2016 Լուրերու Արխիւ

Ցեղասպանութեան 101-ամեակի Յիշատակում Լոս Անճելըսի Քաղաքապետարանին Մէջ

Նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի, Չորեքշաբթի, 20 Ապրիլ 2016ին, քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակին նուիրուած ոգեկոչական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին հայ համայնքի կարգ մը կազմակերպութիւններ ու հաստատութիւններ, որոնց շարքին Ազգային Առաջնորդարանս, գնահատագիր ստացան Հայ Դատի յառաջընթացին մէջ իրենց ունեցած ներդրումին համար: Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. […]

Կոչ՝ Արցախի Զօրակցութեան – Լիաբուռն Մասնակցինք Հանգանակութեան

Ինչպէս ծանօթ է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, 11էն 15 Ապրիլին Հայաստան եւ Արցախ այցելեց, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին հետ միասնաբար զօրակցութիւն յայտնելու համար հայրենի պետութեան, Արցախի պետական պատասխանատուներուն, սահմանապահ մեր զինուորներուն ու քաջարի մեր ժողովուրդին: Այցելութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Թեմերուն […]

Կոչ՝ Մասնակցինք Ս. Նահատակաց Յիշատակի Արարողութեանց Ձեռնարկներուն եւ Հանրահաւաքին

Այս շաբաթավերջին, Շաբաթ, 23 եւ Կիրակի 24 Ապրիլին, հայ ժողովուրդը աշխարհի չորս ծագերուն, Հայոց Ցեղասպանութեան 101րդ տարելիցը պիտի նշէ եկեղեցական արարողութիւններով, յուշահանդէսներով, մշակութային ձեռնարկներով ու ցուցական հաւաքներով, խոնարհելու համար մեր Սուրբ Նահատակներուն յիշատակին առջեւ եւ անսասան կամքով պահանջատիրական ձայն բարձրացնելու մեր արդար իրաւունքներուն ի խնդիր: Սիրելի հայորդիներ, Կոչ կ’ուղղենք բոլորիդ, որ խուռներամ ներկայութեամբ մասնակից ըլլաք մեր […]

Մեծարանքի Երեկոյ Ի Պատիւ Ազգ. Թաւլեան Մանկամսուրի Վարիչուհի Տիկին Հելէն Մանուչարեանի

Ուրբաթ, 15 Ապրիլ 2016ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Ֆենիսիա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Փասատինայի Ազգ. Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Մանկամսուրի բազմամեայ վարիչուհի Տիկին Հելէն Մանուչարեանի ի պատիւ մեծարաքի ձեռնարկ մը, նախաձեռնութեամբ Մանկամսուրի Ուսումնական Մարմինին եւ հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Տ. Խորէն Քհնյ. Պապօշեան […]

Առաջնորդ Սրբազանը Կատարեց Ցեղասպանութեան Յիշատակման Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի Նիստին Բացման Աղօթքը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երկուշաբթի, 18 Ապրիլ 2016ին մեկնեցաւ Սաքրամենթօ, ուր Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի յատուկ նիստին բացումը կատարեց աղօթքով, որ նուիրուած էր Ցեղասպանութեան յիշատակման: Այս նիստը դարձած է բարի աւանդութիւն, շնորհիւ խորհրդարանի հայկական խմբակին եւ Հայ Դատի յանձնախումբին միջեւ սերտ գործակցութեան: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան, Հոգշ. Տ. Պարոյր […]

Բացում՝ «Հայաստան. Բաց Վէրք Մը» Ցուցահանդէսին

Շաբաթ, 16 Ապրիլ 2016ին, Կլենտէյլի Պրէնտ Գրադարանին եւ Արուեստի Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը «Հայաստան. Բաց Վէրք մը» խորագրեալ ցուցահանդէսին, ներկայութեամբ հոգեւոր առաջնորդներու եւ հայրերու, եւ քաղաքապետութեան ու հայ համայնքի ներկայացուցիչներու։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան մասնակցեցաւ բացման հանդիսութեան։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանային Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Արժ. Տ. Կոմիտաս […]

Արցախը Զօրակցութեան Համար Հսկում-Մոմավառութիւն

Երեքշաբթի, 12 Ապրիլ 2016ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանին դիմաց տեղի ունեցաւ Արցախի զօրակցական հսկում մը եւ մոմավառութիւն, մասնակցութեամբ հոգեւոր առաջնորդ հայրերու, պետական անձնաւորութիւններու, հայ համայնքի ներկայացուցչական դէմքերու եւ հոծ բազմութեան մը: Հսկումի երեկոն կազմակերպուած էր մեր համայնքին մէջ գործող «Արցախի զօրակցութեան աշխատանքի խմբակ»ին կողմէ, հիւրընկալութեամբ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին. հաւաքը հակադարձութիւն մըն էր Ազրպէյճանի կողմէ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հայաստանի Ամերիկեան Համասսարանի Նախագահն ու Ներկայացուցիչները

Չորեքշաբթի, 13 Ապրիլ 2016ի յետմիջօրէին, Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի նախագահ Դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրեղեան, Զարգացման եւ Արտաքին Յարաբերութեան բաժանմունքի փոխ նախագահ Տիկին Լորէյն Ալէքսանտր եւ Զարգացման փոխ-վարիչ Մաթօ Սէնէքէրիմեան այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ: Հանդիպումը կեդրոնացաւ հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր համալսարանին արձանագրած յառաջդիմութեան, ինչպէս նաեւ հիմնադրութեան 25ամեակի տօնակատարութեան […]

Առաջնորդ Սրբազանն ու Հոգեւորականաց Դասը Այցելեցին «Արարատ» Տան Իկըլ Ռաքի Հաստատութիւնը

Չորեքշաբթի, 13 Ապրիլ 2016ի առաւօտուն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելեց «Արարատ» Տան Իկըլ Ռաքի կեդրոնը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանային Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան, Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրզեան եւ Բրշ. Խաչիկ Սրկ. Շաննագեան։ Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւորականները դիմաւորուեցան հաստատութեան հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Մայքըլ Սիւրմէեանի, պատասխանատուներու եւ անձնակազմի […]

Առաջնորդ Սրբազանը Գնահատեց «Պրէնտ» Գրադարանի «Հայաստան. Բաց Վէրք Մը» Ցուցահանդէսի Պատրաստական Աշխատանքը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 12 Ապրիլ 2016ին, այցելեց Կլենտէյլի «Պրէնտ» գրադարանը եւ արուեստի կեդրոնը, հետեւելու համար այն աշխատանքներուն, որոնք կը կատարուին առ ի պատրաստութիւն «Հայաստան. Բաց Վէրք Մը» խորագրեալ ցուցահանդէսին, որ պաշտօնապէս պիտի բացուի Շաբաթ, 16 Ապրիլին (ժամը 1էն 4): Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ պիտի ըլլայ բացման արարողութեան: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար […]

Ծառատնկում Ազգ. Թիւֆէնքեան Մանկամսուրի Պարտէզին Մէջ

Երեքշաբթի, 12 Ապրիլ 2016ին, Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան մանկամսուրը հանդիսավայրը եղաւ սրտառուչ արարողութեան մը: Նախաձեռնութեամբ »Հայկական Ծառի Ծրագիր«ին (Armenian Tree Project), մանկամսուրի պարտէզին մէջ խնձորենիի մը ծառատնկումը տեղի ունեցաւ, ի յիշատակ վարժարանի բարերար ամոլին՝ Տէր եւ Տիկին Ռալֆ եւ Սաւի Թիւֆէնքեանի վաղամեռիկ որդւոյն՝ Ռիչըրտի, որուն անունը կը կրէ մանկամսուրը: Նոյն օրը, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. […]

Կանաչ Կիրակիին Աղօթք՝ Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկին եւ Արցախի Ապահովութեան Համար

Կիրակի, 10 Ապրիլ 2016ին, Կանաչ Կիրակի օրը, ընդառաջելով Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի վարչութեան խնդրանքին, եւ տնօրինութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արեւմտեան մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ հիմնարկի նուիրեալ ծառայողներուն զօրակցութեան ու անոնց խնամքը վայելող հիւանդներուն համար: Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը: […]

Ազգ. Շամլեան Վարժարանի Աշակերտները Քայլարշաւով Ուխտի Եկան Ազգային Առաջնորդարան

Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի աշակերտները Հինգշաբթի, 7 Ապրիլ 2016ի առաւօտուն, վարժարանէն դէպի Ազգային Առաջնորդարան քայլարշաւով եւ կոկիկ յուշահանդէսներով ոգեկոչեցին մեր սրբադասեալ նահատակներուն յիշատակը: Անոնք գործնապէս վկայեցին, որ հաւատարիմ են Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով հայութեան հնչեցուցած «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» ուխտին: Առաւել՝ կը յիշեն ու աշխարհին կը յիշեցնեն Թուրքիոյ պետութեան ոճրային արարքը, այս օրերուն […]

Շաբաթական Լուրեր – 8 Ապրիլ 2016

ԱՂՕԹՔ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՍԿՐԱԾՈՒԾԻ ՀԻՄՆԱՐԿԻ  ՀԱՄԱՐ – ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 10 Ապրիլ 2016ը, Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող երկրորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Աշխարհամատրան կամ Կանաչ Կիրակի։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի նախագահէ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, պիտի փոխանցէ իր պատգամը եւ […]

Նոր Կիրակիին Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ Մատուցեց Նորթ Հոլիվուտի Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող Կիրակին կը կոչուի Նոր Կիրակի կամ Կրկնազատիկ, որ քրիստոնեայ աշխարհին ու հաւատացեալներուն համար հրաւէր է վերանորոգուելու Քրիստոսի յարութեան շունչով եւ այդ ոգիով շարունակելու կեանքի նոր փուլը: Կրկնազատիկի առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 3 Ապրիլ 2016ին, Ս. Պատարագ մատուցեց Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ եւ ներկայ […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022