2015 Լուրերու Արխիւ

Աւագ Հինգշաբթիի Ոտնլուայի եւ Խաւարման Գիշերուան Արարողութիւնները

Ս. Յարութեան տօնը կանխող Աւագ շաբթուան իւրաքանչիւր օրը կ’իմաստաւորուի Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջին օրերուն կապուած խորհուրդով մը, իսկ Աւագ Հինգշաբթին կը ներկայանայ բազմաթիւ խոհուրդներով, որոնք ունին յիշատակելի պատգամներ: Աւագ Հինգշաբթի առաւօտուն, տեղի կ’ունենայ Ս. Պատարագ, որուն աւարտին, հաւատացեալները կը ստանան Ս. Հաղորդութիւն, իբրեւ խորհրդանիշ եւ յիշատակ՝ աշակերտներուն հետ Յիսուսի Վերջին Ընթրիքին եւ Ս. Պատարագի խորհուրդին […]

Շաբաթական Լուրեր – 3 Ապրիլ 2015

Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳԷ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Կիրակի, 5 Ապրիլ 2015-ը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնն է։ Սուրբ Զատկուան տօնին առթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ եւ Ս. Զատկուան պատգամը պիտի փոխանցէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ։ Հոգշ. Տ. Պօղոս […]

Ս. Զատկուան Տնօրհնէք եւ Ժամերգութիւն Արարատ Տան Մէջ

Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Թեմիս հոգեւորականները տաղաւար տօներուն կ’այցելեն “Արարատ” Տուն, հոգեւոր սնունդ մատակարարելու անոր բնակիչներուն, հոգաբարձական կազմին, պաշտօնէութեան եւ բուժքոյրերուն։ Ս. Յարութեան տօնին առիթով, եւ պատսպարեալ տարեցները մասնակից դարձնելու համար տօնական օրերու մթնոլորտին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ հոգեւորականաց դասու անդամներ Չորեքշաբթի, 1 Ապրիլ 2015ի առաւօտուն այցելեցին “Արարատ” Տուն եւ […]

Տասը Կուսանաց Յիշատակի Նշումը Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Աւագ Շաբթուան Երեքշաբթին յիշատակումի օրն է մեր Տիրոջ առակներէն՝ Տասը Կոյսերուն: Այս առիթով, Երեքշաբթի, 31 Մարտ 2015ի երեկոյեան, հանդիսապետութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի, սարկաւագներու եւ դպիրներու, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տասը Կոյսերուն խորհուրդին նուիրուած ժամերգութիւնը, որուն […]

Վանա Կիտցինեան Կը Մասնակցւ Առաքելութեան եւ Աւետարանչութիւն Յանձնաժողովի Նիստին

Մարտ 16-22, իրաւաբան Վանա Կիտցինեան, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, իր մասնակցութիւնը բերած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի «Համաշարհային առաքելութիւն եւ աւետարանչութիւն» անունով մկրտուած նորակազմ յանձնաժողովի նիստին, որ կայացած է Պոսէի մէջ, Զուիցերիա։ Աւետարանչական աշխանատանքը զարգացնելու նուիրուած համաշխարհային հաւաք մը նախաձեռնող այս յանձնաժողովը ունի 35 անդամներ եւ 7 խորհրդատուներ, աշխարհի տարածքէն։ Յանձնաժողովը բաժնուած է աւելի փոքր […]

Ծաղկազարդի Տօնը Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, Մարտ 29, 2015-ին Հայց. Առաքելական Եկեղեցին նշեց մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնը՝ Ծաղկազարդը: Այս ցնծալի եւ հոգեկան վայելքի տօնին՝ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Ս. եւ Անմահ պատարագ մատուցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ: Ծաղկազարդը յատկապէս տօնն է մանուկներուն: Աւետարանիչները կը պատմեն, թէ ինչպէս Յիսուս իր բարեկամին՝ […]

Գաղափարի Մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի Ոգեկոչման Ձեռնարկ

Կիրակի, 29 Մարտ 2015ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ “Արմենակ Տէր Պետրոսեան” սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յարգանքի եւ ոգեկոչումի հանդիսութիւն մը, նուիրուած՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի նախկին անդամներէն, բազմավաստակ ազգային գործիչ եւ մտաւորական Սարգիս Զէյթլեանի, անոր առեւանգման 30ամեակին առիթով: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, քահանայ հայրերու ընկերակցութեամբ, ներկայ եղաւ երեկոյին, որ կազմակերպուած […]

Առաջնորդ Սրբազանը Կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Բանակավայրի Սենեակ»ին Օրհնութիւնը

Շաբաթ, 28 Մարտ 2015ի յետմիջօրէին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան կեդրոնատեղիին մէջ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի “Բանակավայրի Սենեակ”ին օրհնութիւնն ու պաշտօնական անուանակոչութիւնը: Սենեակին հովանաւորն է Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Տիար Խաչօ Աչաճեան, որ ներկայ էր իր տիկնոջ՝ Արաքսիի եւ հարազատներուն հետ: Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Արժանապատիւ Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան […]

2015 – Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկուան Պատգամը

ԳՈՂԳՈԹԱՅԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՃԱՆԱՊԱՐՀ ՓԱՌՔԻ Քրիստոնէական հաւատքի հիմքը հանդիսացող մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի Յարութիւնը, իր ներշնչող եւ սրտապնդող յոյսի խոստումով, դարձեալ մեր սրտերն ու հոգիները կը ջերմացնէ. յոյս մը՝ որ մեզի կը խոստանայ թէ տառապանքը տեղի պիտի տայ յաղթանակին եւ փառքին առջեւ։ Արդարեւ, Ս. Զատկուան պատգամը յաղթանակի եւ ազատագրութեան պատգամ է։ Յաղթանակ կեանքի՝ մեղքի կապանքներուն ու […]

Շաբաթական Լուրեր – 27 Մարտ 2015

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳԷ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Կիրակի, 29 Մարտ 2015ը, Ծաղկազարդ է, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնը։ Ծաղկազարդի տօնին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ օրուան յատուկ իր պատգամը պիտի փոխանցէ։ Արարողութեան ընթացքին, […]

Միւռոնօրհնէք Անթիլիասի Մէջ – Ուխտագնացութիւն Դէպի Լիբանան

Ի գիտութիւն հաւատացեալ մեր ժողովուրդին, կը յայտնենք թէ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի առթիւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւն պիտի կատարէ 18 Յուլիս, 2015ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի նահատակաց հրապարակի յուշարձանին առջեւ։ Այս պատմական եւ հոգեպարար առիթով, Արեւմտեան մեր Թեմը կազմակերպած է ուխտագնացութիւն դէպի Լիբանան, Յուլիս 13-էն մինչեւ […]

Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հովիւներու Հետ Հանդիպում-Հաւաք Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ

Հինգշաբթի, 26 Մարտ 2015ը Արեւմտեան Թեմիս համար եղաւ իւրայատուկ եւ նշանակալից օր մը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի հրաւէրով, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներն ու Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասը միացեալ հաւաք մը ունեցան Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ՝ որպէս մէկ Աստուծոյ զաւակներ եւ նոյն ազգի ծառայող հոգեւորականներ։ Եզակի, տպաւորիչ եւ […]

Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Վերջին Արեւագալին Ճաշկերոյթ եւ Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Դասախօսութիւն

Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ վերջին Արեւագալի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 25 Մարտ 2015ի առաւօտուն, հաւատացեալներու եւ Ազգային Ֆերահեան վարժարանի 9-րդ, 10-րդ եւ 12-րդ կարգի աշակերտներու ներկայութեամբ։ Տարիներու աւանդութեան համաձայն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց արարողութեան, որուն աւարտին, հոգեւոր խորհրդածութեամբ մը ներկաներուն ուղղեց իր պատգամը: Ան յիշեցուց, որ Արեւագալի առաջին ժամերգութեան առիթով […]

Թաւլեան Ազգ. Մանկամսուր-Մանկապարտէզի Աշակերտներու Մտերմիկ Հանդիպումը Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հետ

Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Ազգ. Մանկամսուր-մանկապարտէզի աշակերտները, Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2015ի առաւօտեան, այցելութիւն մը տուին Ազգ. Առաջնորդարան, ուր մտերմիկ հանդիպում մը ունեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հետ։ Սրբազանին կ’ընկերանային Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։ Աշակերտները, գլխաւորութեամբ վարժարանի վարիչ Հէլէն Մանուչարեանի, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն եւ […]

Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Հանգանակային Ձեռնարկ

“Աւելի քան 30 տարի առաջ, այս գաղութին մէջ կարգ մը նուիրեալներ տեսիլքն ու երազը ունեցան Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցին, անոր կողքին Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան Վարժարանը եւ “Ղուկասեան” սրահը կանգնեցնելու: Բարերարներու օժանդկաութեամբ եւ ժողովուրդին մասնակցութեամբ, ոտքի կանգնեցաւ “Յովնանեան” համալիրը: Հիմնադիրներէն ու բարերարներէն ոմանք արդէն առյաւէտ բաժնուած են մեզմէ, ուրիշներ մեզի հետ են, իսկ նորեր եկած […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022