Ապրիլ 2015ին, Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր նահատակներուն սրբադասման արարողութիւնը նոր ջերմեռանդութեամբ գօտեպնդեց մեր ժողովուրդի զաւակները։ Նոյն հաւատքով եւ հոգիով, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ նահատակներու աճիւններու ներկայութիւնը պիտի ունենանք։ Այնուհետեւ, մեր հաւատացեալները յարգանքով ու երկիւղածութեամբ պիտի դիմեն Սուրբ Նահատակներուն բարեխօսութեան, յայտարարեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կիրակի, 26 Ապրիլին, Փասատինայի Ս. Սարգիս […]
Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Յիշատակում
Ապրիլ 24ի շաբաթավերջը պատմական օրեր արձանագրեց ոչ միայն հայութեան, այլ նաեւ աշխարհի պատմութեան մէջ, որովհետեւ հոգեւոր եւ պետական պատասխանատուներ եւ մամուլը, հայութեան հետ միասին, ոգեկոչեցին Ցեղասպանութեան 100ամեակը, խոնարհեցան մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին եւ ձայնակից եղան մեր “Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ” նշանաբանին: Արեւմտեան մեր Թեմը լիարժէք կերպով մասնակից էր Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման, որ […]
Ցեղասպանութեան 100ամեակին Հայց. Առաքելական Եկեղեցին Սրբադասեց Մեր 1.5 Միլիոն Նահատակները
Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2015ը իբրեւ պատմական եւ անմոռանալի թուական արձանագրուեցաւ մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ. արդարեւ, Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, Հայց. Առաքելական եկեղեցին, Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած յատուկ արարողութեամբ մը, հաւաքաբար սրբադասեց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն նահատակները, նոյն արարողութեան ընթացքին կատարելով նահատակաց սրբանկարներու օծումն ու նշխարներու օրհնութիւնը: Սրբադասումի արարողութիւնը գլխաւորեցին մեր եկեղեցւոյ երկու Վեհափառ Հայրապետները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին […]
Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 43րդ Նստաշրջանի Նախօրեակին Հոգեւորականաց Համագումար
Երեքշաբթի, 21 Ապրիլ 2015ին, նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին ու մասնակցութեամբ Թեմիս Հոգեւորականաց Դասուն, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 43-րդ նստաշրջանի նախօրեակին Քահանայից Հոգեւորականաց համագումարը։ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ Սրբազան Հայրն ու հոգեւորականաց դասը առաւօտեան ժամը 10:30ին ժամանեցին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ Գիշերային Ժամերգութիւն։ Աւարտին, օրուան խորհրդածութիւնը […]
Շաբաթական Լուրեր – 23 Ապրիլ 2015
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս.buy cenforce online gilbertroaddental.com/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/cenforce.html no prescription ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 26 Ապրիլ 2015ը Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող չորրորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Կարմիր Կիրակի։ Սրբադասումի արարողութենէն ետք, առաջին Ս. Պատարագն է որ կը մատուցուի մեր եկեղեցիներուն մէջ, յիշատակելով մեր նահատակները։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան […]
Ինկըլվուտի Քաղաքապետութիւն Կը Ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 22 Ապրիլ 2015ի յետմիջօրէին, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ինկըլվուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ռալֆ Ֆրէնքլինի, որ եկած էր Առաջնորդ Սրբազանին յանձնելու քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին օրինակը: Հիւր քաղաքապետին կþընկերանային Ազգ. Առաջնորդարանիս բարեկամներէն՝ ճարտարապետ Գէորգ Գարաճըրճեան եւ որդիները Արա եւ Աբօ, որոնք սերտ գործակիցներ […]