2018 Լուրերու Արխիւ

Աշակերտական Հաւաք՝ Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձանին Առջեւ

Հաւատարիմ մնալով վերջին տարիներուն հաստատուած ազնիւ աւանդութեան, եւ մեր սրբադասեալ նահատակներուն կտակին հանդէպ յանձնառութիւնն ու ուխտը վերանորոգելու կամքով, Ուրբաթ, 6 Ապրիլ 2018-ի կէսօրին, Լոս Անճելըսի շրջանի հայկական վարժարաններէ աւելի քան 1.200 աշակերտներ համախմբուեցան Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանին շուրջ, հաղորդակից դառնալու նահատակներու պատգամին եւ գեղարուեստական յայտագիրով մը իրենց յարգանքը մատուցելու անոնց յիշատակին։ Հաւաքին մասնակցեցան հայկական 11 վարժարաններէ […]

Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւն եւ Օծում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Այսու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը յայտնենք, որ Կիրակի, 15 Ապրիլ 2018-ին, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.buy zithromax online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/zithromax.html no prescription Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում պիտի շնորհէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան անդամներէն՝ Քուէյթի եւ շրջակայից Թեմի Առաջնորդ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեանի, Սպահանի Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Ցոլակ Յովսէփեանի Այցելութիւնը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 6 Ապրիլ 2018-ի կէսօրին, Ազգ.buy filitra online gilbertroaddental.com/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/filitra.html no prescription Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ազգային ծանօթ գործիչ եւ վաստակաւոր լուսանկարիչ Ցոլակ Յովսէփեանի, որուն ծննդեան 100-րդ տարեդարձին առիթով, «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութիւնը յատուկ ընդունելութիւն մը կազմակերպած էր 16 Փետրուարին։ Առաջնորդ Սրբազանը պաշտօնապէս վաստակաշատ հայորդիին յանձնեց 100-ամեակին […]

Ս. Յարութեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ «Արարատ» Տան Մէջ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ հոգեւորականաց դասու անդամներ, պահպանելով տօնական օրերու բարի աւանդութիւնը, Չորեքշաբթի, 4 Ապրիլ 2018-ի առաւօտեան այցելեցին «Արարատ» Տուն եւ Ս. Պատարագով ու տօնին յատուկ արարողութեամբ մահուան վրայ Աստուածորդւոյն յաղթանակի ուրախ մթնոլորտով պարուրեցին հաստատութեան բնակիչներն ու անձնակազմի անդամները: Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը նախ այցելեցին հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինը, ուր […]

Գէորգ Պետիկեանի «Սա մեր բոլորին Հալէպն է» Հատորի Ողջունահանդէս Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ

Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, կազմակերպութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Մշակութային-Դաստիարակչական Յանձնախումբին եւ գործակցութեամբ «Ասպարէզ»ի խմբագրութեան ու Լոս Անճելըսի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանականներու Ընկերակցութեան, Հինգշաբթի, 19 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ գրող եւ դաստիարակ՝ Գէորգ Պետիկեանի «Սա Մեր Բոլորին Հալէպն է» […]

Մեռելոցի Օր եւ Արցախի Նահատակներու Յիշատակում

Երկուշաբթի, 2 Ապրիլին, մեռելոց յիշատակը հոգեհանգստեան արարողութեամբ նշուեցաւ «Ֆորէսթ Լոն» գերեզմանատան մէջ, գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներուն։ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան փոխանցեց օրուան հոգեւոր խօսքը։ Նկատի ունենալով, որ նոյն օրը կը զուգադիպէր 2016-ին Արցախի վրայ ազերիական յարձակումին ու չորսօրեայ խիզախումներու Բ. տարելիցին, հոգեհանգստեան պահուն առաջին հերթին Առաջնորդ Սրբազանը […]

Ս. Յարութեան Տօնը Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 1 Ապրիլ 2018-ին, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Ս. Յարութեան Հրաշափառ տօնին առիթով, Արեւմտեան մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ եւ պատարագիչ հոգեւոր հայրերը «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսով ողջունեցին հաւատացեալները։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ. Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները՝ […]

Ճրագալոյցը՝ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ

Շաբաթ, 31 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան Ճրագալոյցի արարողութիւն եւ օրուան յատուկ Ս. Գրային ընթերցումներն ու Ս. Պատարագ, որուն աւարտին, պատարագիչ հոգեւոր հայրերը Քրիստոսի Ս. Յարութեան աւետիսը հաղորդեցին հաւատացեալներուն, որոնք Ս. Խորանէն վառուած մոմերով տուն վերադարձան՝ Քրիստոսի լոյսով ջերմացնելու իրենց ընտանեկան յարկերը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան […]

Քրիստոսի Թաղման Յիշատակի Արարողութիւն Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին Մէջ

Աւագ Ուրբաթ, 30 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Քրիստոսի թաղման յիշատակը մարմնաւորող խորհրդաւոր արարողութիւնը: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի թաղման կարգի արարողութեան եւ ուղղեց իր պատգամը: Առաջնորդ Սրբազանին աղօթակից էին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչը՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, հոգեւոր հովիւ Արժ. […]

Խաւարման Գիշերուան Արարողութիւն Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ

Աւագ Հինգշաբթիի երեկոյեան, 29 Մարտ 2018-ին, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Խաւարման Գիշերի արարողութիւնը, որ կը յիշատակէ Քրիստոսի մատնութիւնը, ձերբակալումը, դատավարութիւնը, չարչարանքներն ու խաչելութիւնը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ արարողութեան ու հաւատացեալներուն ուղղեց Քրիստոսի գերագոյն զոհաբերումը լուսարձակի տակ առնող պատգամ մը։ Ան յատկապէս յիշատակեց Քրիստոսի վերջին եօթը […]

Ոտնլուայի Արարողութիւն Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

29 Մարտ 2018-ին, Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը կանխող Աւագ Հինգշաբթի օրը, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան բազմախորհուրդ արարողութիւններ, որոնք հաւատացեալներուն կը փոխանցեն Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջին օրերու պատգամները։ Առաւօտուն, տեղի ունեցաւ Յիսուսի Վերջին Ընթրիքին Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին հաստատման նուիրուած Ս. Պատարագը, որու ընթացքին ժողովուրդը ստացաւ Ս. Հաղորդութիւն։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ […]

Տասը Կուսանաց Յիշատակի Արարողութիւն Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 27 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Աւագ Երեքշաբթիի արարողութեան, որ նուիրուած է Քրիստոսի Տասը Կոյսերու առակի յիշատակին։ Արարողութեան ընթացքին, եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին տասը կոյսերը։ Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ Տասը Կոյսերու առակի խորհուրդին, նշելով, որ անոնցմէ հինգը իրենց լապտերները […]

Ծաղկազարդի Տօնը Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 25 Մարտ 2018-ին, Արեւմտեան մեր եկեղեցիներու շրջափակը պարուրուած էր Ծաղկազարդի տօնին գունագեղ մթնոլորտով. Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնին առիթով, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, հոգեւոր հայրերը առաջնորդեցին տօնական թափօրը, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքի ցնծութեամբ՝ «Ովսաննան»ներով, ձիթենիին ու արմաւենիի ճիւղերով դիմաւորումը, իսկ Ս. Պատարագի աւարտին, կատարուեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւնը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ […]

Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան Վարժարանի 32-րդ Տարեկան Ճաշկերոյթ

Օրէնճ Քաունթիի Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանը Շաբաթ, 24 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կից «Ղուկասեան« սրահին մէջ պաշտօնական ճաշկերոյթով մը տօնեց հիմնադրութեան 32-րդ տարեդարձը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ճաշկերոյթին եւ ուղղեց իր պատգամը։ Ներկայ էին Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, […]

Զատկուան Արարողութիւն «Արարատ Տան» Մէջ

Չորեքշաբթի, 4 Ապրիլին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ հոգեւորականաց դասու անդամներ «Արարատ Տան» Միշըն Հիլզի հաստատութիւնը պիտի այցելեն իրենց Զատկուան բարեմաղթութիւնները փոխանցելու համար: Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, հիւանդանոցի բաժինին մէջ տեղի պիտի ունենայ աղօթքի պահ մը եւ տօնին յատուկ արարողութիւն։ Այնուհետեւ, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի հաստատութեան մատրան մէջ. պիտի պատարագէ եւ քարոզէ […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022