2019 Լուրերու Արխիւ

Հայրերու Օրուան Առիթով՝ Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիսապետեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

Կիրակի, 16 Յունիս 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը։ Օրուան պատարագիչն էր հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան։ Հայրերու Օրուան առիթով եւ տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Ս. Պատարագի ընթացքին գնահատանքի արժանացան երկու օրինակելի հայրեր՝ Տեարք Օննիկ Պէրպէրեան եւ […]

Ամառնային Ս. Գրային Դասընթացքներ

Այս տարի եւս, Թեմիս եկեղեցիները կազմակերպած են ամառնային Ս. Գրային դասընթացքներ, ուր մեր մանուկներն ու պատանիները Քրիստոնէական դաստիարակութիւն կը ստանան հաճելի մթնոլորտի մէջ։ Ծրագիրը կը ներառէ ուսուցում՝ մեր հաւատքին ու եկեղեցւոյ մասին, Ս. Գրային ընթերցումներ, աղօթքներ ու շարականներ, ինչպէս նաեւ մարզական խաղեր, ձեռային աշխատանք, եւ հայկական երգ ու պար։ Ստորեւ, այս տարուան դասընթացքներու ժամանակացոյցը.- – […]

Ազգ. Շամլեան Վարժարանի Փոխ-տնօրէնուհի Ռիթա Գաբրիէլեան Ազգ. Առաջնորդարանի «Ս. Աշխէն Թագուհի» Շքանշանով Պարգեւատրուեցաւ

Ազգային վարժարաններու վկայականաց բաշխման հանդէսներու վերջինը՝ Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի 8րդ կարգինն էր, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի 13 Յունիս 2019-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի հանրային երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, որուն կողքին էին Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան եւ Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. […]

Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

Կիրակի, 16 Յունիս 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Հայրերու Օրուան առիթով եւ տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Ս. Պատարագի ընթացքին գնահատանքի պիտի արժանանան երկու օրինակելի հայրեր՝ Տեարք Օննիկ Պէրպէրեան եւ Կէրի Տաղլեան։ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. […]

Ազգային Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէսներ

Ուսումնական 2018-2019 տարեշրջանի աւարտին, Յունիս ամսուան առաջին երկու շաբաթներուն ընթացքին մեր վարժարանները ունեցան ամավերջի եւ վկայականաց բաշխման հանդէսները, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Առաջնորդ Սրբազանը, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ հոգեւոր հայրեր ներկայ եղան հանդէսներուն եւ ուղղեցին իրենց օրհնութեան ու շնորհաւորանքի խօսքերը։ Հանդէսներուն ներկայ եղան նաեւ Ազգ. Վարչութեան, […]

Հոգեգալստեան Տօնին՝ Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիսապետեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ Հայրերու Օրուան Ճաշկերոյթին – Աղօթք Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկին Համար

Կիրակի, 9 Յունիս 2019-ը Հոգեգալստեան տօնին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը։ Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի խնդրանքով եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, նոյն օրը, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ աղօթք բարձրացուեցաւ հիմնարկին հոգածութիւնը վայելող հիւանդներուն առողջութեան եւ նուիրեալներու զօրակցութեան համար։ Հիմնարկի նախագահ Դոկտ. Ֆրիտա […]

Հոգեգալստեան Տօնին Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին – Աղօթք Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկին Համար

Կիրակի, 9 Յունիս 2019ը Հոգեգալստեան տօնն է, որ յիշատակումն է Վերնատան մէջ առաքեալներուն Սուրբ Հոգիի շնորհքներու եւ պարգեւներու արժանացման։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ օրուան խորհուրդը վեր առնող պատգամ մը։ Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի խնդրանքով եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, նոյն օրը, […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ ՀՕՄ-ի Հովանաւորած «Արարատ Տան» Ամսական Ճաշկերոյթին

«Արարատ Տան» Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը իւրաքանչիւր ամսուան առաջին Երեքշաբթի օր ճաշկերոյթ կը կազմակերպէ հաստատութեան «Տէօքմէճեան» սրահին մէջ։ Ըստ աւանդութեան, Յունիս ամսուան ճաշկերոյթը կը հիւրընկալէ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը, մասնակցութեամբ ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերու։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ 4 Յունիս 2019-ին, կատարեց բացման աղօթքը եւ փոխանցեց […]

Ղօղանջ Կոմիտասեան՝ Հոգեւոր Համերգ Նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի 150-Ամեակին

Ուրբաթ, 31 Մայիս 2019-ի, երեկոյեան, Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակը արժանաւորապէս նշուեցաւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ յարկին տակ հոգեպարար հոգեւոր համերգով մը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան։ Ելոյթ ունեցաւ եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբը, խմբավարութեամբ դպրապետ Բարշ. Երուանդ Սրկ. Քէշիշեանի։ Ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, […]

Ընդունելութիւն՝ Ի Պատիւ Հայաստանի Արհեստագիտական Արդիւնաբերութեան Նախարարին

Ուրբաթ, 31 Մայիս 2019-ին, հիւրընկալութեամբ Հայաստանի Հիւպատոս՝ Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանին, Հայաստանի Հիւպատոսարանէն ներս ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ Հայաստանի Արհեստագիտական Արդիւնաբերութեան նախարար՝ Տիար Յակոբ Արշակեանին։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ գտնուեցաւ սոյն ընդունելութեան եւ փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները։ Ներկայ էին համայնքի կազմակերպութեանց եւ Կլենտէյլի քաղաքապետութենէն ներկայացուցիչներ։

Ամերիկեան Դրոշմաթուղթի Հրապարակում՝ Ի Պատիւ Էլլատա Չախոյեանի 45-Ամեայ Երաժշտական Վաստակին

Երեքշաբթի 28 Մայիս 2019-ին, կազմակերպութեամբ «Վահան Միրաքեան» եւ «Արփա» ընկերակցութիւններուն, Կլենտէյլի «Ալէկրօ» ճաշարանին մէջ յատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի վաստակաւոր արտիստ, միջազգային հանրային սոփրանօ եւ բազմաթիւ մրցանակներու դափնեկիր՝ Էլլատա Չախոյեանին 45-ամեայ գործունէութեան ի պատիւ դրոշմաթուղթի հրապարակման առթիւ։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան եւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի […]

Ս. Պատարագ եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Աւանդական Ճաշկերոյթը Համբարձման Տօնին Առիթով

Հինգշաբթի, 30 Մայիս 2019ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը նշուեցաւ Ս. Պատարագով եւ ճաշկերոյթով։ Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն։ Պատարագեց եւ քարոզեց Նորթ Հոլիվուտի Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան, որ կանգ առաւ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

Կիրակի, 2 Յունիս 2019-ը Յինանց եօթներորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Երկրորդ Ծաղկազարդ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր […]

Հանգիստ՝ Տ. Մուշեղ Աւ. Քհնյ. Գալուստեանի

Ուրբաթ, 24 Մայիս 2019-ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի մեծ ընտանիքը գուժեց վախճանումը Տ. Մուշեղ Աւ․ Քհնյ. Տէր Գալուստեանի։ Տէր Մուշեղ 28 տարի ծառայեց իբրեւ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։ Ան նախապէս ծառայած էր Րէյսինի (Ուիսքանսըն) Ս. Յակոբ եւ Ուուսթըրի (Մէսէչուսէց) Ս. Երրորդութիւն ծխական համայնքներուն։ Յանուն Թեմիս Հոգեւոր Դասուն, Կրօնական Ժողովին եւ Ազգային […]

Հանրապետական Մաղթանք եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 101-Ամեակին Առիթով

Կիրակի, 26 Մայիս 2019-ին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Հանրապետական Մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն կատարուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 101-ամեակին առիթով։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ Հանրապետական Մաղթանքի արարողութեան, կատարեց եռագոյն դրօշի օրհնութիւնը եւ ուղղեց իր պատգամը։ «Ուրախ Լեր» շարականին երգեցողութեամբ, եռագոյն դրօշը թափօրով […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022