2016 Լուրերու Արխիւ
Շաբաթական Լուրեր – 21 Հոկտեմբեր 2016
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ – ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՅ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ Կիրակի, 23 Հոկտեմբեր 2016-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը: Նոյն օրը, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի ծրագիրը։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի […]
Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Եպիսկոպոսաց Ժողով
Չորեքշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2016ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Առաջնորդներու Խորհուրդը, յանձինս Հայ Առաքելական, Ղըպտի Ուղղափառ եւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցիներու, իր հերթական ժողովը գումարեց Ս. Ղեւոնդեանց տաճարին մէջ՝ Պըրպէնք, քննարկելու համար յառաջիկայ տարուան ծրագիրներն ու միացեալ աշխատանքներու ոլորտները։ Ժողովը կը գլխաւորուէր Առաջնորդ Սրբազան Հայրեր՝ Ատենապետ Գերշ. Տ. Սրաբիոն Եպս.-ի (Ղըպտի Ուղղափառ), Թեմիս բարեջան […]
Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիսապետեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին – Աւագութեան Տիտղոս Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեանի – Սրբոց Թարգմանչաց Տօնակարութիւն
Կիրակի, 16 Հոկտեմբեր 2016-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, Աւագութեան տիտղոս շնորհեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեանին եւ օրուան յատուկ հոգեւոր պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն: Ներկայ էին եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամներն ու հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: Ս. Պատարագը մատուցանեց Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեան: […]
Ազգ. Առաջնորդարանի Բանտային Սպասարկութեան Պատասխանատուն կը Մասնակցի Կամաւորներու Հերթական Ժողովին
Երեքշաբթի, 18 Հոկտեմբեր 2016ին, Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետի գրասենեակի Կրօնական եւ Կամաւոր Ծառայութեան բաժանմունքը կազմակերպած էր հերթական հանդիպում-ժողովը, որ տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի «Twin Towers» բանտին մէջ։ Ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ Ազգային Առաջնորդարանի բանտային սպասարկութեան պատասխանատուն՝ Բարեշնորհ Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեանը, որ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, տարիներէ ի վեր հոգեւոր ծառայութիւն […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Հայ Դատի Յանձնախումբի Տարեկան Ճաշկերոյթին
Կիրակի, 16 Հոկտեմբեր 2016ի երեկոյեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ Հայ Դատի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Յանձնախումբի ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ «Ուէսթըն Պանըվէնչըր» պանդոկին մէջ: Ներկայ էին պետական անձնաւորութիւններ, հայկական կազմակերպութեանց ու միութեանց պատասխանատուներ ու ղեկավարներ, բարերարներ եւ բարեկամներ: Ձեռնարկը սկսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքով: Իր խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը […]
«Ծառայութեան Տարուան» Առիթով Ազգ. Առաջնորդարանը կը Պատուէ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Մեծ Ընտանիքը
«Ծառայութեան Տարուան» առիթով, ու մեր Թեմին ծառայողները գնահատելու նախաձեռնութեանց ծիրին մէջ, Արեւմտեան Թեմիս Ազգային Առաջնորդարանը Շաբաթ, 15 Հոկտեմբեր 2016ին կազմակերպած էր յատուկ ճաշկերոյթ մը, ի պատիւ ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան ու անոր նուիրեալ ծառայողներու մեծ ընտանիքին, եւ ի յարգանս կնոջական այս մեծ միութեան վիթխարի ծառայութեան, որ կը մատուցուի մեր ժողովուրդին՝ Հայաստանէն մինչեւ Արցախ […]
Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի Ուսուցչաց Տարեկան Սեմինար
Շաբաթ, 15 Հոկտեմբեր 2016-ին, Թեմիս Ազգային վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը կազմակերպած էր ուսուցիչներու մասնագիտական վերապատրաստութեան տարեկան սեմինարը, որուն կը մասնակցէին մեր Թեմին մէջ գործող հայկական վարժարաններու տնօրէններ, վարիչներ, կրթական պատասխանատուներ եւ ուսուցիչներ։ Սեմինարը տեղի ունեցաւ Նորթրիճի համալսարանին մէջ, հիւրընկալութեամբ համալսարանի հայկական գիտութիւններու բաժանմունքին։ Սեմինարի ընթացքին տրուեցան մասնագիտական դասախօսութիւններ, քննարկելով՝ կիրարական մանկավարժութեան եւ դաստիարակութեան հարցերը տարբեր տարիքի […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչներուն Այցելութիւնը
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2016ի երեկոյեան, ընդունեց Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեանի, քաղաքական ներկայացուցիչ Տիար Աւետիք Իզմիրլեանի եւ քարտուղար Տիար Մարտիկ Կապուտեանի այցելութիւնը։ Շնորհաւորական փոխադարձ մաղթանքներէ ետք՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր վերընտրութեան եւ Կեդրոնական Կոմիտէի նոր կազմի ընտրութեան առիթներով, հանդիպման ընթացքին գոհունակութիւն արձանագրուեցաւ […]
Վեհափառ Հայրապետի Գահակալութեան 20-ամեակի Յանձնախումբերու Հանդիպում Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ Վեհափառ Հայրապետի այցելութեան կազմակերպիչ յանձնախումբի համա-ատենապետներ՝ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Տեարք Խաժակ Տիքիճեանի, Վահէ Եագուպեանի եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեանի հրաւէրով, Երեքշաբթի, 11 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յանձնախումբերու զեկուցական հանդիպում մը: Ներկայ էին 20-ամեակի […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի Շրջանային Վարչութեան Ներկայացուցիչները
Չորեքշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2016ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներուն։ Այցելութեան նպատակն էր նախ՝ շնորհակալութիւն յայտնել Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Հովուապետական ծառայութեան 20-ամեակին նուիրուած երիտասարդութեան հետ հանդիպում ձեռնարկի կազմակերպումը իրենց վստահելուն համար, ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութեան Ներկայացուցիչներուն Այցելութիւնը
Երեքշաբթի, 11 Հոկտեմբեր 2016ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութեան ներկայացուցիչներուն, որոնց հետ ունեցաւ սրտբաց հանդիպում եւ այժմէական հարցերու շուրջ խորհրդակցութիւն: Ներկայացուցիչները՝ Խնամակալ Մարմինի փոխ-ատենապետ Տոքթ. Յակոբ Այնթապլեան, գործադիր տնօրէն Տիար Թոմիկ Ալեքսանեան, խորհրդական Իրաւաբան Ալպէր Աբգարեան եւ Կեդրոնական Վարչութեան նախագահ Տիար Յովիկ […]
Ժողովրդային Հաւաք եւ Աղօթք՝ Հալէպի Համար
Հալէպի ապահովութեան վիճակին վատթարացման ու նախորդ շաբաթուան ընթացքին ինկած զոհերու տխուր իրողութեան դիմաց, Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գործադիր Մարմինը Երկուշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2016ի երեկոյեան կազմակերպած էր ժողովրդային հաւաք մը, աղօթք բարձրացնելու զոհերուն յիշատակին եւ բողոքելու անմեղ քաղաքացիներուն վրայ գործադրուող վայրագութեանց դէմ: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ հաւաքին, ընկերակցութեամբ Գերպ.buy kamagra polo online […]
Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին Մեծ Շուքով Նշեց Օծման 50-ամեակը
Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքը աւելի քան 50 տարիներ վայելած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր շունչն ու հովանին, շնորհիւ բոյլ մը անձնուէր ու տեսլապաշտ հայորդիներու։ 1966-ին էր, երբ ծխական այս համայնքը օժտուեցաւ հայկական իւրայատուկ ոճով կառուցուած գեղեցիկ եկեղեցիով մը: Եկեղեցւոյ 50րդ տարեդարձին առթիւ, հոգեւոր հովիւը՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց Միութիւնը եւ 50-ամեակի […]
Մեծարանքի Ճաշկերոյթ Ի Պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի՝ Գահակալութեան 20-ամեակին Առիթով
– ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԻՇԽԱՆԻ ԵՒ ԱՍՊԵՏԻ ՇՔԱՆՇԱՆՆԵՐ՝ ՀԻՆԳ ԱԶԳԱՅԻՆՆԵՐՈՒ – ՄԵԾԱԳՈՒՄԱՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ «ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»ԻՆ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի մեծ ընտանիքը Կիրակի, 2 Հոկտեմբեր 2016ի երեկոյեան, մեծարանքի ճաշկերոյթով մը պատուեց Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը՝ գահակալութեան 20-ամեակին առիթով, մեր Թեմին տուած շնորհաբեր այցելութեան իբրեւ վերջին հաւաքական նախաձեռնութիւն: Մեծարանքի ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ «Քալիֆորնիա Քլապ»ի […]