2015 Լուրերու Արխիւ
Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ 115-ամեակի Տօնակատարութիւն – Մեծարանք Տ. Վահան Քհնյ. Կոստանեանի
Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցին Կիրակի, 1 Նոյեմբեր 2015ին, եպիսկոպոսական պատարագով ու պաշտօնական ճաշկերոյթով մը տօնեց իր հիմնադրութեան 115րդ տարեդարձը: Պատարագիչն էր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, որ այս առիթով Ֆրեզնօ մեկնեցաւ, պատմական այս հանգրուանը նշելու համար ծխական համայնքի զաւակներուն հետ: Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագի ընթացքին պատգամ մը ուղղեց հաւատացեալներուն, ապա, ներկայ […]
«Լարք»ի Ձեռնարկին Առաջնորդ Սրբազանը Գնահատագիր Շնորհեց Ճօ եւ Ճոյս Սթայն Ամոլին
Կիրակի, 1 Նոյեմբեր 2015ի երեկոյեան, «Լարք» Երաժշտական Ընկերակցութիւնը կազմակերպած էր մեծարանքի ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի «Jonathan Club»ին մէջ, ներկայութեամբ «Լարք»ի պատասխանատուներուն եւ բարեկամներուն: Մեծարուեցաւ ընկերակցութեան բարերարներէն Տէր եւ Տիկին Ճօ եւ Ճոյս Սթայն ամոլը, առ ի գնահատանք իր բազմամեայ ծառայութիւններուն եւ բարերարութեանց: Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, ներկայացնելով Առաջնորդ Սրբազանը, օրհնութեան ու […]
Շաբաթական Լուրեր – 30 Հոկտեմբեր 2015
ՖՐԵԶՆՈՅԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 115-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ Այս շաբաթավերջին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի այցելէ Ֆրեզնօ, ուր Ս. Երրորդութիւն Մայր Եեղեցւոյ ծխական համայնքը պիտի նշէ հիմնադրութեան 115-րդ տարեդարձը։ Այս առիթով, Կիրակի, 1 Նոյեմբեր 2015ին, Առաջնորդ Սրբազանը Ս.buy clomiphene online pavg.net/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/clomiphene.html no prescription Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Մոնթեպելլոյի Քաղաքապետ Տիար Ճէք Հաճինեանի Այցելութիւնը
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2015ի յետմիջօրէին, Ազգային Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Տիար Ճէք Հաճինեանի, որ եկած էր Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը ստանալու յառաջիկայ Երեքշաբթի, 3 Նոյեմբերին, Մոնթեպելլոյի մէջ տեղի ունենալիք քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն իր թեկնածութեան համար։ Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց Տիար Ճէք Հաճինեանի ներկայութիւնը եւ յաջողութիւն […]
Առաջնորդ Սրբազաբը Ընդունեց Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2015ի յետմիջօրէին, Ազգային Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» կոմիտէի (Լա Քրեսենթա) ներկայացուցիչ Տիար Խաչիկ Հաւաթեանի, ընկերակցութեամբ Քրեսենթա Հովիտի Հայց.buy Alphagan generic https://andnewbloonline.com over the counter Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Տիգրան Տէր Սարգիսեան: Տիար Խ. Հաւաթեան խօսեցաւ վերջերս ընտրուած նոր կազմի […]
Առաջնորդ Սրբաան Նոր Օրհնուած Միւռոնով Ջրօրհնէք Կատարեց Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ
Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ ծխական համայնքի զաւակները Կիրակի, 25 Հոկտեմբեր 2015ին հաղորդակից դարձան Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան, որ տեղի ունեցած էր անցեալ Յուլիսին, Լիբանանի Պիքֆայա աւանի Ս. Աստուածածին մատրան շրջափակին մէջ, Նահատակաց Յուշակոթողին առջեւ, ձեռամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ու մասնակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաջնորդ Սրբազաններու: Ինչպէս ծանօթ է, Թեմիս […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Հայ Դատի Յանձնախումբի Տարեկան Գնահատանքի Ձեռնարկին
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 25 Հոկտեմբեր 2015ի երեկոյեան ներկայ եղաւ Հայ Դատի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Յանձնախումբի ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ «Հայաթ Ռիճընսի Սենչըրի Փլազա» պանդոկին մէջ: Ներկայ էին աւելի քան 1,400 զօրակիցներ, որոնց շարքին՝ պետական անձնաւորութիւններ, հայկական կազմակերպութեանց ու միութեանց պատասխանատուներ ու ղեկավարներ, բարերարներ եւ բարեկամներ: Տարեկան հերթականութեամբ կազմակերպուող այս […]
Շաբաթական Լուրեր – 23 Հոկտեմբեր 2015
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆՈՎ ՋՐՕՐՀՆԷՔ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐԷ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 25 Հոկտեմբեր 2015ին պիտի ըլլայ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ ծխական համայնքին հետ: Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Ս. Պատարագին եւ պիտի կատարէ ջրօրհնէքի արարողութիւն: Ծանօթ է, որ անցեալ Յուլիսին, մասնակցելէ ետք Պիքֆայայի մէջ, Ս. […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Հոգեւոր Հովիւ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանը
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր.buy aciphex online https://medstaff.englewoodhealth.org/wp-content/languages/new/aciphex.html no prescription Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2015ին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի, որ այսօրերուն Լոս Անճելըս կը գտնուի, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 96ամեակի հանդիսութեան առիթով, իբրեւ գլխաւոր բանախօս: Վեր. Յ. Սելիմեան Ազգ. Առաջնորդարան այցելեց Ա. Հ. […]
Յուշ Երեկոյ՝ Ի Յարգանս Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի
Նախաձեռնութեամբ Արեւմտեան մեր Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող «Նոր Ջուղայի Բարեկամներ» յանձնախումբին, Չորեքշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2015ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան վախճանեալ անդամներէն՝ հոգելոյս Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի յիշատակին նուիրուած մշակութային ձեռնարկ մը: Յուշ երեկոն կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն […]
Քրեսենթա Հովիտի Եկեղեցին Տօնեց Ծխական Համայնքի Հիմնադրութեան 10րդ Տարեդարձը
Շաբաթ, 17 Հոկտեմբեր 2015ի երեկոյեան, Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ծխական համայնքը պաշտօնական հանդիսութեամբ մը տօնեց իր հիմնադրութեան 10րդ տարեդարձը: 10ամեակի տօնակատարութիւնը մարմանաւորուեցաւ ճաշկերոյթով մը, որ տեղի ունեցաւ Իրանահայ Միութեան Կլենտէյլի կեդրոնին մէջ: Հանդիսութիւնը կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը: Նշենք, որ եկեղեցւոյ տասնամեակին առիթով, Կիրակի, 20 Սեպտեմբերին, Առաջնորդ […]
Նշանակում Թեմիս Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի Նոր Կազմին
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Ազգային Վարչութիւնը այսու ուրախ են յայտարարելու, որ Թեմիս Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի նոր կազմը նշանակուած է անդամակցութեամբ հետեւեալ ազգայիններուն.- Տեարք Րաֆֆի Գույումճեան, Իրաւաբան Սարգիս Ուրֆալեան, Տիկնայք Լիզա Կապուտեան, Դոկտ. Յասմիկ Պարան, Դոկտ. Ժանին Թօփալեան-Ալքէյն, Դոկտ.buy synthroid online www.adentalcare.com/wp-content/themes/medicare/editor-buttons/images/en/synthroid.html no prescription Հուրի Քէօրօղլեան, Իրաւաբան Ազիդա Եագուպեան, Սօսի […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Ղըպտիներու Թէոդորոս Բ. Պապին Ի Պատիւ Ընդունելութեան
Ընդառաջելով Ղըպտի Ուղղափառ համայնքի Լոս Անճելըսի Առաջնորդ Տ. Սրաբիոն Եպիսկոպոսի հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 18 Հոկտեմբեր 2015ի երեկոյեան ներկայ եղաւ «Santa Verena Charity»ի կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան մը, ի պատիւ Ղըպտիներու գերագոյն հոգեւոր պետին՝ Նորին Սրբութիւն Թէոդորոս Բ. Պապին, անոր Լոս Անճելըս անդրանիկ այցելութեան առիթով: Ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Անահայմի «Hilton» […]
Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան Դասախօսութիւն-Ճաշկերոյթ
Մեր ժողովուրդի զաւակներուն օգտակար գիտելիքներ հաղորդելու իր բարի աւանդութեան հաւատարիմ մնալով, Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը Հինգշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2015ի կէսօրին կազմակերպած էր դասախօսութիւն-ճաշկերոյթ մը, իբրեւ դասախօս հրաւիրելով ծանօթ եւ հմուտ ակնաբոյժ Տոքթ. Միրէյ Համբարեանը: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. […]
Շաբաթական Լուրեր – 16 Հոկտեմբեր 2015
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ – ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ Ի ՊԱՏԻՒ ԹԷՈԴՈՐՈՍ Բ. ՊԱՊԻՆ Կիրակի, 18 Հոկտեմբեր 2015ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը։ Յետմիջօրէին, Առաջնորդ Սրբազանը, ընդառաջելով Ղըպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Տ. Սրաբիոն […]