2015 Լուրերու Արխիւ
Հայաստանի Պատուոյ Հիւպատոսարանի Բացում եւ Ցեղասպանութեան Յուշատախտակի Քողազերծում Լաս Վեկասի Մէջ
Այս օրերուն, երբ աշխարհասփիւռ հայութիւնը կը յիշատակէ Ցեղասպանութեան 100ամեակը եւ կը վերանորոգէ մեր պահանջատիրութիւնը, Լաս Վեկասի հայ համայնքին համար 18 Ապրիլ 2015ի շաբաթավերջը այլապէս եղաւ պատմական ու յիշատակելի հանգրուան մը՝ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսարանին բացումով եւ Ցեղասպանութեան վերապրողներուն նուիրուած ցուցատախտակի մը քողազերծումով, ապա նաեւ Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ Կիրակի օր տեղի ունեցած Ս. Պատարագով, զոր մատուցեց […]
Առաջնորդ Սրբազանը Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանի Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Նիստին Բացման Աղօթքը Կատարեց
Քալիֆորնիա նահանգի խորհրդարանը, Երկուշաբթի, 20 Ապրիլ 2015ին, Սաքրամենթոյի մէջ իր գումարած յատուկ նիստին, որդեգրեց թիւ ARJ 2 բանաձեւը, որ կը վերահաստատէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ կոչ կ’ընէ նախագահ Պարաք Օպամայի, որպէսզի իր կարգին պաշտօնապէս ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը: Բանաձեւը նաեւ Ապրիլ 24ը կը հռչակէ Հայկական Ցեղասպանութեան Յիշատակութեան Օր: Խորհրդարանին նիստը բացուեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. […]
Քողազերծում՝ Փասատինայի Ցեղասպանութեան Յուշակոթողին
Փասատինայի հայութիւնն ու քաղաքապետութիւնը անցեալ շաբաթավերջին գործնական մասնակցութիւն բերին հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման քայլերուն: Արդարեւ, Շաբաթ, 18 Ապրիլ 2015ին, Փասատինայի “Մեմորիըլ Փարք” հանրային պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած յուշարձանին մը, որ կանգնած է նախաձեռնութեամբ Փասատինայի Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման յանձնախումբին եւ արդիւնք է մօտաւորապէս 3 տարի առաջ մեկնարկուած աշխատանքի: Եռոտանիի մը ձեւով կերտուած […]
Շաբաթական Լուրեր – 17 Ապրիլ 2015
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԼԱՍ ՎԵԿԱՍԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾԽԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ Կիրակի, 19 Ապրիլը Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող երրորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Կանաչ կամ Աշխարհամատրան Կիրակի։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այս շաբաթավերջին կը գտնուի Լաս Վեկասի մեր ծխական համայնքին հետ, որ մէկէ աւելի պատճառներով պատմական հանգրուան մը կը նշէ […]
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Նշում Լոս Անճելըսի “Our Lady of the Angels” Մայր Տաճարին Մէջ
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման մեր գաղութի Միացեալ Մարմինին հովանաւորած ազգային ու եկեղեցական ձեռնարկներուն եւ արարողութեանց ծիրին մէջ, Երեքշաբթի, 14 Ապրիլ 2015ի երեկոն արձանագրեց պատմական հանգրուան մը: Արդարեւ, Երեքշաբթի երեկոյեան, Ամերիկայի Կաթողիկէ համայնքի Լոս Անճելըսի “Our Lady of the Angels” Մայր Տաճարին մէջ, նախաձեռնութեամբ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, հովանաւորութեամբ Ցեղասպանպութեան ոգեկոչման միացեալ մարմինին եւ հիւրընկալութեամբ Կաթողիկէ համայնքի […]
Պըրպէնքի Երիտասարդական Կեդրոնի “Մելքոնեան” Մարզարանի Բացում
Պըրպէնքի, ինչո՞ւ չէ նաեւ Արեւմտեան մեր Թեմի հայութեան կեանքին մէջ, Կիրակի, 12 Ապրիլ 2015ին արձանագրուեցաւ կարեւոր իրագործում մը, երբ Հ.Յ.Դ. “Աղբալեան” կոմիտէութեան նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ շրջանի Պեշիր Մարտիրոսեան Երիտասարդական Կեդրոնի “Մելքոն եւ Անժէլ Մելքոնեան” մարզադաշտի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեանի […]
Նոր Կիրակիին Առաջնորդ Սրբազանը Պատարագեց Նորթ Հոլիվուտի Եկեղեցւոյ Մէջ
Մեր քրիստոնէական հաւատքին մէջ ամուր կանգնինք, վերանորոգենք մեր հոգիներու պատմուճանները, զերծ մնանք թերահաւատութենէ եւ ցնծութեամբ տոգորուինք Քրիստոսի Ս. Յարութեան խորհուրդով, պատգամեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կիրակի, 12 Ապրիլ 2015ին, Կրկնազատիկի առիթով իր մատուցած Ս. Պատարագին ընթացքին, Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ: Ս. Սեղանին սպասարկեց ծխական շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. […]
“Ուիլիըմ Սարոյեան, Մարդը եւ Գործը” Վաւերագրական Ժապաւէնը՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Յարկին Տակ
Ազգային Առաջնորդարանի “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահը Հինգշաբթի, 9 Ապրիլ 2015ի երեկոյեան ժամադրավայրը եղաւ ամերիկահայ մեծ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի գրական արուեստին ու միտքի արգասիքներուն համակիր մշակութասէր հանրութեան մը, որ ընդառաջած էր Ազգ. Առաջնորդարանի Մշակութային-Դաստիարակչական յանձնախումբի նախաձեռնութեան եւ ներկայ եղաւ անոր նուիրուած “Ուիլիըմ Սարոյեան. Մարդը եւ Գործը” վաւերագրական ժապաւէնին ցուցադրութեան: Յանձնախումբը այս ձեռնարկը կազմակերպած էր […]
Շաբաթական Լուրեր – 10 Ապրիլ 2015
ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳԷ ՆՈՐԹ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ – ՅԱՏՈՒԿ ԱՂՕԹՔ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՍԿՐԱԾՈՒԾԻ ՀԻՄՆԱՐԿԻ Կիրակի, 12 Ապրիլ 2015ը, Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող Կիրակին է, որ կը կոչուի Նոր Կիրակի կամ Կրկնազատիկ։ Հաստատուած աւանդութեան համաձայն, Նոր Կիրակիին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ […]
Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Ազգ. Առաջնորդարանը Հրատարակեց Ժագ Ս. Յակոբեանի »Փախչիլ Զկայ, Հա՜…« Հատորը
Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած հրատարակութիւններու ծիրին մէջ, Ազգային Առաջնորդարանը այս շաբաթ լոյս ընծայեց վաստակաշատ բանաստեղծ եւ մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեանի նորագոյն աշխատասիրութիւնը, որ կը կրէ “Փախչիլ Չկայ, Հա՜…” խորագիրը: 140 էջերու վրայ տարածուող հատորը կը բովանդակէ բանաստեղծին հոգեւոր խորհրդածութիւններէն եւ վերլուծումներէն 20 արձակ գրութիւն. ունի ներքին երկու բաժանում. մեկնելով աւետարանական հատուածներէ կամ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին […]
Առաջնորդ Սրբազան Ընդունեց Լաս Վեկասի Մէջ Հայաստանի Պատուոյ Հիւպատոս՝ Ատրուշան Արմէնեանը
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր.buy cialis black online nouvita.co.uk/wp-content/themes/twentynineteen/fonts/en/cialis-black.html no prescription Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 7 Ապրիլի յետմիջօրէին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Տիար Ատրուշան Արմէնեանի, որ 24 Մարտին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի հրամանագիրով նշանակուած էր Լաս Վեկասի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս: Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց Տիար Ա. Արմէնեանը, որ նշանակումէն ետք առաջին այցելութիւնը […]
Ս. Յարութեան Տօնին Առաջնորդ Սրբազանը Պատարագեց Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ
“ՄԵնք այսօր կը տօնենք Քրիստոսի Ս. Յարութեան պատգամը, որ խոստումն է յաղթանակի՝ մեղքի ու մահուան վրայ կեանքի յաղթանակին, չարին դէմ բարիին, ատելութեան դէմ սիրոյ, սուտին դէմ ճշմարտութեան յաղթանակին”, յայտարարեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կիրակի, 5 Ապրիլ 2015ին, Ս. Յարութեան տօնին առիթով Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ իր մատուցած Ս. Պատարագին ընթացքին, […]
Ս. Յարութեան Ճրագալոյց եւ Օրհնութիւն Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Վերանորոգուած Յուշարձանին
Շաբաթ, 4 Ապրիլ 2015ի երեկոյեան, մեր Թեմի եկեղեցիները ապրեցան Ս. Յարութեան տօնի նախօրեակի ուրախ մթնոլորտը, երբ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագի արարողութեան աւարտին, հաւատացեալները ստացան Քրիստոսի Ս. Յարութեան աւետիսը եւ եկեղեցիներու խորանէն վառուած մոմերով տուն վերադարձան լուսաւորելու իրենց յարկերը: Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Եկեղեցւոյ ծխական համայնքին համար, այդ օրը կրկնակի ուրախութեան առիթ էր, որովհետեւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ […]
Քրիստոսի Թաղման Կարգը
Ուրբաթ, 3 Ապրիլ 2015ի երեկոյեան, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յատուկ արարողութեամբ յիշատակուեցաւ Քրիստոսի թաղումը: Հաւատացեալ ժողովուրդը համախմբուած էր եկեղեցւոյ խորանին առջեւ, ուր զետեղուած էր Քրիստոսի գերեզմանը խորհրդանշող դագաղը, ծաղիկներով զարդարուած: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ արարողութեան, որուն ընթացքին, կատարուեցան Ս. Գրային ընթերցումներ եւ երգուեցան շարականներ, որոնք […]
Ուիլիըմ Սարոյեանի Մասին Վաւերագրական Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ
Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Ազգային Առաջնորդարանի Մշակութային-Դաստիարակչական Յանձնախումբը կազմակերպած է Ուլիըմ Սարոյեանի մասին վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեան երեկոյ մը: Հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 9 Ապրիլ 2015ի երեկոյեան ժամը 7:00ին, Ազգային Առաջնորդարանի “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի: Ժապաւէնը վաւերագրած են Տիար Փօլ […]