2019 Լուրերու Արխիւ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետի Կարգ»ի Շքանշանով Պարգեւատրեց Տիկ. Մէթթի Տումանեանը
Շաբաթ, 26 Յունուար 2019-ի երեկոյեան, յարգելով Կաթողիկոսարանի եւ Թռչնոց Բոյնի, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Արեւմտեան մեր Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի բարերարներէն Տոքթ. Գրիգոր Տումանեանի յիշատակը, Ն.buy fluoxetine online https://gaetzpharmacy.com/fluoxetine.html no prescription Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետի կարգ»ի շքանշանով պարգեւատրեց անոր այրին՝ Տիկ. Մէթթի Տումանեանը։ Պարգեւատրման ներկայ էին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. […]
Քրեսենթա Հովիտ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Տարեկան Ճաշկերոյթ
Հովանաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ կազմակերպութեամբ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան, Ուրբաթ, 25 Յունուար 2019-ի երեկոյեան, Թահանկայի «Օրորա» ճաշասրահին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ 13-րդ տարեկան ճաշկերոյթը։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ձեռնարկին ներկայ եղաւ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան։ Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան փոխ ատենապետ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, շրջանին […]
Ողջունահանդէս՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի Նոր Գիրքին
Հովանաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ կազմակերպութեամբ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ մայր տաճարի հոգաբարձութեան, Չորեքշաբթի, 6 Փետրուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, տաճարի կից Թումանեան սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի վերջերս հրատարակուած «Essays On Biblical Concepts and Social Issues» գիրքի շնորհահանդէսր։ Գիրքը կ’արծարծէ Աստուածաշնչական եւ ընկերաբանական հարցեր։ Գիրքը պիտի ներկայացնեն Արժ. Տ. […]
Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ անունակոչութեան տօնակատարութիւն
Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծուխը Շաբաթ, 19 եւ Կիրակի, 20 Յունուարին ապրեցաւ կրկնակիօրէն պատմական ու յիշատակելի շաբաթավերջ մը, որ նուիրուած էր եկեղեցւոյ անունակոչութեան տօնին։ Եկեղեցւոյ հովիւն ու ծխական մարմինը այս տարի գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էին առաջին անգամ ըլլալով Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնը նշել աւանդական մթնոլորտի մէջ, զայն կոչելով «հերիսայի օր»։ Անուանակոչութեան տօնին նուիրուած արարողութիւններն […]
Մասնակցութիւն Լոս Անճելըս Գաւառի Ոստիկանապետութեան Հրաւիրած՝ Հոգեւոր
Չորեքշաբթի, 23 Յունուար, 2019-ին, Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետութեան Կրօնական եւ Կամաւոր Ծառայութեան բաժանմունքը կազմակերպած էր ծանօթացման հանդիպում մը, հրաւիրելով ասնաւորաբար բանտարկեալներուն հոգեւոր մատակարարութիւն մատուցող հոգեւորականներ ու ծառայողներ։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, Բարշ. Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեան ներկայ եղաւ հանդիպումին։ Խօսք առին ոստիկանապետութեան տարբեր բաժանմունքներու ներկայացուցիչներ, որոնք գնահատանքով արտայայտուեցան բանտարկեալներուն ծառայութիւն մատուցողներուն աշխատանքին մասին եւ ներկայացուցին բարենորոգչական […]
Հրանդ Տինքի Սպանութեան 12-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ոգեկոչական Ձեռնարկ եւ Հոգեհանգիստ
Նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան, Կիրակի, 20 Յունուար 2019-ին, նշուեցաւ Հրանդ Տինքի նահատակութեան 12րդ տարելիցը։ Կէսօրէ ետք, ժամը 2-ին, Մոնթեպելլոյի նահատակաց յուշարձանին առջեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Երեկոյեան, միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ մը. յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։ Բացման խօսքը արտասանեց միութեան մշակութային յանձնախումբի ատենապետ Տոքթ. […]
Աշխարհահռչակ Տուտուկահար Ջիւան Գասպարեանի Ծննդեան 90-րդ Տարեդարձի Տօնախմբում
Կիրակի, 20 Յունուար 2019-ին, աշխարհահռչակ տուտուկահար Ջիւան Գասպարեանի 90-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնախմբութիւն մը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ, ուր առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրուեցաւ անուանի արուեստագէտին կեանքին մասին վաւերագրական տեսաերիզ մը։ Նոյն առիթով, Երկուշաբթի, 21 Յունուարի երեկոյեան, ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ Պըրպէնքի «Արպաթ» ճաշասրահին մէջ։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Արժ. Տէր Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան […]
Անծին Մանուկներու Յիշատակի Արարողութիւն
Իւրաքանչիւր տարուան Յունուարին, Լոս Անճելըսի կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Our Lady of the Angels» տաճարին մէջ տեղի կ’ունենայ յիշատակումի յատուկ արարողութիւն եւ մոմավառութիւն, ի յարգանս արհեստական վիժումի հետեւանքով անծին մանուկներուն: Այս տարի, արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 19 Յունուար 2019-ին, նախագահութեամբ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Լոս Անճելըսի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Հոզէ Արք. Կոմէզին: Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, արարողութեան ներկայ եղան […]
«Ապրող Սփիւռք»ի Ձեռնարկ
Շաբաթ, 19 Յունուար 2019-ին, Եու. Սի. Էլ. Էյ. համալսարանի յարկին տակ տեղի ունեցաւ Melkonian Global Overture-ի կազմակերպած՝ «Ապրող Սփիւռք» խորագիրով միօրեայ ձեռնարկը, որուն գլխաւոր նպատակն էր նեցուկ կանգնիլ համալսարանի «Նարեկացի» հայագիտական ամպիոնին, որ այս տարէ կը նշէ իր 50-ամեակը։ Յայտագիրը կ’ընդգրկէր վաւերագրական կարճ ժապաւէնի մրցոյթ, զրոյց, ապա երգահանդէս մը, նուիրուած Հայոց լեզուին եւ արմատներուն։ Նախաձեռնութեան […]
Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Նախագահէ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնակատարութեան
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան շաբաթավերջին պիտի այցելէ Լաս Վեկասի մեր ծխական համայնքը, նախագահելու համար Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնակատարութեան։ Յիշեցնենք, որ 14 Յունուար 2019-ին, մեր եկեղեցին նշեց Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնը. այս առիթով, Կիրակի, 13 Յունուարին, Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնակատարութեան։ Տօնակատարութիւնը պիտի սկսի Շաբաթ, 19 […]
Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնակատարութիւն
Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին 14 Յունուար 2019-ին նշեց Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ։ Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր.buy clomiphene online https://pridedentaloffice.com/wp-content/languages/new/clomiphene.html no prescription Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 13 Յունուարին, Ս. Պատարագ մատուցեց, յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ մատաղի օրհնութիւն կատարեց եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին […]
Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան Ներկայացուցիչները Այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան
Հաւատարիմ մնալով տարիներու բարի աւանդութեան, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ Աւօ եղբայր Գապաքչուզեանի, Երեքշաբթի, 15 Յունուար 2019-ին, ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով շնորհաւորանքի այցելութեան մը եկան Ազգային Առաջնորդարան եւ «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Հանդիպումին ներկայ եղան Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Լիբանանի Թեմի Ազգ. Վարչութեան Ատենապետին Այցելութիւնը
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 11 Յունուրար 2019-ի յետմիջօրէին, Ազգային Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Րաֆֆի Սիսլեանի։ Հանդիպումին ներկայ եղան Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիար Կայծակ Զէյթլեան եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան։ Այցելութիւնը առիթ եղաւ միջ-թեմական գործակցութեան շուրջ խորհրդակցութեան։ Առաջնորդ Սրբազանն ու […]
Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղցեւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով
Հայց. Առաքելական Եկեղեցին Երկուշաբթի, 14 Յունուար 2019-ին պիտի նշէ Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ ու Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ։ Կիրակի, 13 Յունուարին, որ նաեւ տօնն է մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի անուանակոչութեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ Ս. Կարապետ […]
Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան Նշանակուեցաւ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ
Ուրախ ենք յայտնելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին ու մասնաւորաբար Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ ծխական համայնքին, որ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով եւ Խառն Ժողովի որոշումով, Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան նշանակուած է Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։ Տ. Արսէն Քահանայ Նորթ Հոլիվուտի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի առաքելութիւնը պիտի ստանձնէ […]